Loading...

Zechariah 12

Haggai  «  Zechariah 11  ‹  Zechariah 12  ›  Zechariah 13  »  Malachi


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՊԱԳԱՅ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

1

Իսրայէլի մասին Տէրոջ խօսքին պատգամը.— Երկինքը սփռող ու երկիրը հիմնադրող, Եւ մարդուն հոգին անոր մէջ 1ստեղծող Տէրը սա՛ կը պատգամէ.

2

«Ահա՛ ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ժողովուրդներուն Թմրութեան գաւաթ պիտի ընեմ. Ան նաեւ Յուդայի համար պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարումի ընթացքին։

3

Այդ օրը Երուսաղէմը ծանր քար պիտի ընեմ Բոլոր ժողովուրդներուն համար. Բոլոր անոնք որ անով կը ծանրաբեռնուին՝ բոլորովին պիտի 2ջախջախուին, Թէեւ երկրի բոլոր ազգերը անոր դէմ հաւաքուին։

4

Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ, Եւ անոր հեծեալը՝ խելագարութեամբ։ Յուդայի տան վրայ աչքերս պիտի բանամ՝ Երբ ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ զարնեմ։

5

Յուդայի պետերը իրենց սիրտին մէջ պիտի ըսեն. “Երուսաղէմի բնակիչները 3մեր զօրութիւնն՝՝ են Զօրքերու Տէրոջմով՝ իրենց Աստուծմով”»։

6

«Այդ օրը՝ Յուդայի պետերը Կրակի 4վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ, Ու հրավառ ջահի պէս՝ որաներու մէջ։ Անոնք աջ կողմէն եւ ձախ կողմէն Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի սպառեն, Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի 5կենայ՝ Երուսաղէմի մէջ։

7

Տէրը նախ Յուդայի վրանները պիտի փրկէ, Որպէսզի Դաւիթի տան պարծանքը Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն պարծանքը Յուդայի դէմ 6չհպարտանան։

8

Այդ օրը Տէրը Երուսաղէմի բնակիչները պիտի պաշտպանէ. Անոնց մէջ 7տկար եղողը՝՝ այդ օրը Դաւիթի պէս պիտի ըլլայ, Եւ Դաւիթի տունը՝ Աստուծոյ պէս, Տէրոջ հրեշտակին պէս պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։

9

Այդ օրը՝ Երուսաղէմի դէմ եկող բոլոր ազգերը Բնաջնջելու 8հետամուտ պիտի ըլլամ՝՝։

10

Դաւիթի տան վրայ Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ Շնորհքի եւ աղաչանքի հոգին պիտի թափեմ, Եւ անոնք պիտի նային ինծի՝ իրենց խոցածին. Անոր վրայ պիտի հեծեծեն՝ մէկ հատիկ զաւակի վրայ հեծեծելու պէս, Անոր վրայ 9դառնապէս պիտի լան՝՝, ինչպէս անդրանիկ զաւակի վրայ դառնապէս կու լան։

11

Այդ օրը մեծ կոծ պիտի ըլլայ Երուսաղէմի մէջ, Ադադ-Ռեմոնի կոծին պէս՝ Մակեդդովի հովիտին մէջ։

12

Երկիրը պիտի հեծեծէ, Ամէն գերդաստան՝ առանձին. Դաւիթի տան գերդաստանը՝ առանձին, Եւ անոնց կիները՝ առանձին. Նաթանի տան գերդաստանը՝ առանձին, Եւ անոնց կիները՝ առանձին.

13

Ղեւիի տան գերդաստանը՝ առանձին, Եւ անոնց կիները՝ առանձին. Սեմէիի գերդաստանը՝ առանձին, Եւ անոնց կիները՝ առանձին.

14

Բոլոր մնացած գերդաստաններէն ամէն գերդաստան՝ առանձին, Եւ անոնց կիները՝ առանձին»։



1 Եբր.՝ ձեւակերպող
2 Եբր.՝ կտրատուին
3 Եբր.՝ իմ զօրութիւնս
4 Եբր.՝ կրակարանի
5 Կամ՝ բնակուի
6 Եբր.՝ իրենք զիրենք չմեծցնեն
7 Եբր.՝ գայթողը
8 Եբր.՝ պիտի փնտռեմ
9 Եբր.՝ պիտի դառնանան