Loading...

Zechariah 11

Haggai  «  Zechariah 10  ‹  Zechariah 11  ›  Zechariah 12  »  Malachi


ԲՌՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿՈՒՄԸ

1

Բա՛ց դռներդ, ո՛վ Լիբանան, Որ կրակը մայրիներդ սպառէ։

2

Գոռա՛, եղեւի՛ն, Քանի որ մայրին ինկաւ, Ու երեւելիները կործանեցան։ Գոռացէ՛ք, ո՛վ Բասանի կաղնիներ, Որովհետեւ անմատչելի անտառը 1տապալեցաւ։

3

Հովիւներուն գոռումի ձայնը կը լսուի, Քանի որ անոնց փառքը չքացաւ։ Առիւծի կորիւններուն մռնչիւնի ձայնը կը լսուի, Որովհետեւ Յորդանանի ամբարտաւանութիւնը չքացաւ։


ԵՐԿՈՒ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ

4

Տէրը՝ իմ Աստուածս սա՛ կը յայտարարէ. «Արածէ՛ սպանդանոցի վերապահուած ոչխարները,

5

Որոնց 2սեփականատէրերը զանոնք կը սպաննեն Ու յանցաւոր չեն 3սեպուիր։ Զանոնք ծախողները կ’ըսեն. “Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ որ հարստացայ”, Իսկ անոնց հովիւները անոնց վրայ չեն արգահատիր։

6

Արդարեւ ա՛լ պիտի չխնայեմ երկրի բնակիչներուն,— կը պատգամէ Տէրը,— Հապա ահա՛ մարդիկը պիտի մատնեմ իրարու ձեռքը Եւ իրենց թագաւորին ձեռքը. Երկիրը պիտի ջախջախեն, Եւ անոնց ձեռքէն պիտի չազատեմ»։

7

Ուստի սպանդանոցի վերապահուած ոչխարները արածեցի, Այսինքն՝ հօտին դժբախտները։ Ինծի երկու գաւազան առի. Մէկը կոչեցի. “4Գեղեցկութիւն”, Միւսը կոչեցի. “5Կապեր”, Ու ոչխարները արածեցի։

8

Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ անհետացուցի. Իմ անձս 6անոնցմէ վհատեցաւ, Անոնց անձն ալ ինձմէ գանեցաւ։

9

Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ. Մեռնողը թող մեռնի, Անհետացողը թող անհետանայ, Իսկ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։

10

Գեղեցկութիւն կոչած գաւազանս առի եւ զայն կոտրեցի, Որպէսզի բոլոր ժողովուրդներուն հետ կնքած ուխտս խզեմ։

11

Այդ նոյն օրը ան խզուեցաւ, Եւ 7ինծի սպասող՝՝ հօտին դժբախտները 8Հաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջ խօսքն է։

12

Յետոյ անոնց ըսի. «Եթէ 9ձեզի հաճելի կը թուի՝՝, վճարեցէ՛ք իմ վարձքս, Թէ ոչ՝ հրաժարեցէ՛ք»։ Ուստի իմ վարձքիս համար երեսուն կտոր արծաթ կշռեցին։

13

Տէրը ինծի ըսաւ. «Զայն 10բրուտի՛ն նետէ. Ասիկա հոյակապ գին մըն է, Որով անոնք զիս 11գնահատեցին»։ Երեսուն արծաթի կտորները առի, Ու զանոնք Տէրոջ տունը՝ բրուտին նետեցի։

14

Յետոյ Կապեր կոչած միւս գաւազանս կոտրեցի, Որպէսզի Յուդայի եւ Իսրայէլի միջեւ եղող եղբայրութիւնը խզեմ։

15

Տէրը ինծի ըսաւ. «Դա՛րձեալ առ քեզի յիմար հովիւի մը առարկաները.

16

Արդարեւ ահա՛ երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ՝ Որ անհետացողները պիտի չխնամէ, 12Ցրուածը պիտի չփնտռէ, 13Վիրաւորուածը պիտի չբուժէ, 14Առողջը պիտի չկերակրէ, Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ Եւ անոնց կճղակները պիտի կոտրէ։

17

Վա՜յ ունայնութեան հովիւին՝ որ հօտը կը լքէ. Սուրը անոր 15բազուկն ու աջ աչքը պիտի զարնէ՝՝, Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ, Եւ աջ աչքը բոլորովին պիտի մթագնի»։



1 Եբր.՝ իջաւ
2 Կամ՝ գնողները
3 Եբր.՝ ըլլար
4 Եբր.՝ Ախորժութիւն
5 Եբր.՝ Լարեր
6 Այսինքն՝ ոչխարներէն
7 Եբր.՝ զիս դիտող
8 Կամ՝ Այսպէս
9 Եբր.՝ ձեր աչքերուն լաւ է
10 Կամ՝ գանձարա՛նը
11 Եբր.՝ թանկարժէք ըրին
12 Եբր.՝ Տղեկը
13 Եբր.՝ Կոտրածը
14 Եբր.՝ Կայնածը
15 Եբր.՝ բազոււկին եւ աջ աչքին վրայ պիտի ըլլայ