Loading...

Zechariah 13

Haggai  «  Zechariah 12  ‹  Zechariah 13  ›  Zechariah 14  »  Malachi


1

Այդ օրը աղբիւր մը պիտի 1բխի Դաւիթի տան ու Երուսաղէմի բնակիչներուն համար, 2Որպէսզի մեղքէն ու կեղտէն մաքրուին՝՝։

2

«Այդ օրը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, Եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չյիշատակուին։ Անոնց մարգարէներն ու 3պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի 4հանեմ։

3

Հետեւաբար եթէ մէկը դարձեալ մարգարէանայ, Զինք ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն. “Պիտի չապրիս, քանի որ Տէրոջ անունով սուտ կը խօսիս”. Ուստի անոր մարգարէացած ատենը՝ Զինք ծնանող հայրն ու մայրը զայն պիտի խոցեն։

4

Այդ օրը մարգարէները պիտի ամչնան՝ իւրաքանչիւրը իր տեսիլքէն, Երբ մարգարէանան. Ա՛լ մազոտ վերարկու պիտի չհագնին՝ 5խաբելու համար,

5

Հապա անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ըսէ. “Ես մարգարէ չեմ. ես հողամշակ եմ, Քանի որ իմ երիտասարդութենէս ի վեր 6ստացուածք ունիմ՝՝”։

6

Երբ անոր ըսուի. “Ի՞նչ են այս վէրքերը՝ ձեռքերուդ 7վրայ”, Ինք պիտի պատասխանէ. “8Ասոնք ընդունած վէրքերս են՝՝ իմ 9բարեկամներուս տան մէջ”»։

7

«Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ, Իմ 10ընկերս եղող 11մարդուն դէմ,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը.— Զա՛րկ հովիւը, որ ոչխարները ցրուին, Եւ իմ ձեռքս փոքրերուն դէմ դարձնեմ»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՈՎԻՒԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՆ

8

«Ամբողջ երկրին մէջ,— կը պատգամէ Տէրը,— Երկու 12երրորդը անոր մէջ պիտի կոտորուի ու 13պիտի մեռնի՝՝, Բայց մէկ երրորդը պիտի մնայ անոր մէջ։

9

Այդ մէկ երրորդը 14կրակէն պիտի անցընեմ՝՝. Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի. Զանոնք պիտի փորձարկեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձարկուի։ Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն, Ու ես անոնց պիտի պատասխանեմ։ Ես պիտի ըսեմ. “Ան իմ ժողովուրդս է”. Անոնք ալ պիտի ըսեն. “Տէրը 15մեր Աստուածն՝՝ է”»։



1 Եբր.՝ բացուի
2 Եբր.՝ Մեղքի համար ու կեղտի համար
3 Եբր.՝ անմաքուր
4 Եբր.՝ անցընեմ
5 Եբր.՝ խարդախելու
6 Եբր.՝ մարդ մը զիս ստացաւ
7 Եբր.՝ մէջտեղը
8 Եբր.՝ Անոնցմով վիրաւորուեցայ
9 Եբր.՝ սիրելիներուս
10 Եբր.՝ դրացիս
11 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
12 Եբր.՝ բերան
13 Եբր.՝ շունչ պիտի տայ
14 Եբր.՝ կրակին մէջ պիտի մտցնեմ
15 Եբր.՝ իմ Աստուածս