Loading...

Zechariah 6

Haggai  «  Zechariah 5  ‹  Zechariah 6  ›  Zechariah 7  »  Malachi


ՉՈՐՍ ԿԱՌՔԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

1

Դարձեալ աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ ահա՛ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէր. լեռները պղինձէ լեռներ էին։

2

Առաջին կառքին շէկ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր,

3

երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր, եւ չորրորդ կառքին՝ գորշախայտ ու շառագոյն ձիեր։

4

1Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, իմ տէ՛րս»։

5

Հրեշտակը ինծի պատասխանեց. «Ասոնք ամբողջ 2երկրագունդի Տէրոջ ներկայութենէն դուրս կ’ելլեն դէպի երկինքի չորս հովերը։

6

Սեւ ձիերը՝ որ այդ կառքին լծուած են, դուրս կ’ելլեն դէպի հիւսիսի երկիրը. ճերմակները անոնց ետեւէն դուրս կ’ելլեն դէպի արեւմուտք, իսկ գորշախայտները դուրս կ’ելլեն դէպի հարաւի երկիրը»։

7

Երբ շառագոյնները դուրս ելան, 3կ’ուզէին երթալ ու երկրագունդին վրայ շրջիլ։ Ան ալ ըսաւ. «Գացէ՛ք, շրջեցէ՛ք երկրագունդին վրայ»։ Ուստի անոնք երկրագունդին վրայ շրջեցան։

8

Յետոյ ան ինծի աղաղակեց եւ ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, դէպի հիւսիսի երկիրը դուրս ելլողները իմ հոգիս հանգստացուցին հիւսիսի երկրին մէջ»։


ՀՐԱՄԱՆ ՅԵՍՈՒՆ ՊՍԱԿԵԼՈՒ

9

Դարձեալ 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

10

«Ընծանե՛ր առ տարագրութենէն վերադարձողներէն՝ Հեղդայէ, Տուբիայէ ու Յեդայիայէ, եւ նոյն օրը գնա՛ ու մտի՛ր Սոփոնիայի որդիին Յովսիայի տունը՝ ուր անոնք Բաբելոնէն հասած են։

11

Արծաթ ու ոսկի առնելով պսակնե՛ր շինէ, դի՛ր քահանայապետին՝ Յովսեդեկեան Յեսուի գլուխը,

12

եւ ըսէ՛ անոր. “Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ այն մարդը՝ որուն անունը Շառաւիղ է. Ան իր տեղին մէջ պիտի բուսնի, Եւ Տէրոջ տաճարը պիտի կառուցանէ։

13

Ի՛նք պիտի կառուցանէ Տէրոջ տաճարը, Փառաւորութիւն պիտի 5հագնի, Եւ իր գահին վրայ բազմելով պիտի տիրէ։ Իր գահին վրայ քահանայ ալ պիտի ըլլայ, Ու երկուքին միջեւ խաղաղութեան 6խորհուրդ պիտի ըլլայ"”»։

14

«Պսակները Հելէմի, Տուբիայի եւ Յեդայիայի, ու Սոփոնիայի որդիին՝ Հէնի պիտի ըլլան, Տէրոջ տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։

15

Հեռու եղողները պիտի գան եւ Տէրոջ 7տաճարը պիտի կառուցանեն, ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկած է։ Ասիկա պիտի ըլլայ, եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձայնը»։



1 Եբր.՝ Պատասխանեցի եւ ինծի
2 Եբր.՝ երկրին
3 Եբր.՝ կը փնտռէին
4 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
5 Եբր.՝ կրէ
6 Կամ՝ որոշում
7 Եբր.՝ տաճարին մէջ