Zechariah 8
Haggai « Zechariah 7 ‹ Zechariah 8 › Zechariah 9 » Malachi
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ
1Դարձեալ զօրքերու 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Սիոնի համար 2չափազանց նախանձախնդիր եղայ՝՝. անոր համար մեծ ցասումով նախանձախնդիր եղայ”»։
3«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Սիոնի վերադարձած եմ, ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ. Երուսաղէմ "Ճշմարտութեան քաղաք" պիտի կոչուի, եւ զօրքերու Տէրոջ լեռը՝ "Սուրբ լեռ"”»։
4«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ դարձեալ ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, իւրաքանչիւրը ձեռքը ունենալով իր ցուպը՝ 3յառաջացած տարիքի՝՝ պատճառով։
5Քաղաքին հրապարակները տղեկներով եւ աղջնակներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան”»։
6«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Եթէ այդ օրերը ասիկա 4դժուար թուի՝՝ այս ժողովուրդին մնացորդին, միթէ ինծի՞ ալ դժուար պիտի թուի”, կը պատգամէ զօրքերու Տէրը»։
7«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ իմ ժողովուրդս պիտի փրկեմ արեւելեան երկրէն եւ արեւմտեան երկրէն.
8զանոնք պիտի բերեմ, ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակին։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ”։»
9«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք՝ որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերանէն, որոնք խօսեցան զօրքերու Տէրոջ տան հիմնադրութեան օրը, որպէսզի տաճարը կառուցանուի։
10Արդարեւ այդ օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար եւ անասունի համար վարձք չկար, ու տագնապին պատճառով՝ ելլողին եւ մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանի ես բոլոր մարդիկը իրարու դէմ արձակեր էի։
11Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ նախկին օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։
12Արդարեւ 5սերմանումը արդիւնաւոր՝՝ պիտի ըլլայ. որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ, գետինը իր արգասիքը պիտի տայ, երկինքը իր ցօղը պիտի տայ, եւ այս բոլորը այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։
13Ինչպէս դուք 6ազգերուն մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տունը եւ Իսրայէլի տունը, այնպէս ձեզ պիտի փրկեմ, եւ օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան”»։
14«Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ինչպէս խորհեցայ ձեզի չարիք ընել, երբ ձեր հայրերը զիս զայրացուցին,— կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը,— ու չհրաժարեցայ,
15այնպէս եւ այս օրերը որոշեցի դարձեալ բարիք ընել Երուսաղէմի ու Յուդայի տան. մի՛ վախնաք։
16Ահա՛ւասիկ ձեր ընելիքները.— ճշմարտութի՛ւնը խօսեցէք իրարու հետ, 7արդարութեա՛մբ եւ խաղաղութեա՛մբ 8դատ վարեցէք՝՝ ձեր դռներուն մէջ.
17ձեր սիրտին մէջ իրարու դէմ չարութիւն մի՛ մտածէք, ու 9սուտ երդումը մի՛ սիրէք. արդարեւ ես այս բոլորը կ’ատեմ”», կը պատգամէ Տէրը։
18Դարձեալ զօրքերու 10Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
19«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Չորրորդ ամսուան ծոմը, հինգերորդին ծոմը, եօթներորդին ծոմն ու տասներորդին ծոմը Յուդայի տան բերկրանք, ուրախութիւն եւ զուարթալից հանդիսաւոր տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութի՛ւնն ու խաղաղութի՛ւնը սիրեցէք”»։
20«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Դարձեալ ժողովուրդներ եւ շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։
21Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. "Եկէ՛ք, երթանք Տէրոջ առջեւ պաղատելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու. ես ալ պիտի երթամ"։
22Ուստի շատ ժողովուրդներ ու հզօր ազգեր պիտի գան՝ Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու եւ Տէրոջ առջեւ պաղատելու”»։
23«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այդ օրերը՝ ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնէ, այսինքն Հրեայ եղող մէկու մը քղանցքը պիտի բռնեն եւ ըսեն. "Ձեզի հետ երթանք, քանի որ լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է"”»։