Loading...

Zechariah 9

Haggai  «  Zechariah 8  ‹  Zechariah 9  ›  Zechariah 10  »  Malachi


ԴՐԱՑԻ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

1

Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջ խօսքին պատգամը.— Դամասկոս 1անոր հանգստավայրը պիտի ըլլայ. (Քանի որ Տէրոջ աչքը մարդոց Եւ Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն 2կը նայի՝՝.)

2

Եմաթ ալ անոր սահմանակից է, Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն, թէեւ շատ իմաստուն են։

3

Տիւրոս իրեն 3ամրոց կառուցանեց. Արծաթը հողի պէս դիզեց, Եւ ընտիր ոսկին՝ փողոցներու ցեխին պէս։

4

Ահա՛ Տէրը 4անոր պիտի տիրանայ՝՝, Անոր ոյժը ծովուն մէջ պիտի 5նետէ, Եւ ան կրակով պիտի սպառի։

5

Ասկաղոն պիտի տեսնէ ու վախնայ. Գազա ալ, ու մեծապէս 6պիտի տանջուի՝՝. Ակկարոն ալ, քանի իր յոյսը 7պարապ պիտի ելլէ՝՝։ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի, Եւ Ասկաղոն 8բնակիչ պիտի չունենայ՝՝։

6

Ազովտոսի մէջ 9օտարազգի պիտի բնակի, Ու Փղշտացիներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ջնջեմ.

7

Անոնց արիւնը իրենց բերանէն պիտի վերցնեմ, Եւ անոնց պղծութիւնները՝ իրենց ակռաներուն մէջէն. Իսկ ո՛վ որ մնայ՝ ինք ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ, Յուդայի մէջ պետի պէս պիտի ըլլայ, Եւ Ակկարոն՝ Յեբուսացիի պէս։

8

Իմ տանս շուրջը պիտի բանակիմ՝ 10Գացող ու եկող՝՝ զօրքին պատճառով. Անգա՛մ մըն ալ անոնց մէջէն ճնշող պիտի չանցնի, Որովհետեւ հիմա իմ աչքերովս կը 11հսկեմ։


ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

9

Մե՛ծապէս խայտա, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, Ցնծութեա՛մբ գոչէ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա՛ Թագաւորդ քեզի կու գայ. Ան արդար է, ու փրկիչ. Հեզ է, եւ իշու վրայ հեծած, Իշու ձագի՝ աւանակի վրայ։

10

Եփրեմէն կառքը պիտի ջնջեմ, Ու Երուսաղէմէն՝ ձին. Պատերազմին աղեղը պիտի կոտրտուի, Եւ ան խաղաղութիւն պիտի յայտարարէ 12ազգերուն. Անոր տէրութիւնը ծովէ ծով պիտի ըլլայ, Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

11

Քեզի ալ սա՛ ըրի. քեզի հետ արիւնով կնքուած ուխտին պատճառով՝ Քու բանտարկեալներդ ջուր չունեցող գուբէն արձակեցի։

12

Ամրո՛ցը վերադարձէք, ո՛վ յոյսի բանտարկեալներ. Ես այսօր իսկ կը յայտարարեմ Թէ քեզի կրկնապատիկ պիտի հատուցանեմ,

13

Որովհետեւ Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ, Ու Եփրեմով աղեղս պիտի լեցնեմ. Քու որդիներդ, ո՛վ Սիոն, Պիտի գրգռեմ քու որդիներուդ դէմ ո՛վ Յունաստան, Եւ քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։

14

Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ, Անոր նետը փայլակի պէս պիտի 13ժայթքէ. Տէրը՝ Եհովան շեփոր պիտի հնչեցնէ, Ու հարաւի մրրիկներով պիտի շրջի։

15

Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ, Եւ անոնք պիտի սպառեն, Պարսաքարերով պիտի նուաճեն. Պիտի խմեն ու 14գինովի պէս՝՝ պիտի գոռան. Անոնք կոնքի պէս պիտի լեցուին, Զոհասեղանին անկիւններուն պէս։

16

Այդ օրը Տէրը՝ անոնց Աստուածը Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ, Քանի որ անոր 15երկրին վրայ պիտի 16փայլին՝ 17թագի քարերու պէս։

17

Արդարեւ ի՜նչ մեծ է անոր բարութիւնը, ի՜նչ մեծ է անոր գեղեցկութիւնը. Ցորենը երիտասարդները պիտի մեծցնէ, ու քաղցուն՝ կոյսերը։



1 Այսինքն՝ Տէրոջ խօսքին
2 Եբր.՝ վրայ է
3 Եբր.՝ պատնէշ
4 Կամ՝ զայն պիտի վտարէ
5 Եբր.՝ զարնէ
6 Եբր.՝ երկունքի ցաւ պիտի քաշէ
7 Եբր.՝ ամօթահար պիտի ըլլայ
8 Եբր.՝ պիտի չբնակուի
9 Եբր.՝ անհարազատ, կամ՝ խառնածին
10 Եբր.՝Անցնող ու դարձող
11 Եբր.՝ նայիմ
12 Կամ՝ հեթանոսներուն
13 Եբր.՝ դուրս ելլէ
14 Եբր.՝ որպէս թէ գինիով
15 Եբր.՝ հողին
16 Կամ՝ բարձրանան
17 Եբր.՝ պսակի