Loading...

Zechariah 7

Haggai  «  Zechariah 6  ‹  Zechariah 7  ›  Zechariah 8  »  Malachi


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ԿԵՂԾ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

1

Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարին, իններորդ ամսուան՝ այսինքն Քասղեւի չորրորդ օրը, Տէրոջ խօսքը Զաքարիայի 1ուղղուեցաւ,

2

երբ Սարասար, Ռեկէմ-Մելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէսզի Տէրոջ առջեւ պաղատին,

3

ու զօրքերու Տէրոջ տան մէջ եղող քահանաներուն եւ մարգարէներուն ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուան մէջ լա՞մ՝ 2իմ անձս զրկելով՝՝, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։

4

Այն ատեն զօրքերու 3Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

5

«Այս երկրին ամբողջ ժողովուրդին եւ քահանաներուն ըսէ՛. “Այս եօթանասուն տարիները, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիսներուն մէջ ծոմ կը պահէիք եւ կը հեծեծէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմ կը պահէիք։

6

Ու երբ կ’ուտէիք եւ կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։

7

Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը՝ որ Տէրը նախկին մարգարէներուն 4միջոցով յայտարարեց, երբ Երուսաղէմ եւ անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու անդորր էին, եւ հարաւն ու դաշտագետինը բնակուած էին”»։


ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՔՍՈՐԻ ՊԱՏՃԱՌ

8

5Տէրը խօսեցաւ՝՝ Զաքարիայի՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.

9

6Արդա՛ր դատ վարեցէք՝՝, եւ կարեկցութեա՛մբ ու գթութեա՛մբ վարուեցէք իրարու հետ։

10

Այրին եւ որբը, գաղթականն ու դժբախտը մի՛ հարստահարէք։ Ձեր սիրտին մէջ իրարու դէմ չարութիւն մի՛ մտածէք”»։

11

Բայց անոնք մերժեցին ուշադիր ըլլալ, հապա իրենց ուսը ըմբոստացուցին եւ ականջը ծանրացուցին՝ որպէսզի չլսեն։

12

Իրենց սիրտը ադամանդի պէս 7կարծրացուցին, որպէսզի չլսեն այն օրէնքն ու խօսքերը՝ որ զօրքերու Տէրը իր Հոգիով անոնց ղրկեց՝ նախկին մարգարէներուն միջոցով։ Հետեւաբար զօրքերու 8Տէրը մեծապէս զայրացաւ՝՝։

13

«Ինչպէս ինք 9գոչեց եւ անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք գոչեցին ու ես մտիկ չըրի,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը.—

14

հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ մրրիկով ցրուեցի, եւ անոնց ետեւէն երկիրը ամայացաւ, այնպէս որ ո՛չ 10գացող կար, ո՛չ ալ 11եկող. այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ ես զիս անջատելով
3 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
4 Եբր.՝ ձեռքով
5 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
6 Եբր.՝ Ճշմարի՛տ դատաստան դատեցէք
7 Եբր.՝ ըրին
8 Եբր.՝ Տէրոջմէն մեծ զայրոյթ եղաւ
9 Կամ՝ կանչեց
10 Եբր.՝ անցնող
11 Եբր.՝ դարձող