Loading...

Zechariah 10

Haggai  «  Zechariah 9  ‹  Zechariah 10  ›  Zechariah 11  »  Malachi


ԱՍՏՈՒԱԾ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

1

Տէրոջմէ՛ն անձրեւ խնդրեցէք Վերջին անձրեւին ատենը. Տէ՛րը փայլակներ պիտի պատրաստէ Եւ 1առատ անձրեւ՝՝ տայ 2ձեզի, Ու բոյս՝ իւրաքանչիւրին արտին մէջ։

2

Արդարեւ 3ընտանեկան կուռքերը՝՝ ունայնութիւն խօսեցան, Դիւթերը ստութիւն տեսան Եւ սնոտի երազներ պատմեցին. Զուր տեղը կը մխիթարեն։ Հետեւաբար ժողովուրդը 4հօտերու պէս մեկնեցաւ՝՝, Հովիւ չըլլալուն համար տառապեցաւ։

3

«Հովիւներուն դէմ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, Ու նոխազները պիտի 5պատժեմ. Արդարեւ զօրքերու Տէրը պիտի այցելէ իր հօտին՝ Յուդայի տան, Եւ զանոնք պատերազմի մէջ իր հեծած փառաւոր ձիուն պէս պիտի ընէ։

4

Անկէ պիտի ելլէ 6անկիւնը, անկէ՝ 7բեւեռը, Անկէ՝ պատերազմի աղեղը, Բոլոր ճնշողները միասին։

5

Անոնք պատերազմի մէջ զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան, Որոնք թշնամին կը կոխկռտեն փողոցներու ցեխին մէջ. Անոնք պիտի պայքարին, Քանի որ Տէրը իրենց հետ պիտի ըլլայ. Ձիերու վրայ հեծնողները ամօթահար պիտի ըլլան։

6

Յուդայի տունը պիտի զօրացնեմ, Յովսէփի տունը պիտի փրկեմ, Ու զանոնք 8պիտի վերահաստատեմ՝՝, Քանի որ անոնց գթացի. Անոնք այնպէս պիտի ըլլան՝ Որպէս թէ զանոնք մերժած չէի. Արդարեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը, Եւ անոնց պիտի պատասխանեմ։

7

Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ. Անոնց սիրտը պիտի ուրախանայ՝ որպէս թէ գինիով. Անոնց որդիներն ալ պիտի տեսնեն եւ ուրախանան։. Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի խայտայ։

8

Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ, Որովհետեւ զանոնք փրկեցի. Անոնք պիտի բազմանան՝ ինչպէս բազմացած էին։

9

Զանոնք ժողովուրդներու մէջ պիտի 9ցրուեմ, Սակայն հեռաւոր տեղերու մէջ զիս պիտի յիշեն. Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին, եւ պիտի վերադառնան։

10

Եգիպտոսի երկրէն պիտի վերադարձնեմ զանոնք, Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ զանոնք, Ու Գաղաադի երկիրը Եւ Լիբանան պիտի բերեմ զանոնք, Ու բաւական տեղ պիտի չգտնուի անոնց համար։

11

Ծովէն տագնապով պիտի անցնի, Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ. 10Գետին բոլոր խորխորատները պիտի ցամքին, Ասորեստանի ամբարտաւանութիւնը պիտի իջնէ, Ու Եգիպտոսի մականը պիտի 11վերցուի։

12

Զանոնք Տէրոջմով պիտի զօրացնեմ, Եւ անոր անունով պիտի ընթանան», կը պատգամէ Տէրը։



1 Եբր.՝ անձրեւի տեղատարափներ
2 Եբր.՝ անոնց
3 Եբր.՝ թերափիմները
4 Եբր.՝ հօտերու պէս մեկնեցան
5 Եբր.՝ հատուցանեմ
6 Այսինքն՝ իշխանաւորը
7 Այսինքն՝ գլխաւորը
8 Եբր.՝ դարձեալ պիտի բնակեցնեմ
9 Եբր.՝ ցանեմ
10 Կամ՝ Նեղոսի
11 Եբր.՝ հեռանայ