Zechariah 14
Haggai « Zechariah 13 ‹ Zechariah 14 › Malachi 1 » Malachi
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԵՒ ԱԶԳԵՐԸ
1Ահա՛ Տէրոջ օրը կու գայ, Եւ աւարդ պիտի բաժնուի քու մէջդ։
2Արդարեւ բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ Երուսաղէմի դէմ՝ պատերազմի համար. Քաղաքը պիտի գրաւուի, Տուները պիտի կողոպտուին, Կիները պիտի լլկուին, Ու քաղաքին կէսը տարագրութեան պիտի 1երթայ, Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չբնաջնջուի։
3Ապա Տէրը դուրս պիտի ելլէ, Եւ պիտի պայքարի այդ ազգերուն դէմ, Ինչպէս պատերազմին օրը պայքարեցաւ։
4Այդ օրը անոր ոտքերը Պիտի կենան Ձիթենիներու լերան վրայ, Որ Երուսաղէմի դիմաց է՝ դէպի արեւելք։ Ձիթենիներու լեռը կէսէն պիտի ճեղքուի՝ դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք, Եւ յոյժ մեծ ձոր մը պիտի գոյանայ. Լերան կէսը դէպի հիւսիս պիտի հեռանայ, 2Միւս կէսը՝ դէպի հարաւ,
5Ու դուք Լեռներուն ձորէն պիտի փախչիք, Քանի որ Լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։ Դուք պիտի փախչիք՝ ինչպէս երկրաշարժէն փախաք Յուդայի թագաւորին՝ Ոզիայի օրերը։ Յետոյ Տէրը՝ իմ Աստուածս պիտի գայ 3Իր բոլոր սուրբերով՝՝։
6Այդ օրը լոյս պիտի չըլլայ, 4Հապա՝ ցուրտ ու սառ՝՝։
7Ատիկա Տէրոջմէն գիտցուած միակ օր մը պիտի ըլլայ, Ո՛չ ցերեկ, ո՛չ ալ գիշեր. Սակայն իրիկուան ատենը լոյս պիտի ըլլայ։
8Այդ օրը Երուսաղէմէն կենարար ջուրեր պիտի 5հոսին, Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը. Ամառ ու ձմեռ այդպէս պիտի ըլլայ։
9Տէրը ամբողջ 6երկրագունդին վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ. Այդ օրը մէ՛կ Տէր պիտի ըլլայ, անոր անունն ալ՝ մէկ։
10Ամբողջ երկիրը դաշտի պիտի վերածուի՝ Գաբաայէն մինչեւ Ռեմոն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։ 7Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ եւ իր տեղը մնայ՝ Բենիամինի դռնէն մինչեւ Առաջին դրան տեղը, մինչեւ Անկիւնի դուռը, Անանայէլի աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։
11Հոն պիտի բնակին, ու հոն անգա՛մ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ. Երուսաղէմ ապահովութեան մէջ պիտի 8մնայ։
12Ահա՛ւասիկ այն պատուհասը, Որով Տէրը պիտի զարնէ բոլոր ժողովուրդները՝ Որոնք Երուսաղէմի դէմ պատերազմեցան.— Անոնց մարմինը պիտի 9մաշի՝ մինչ ոտքի վրայ կեցած են, Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի մաշին, Անոնց լեզուն անոնց բերանին մէջ պիտի մաշի։
13Այդ օրը անոնց մէջ Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն. Իրարու ձեռք պիտի բռնեն, Եւ իրարու դէմ ձեռք պիտի վերցնեն։
14Յուդա ալ պիտի պայքարի Երուսաղէմի 10մէջ, Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն 11հարստութիւնը՝ Ոսկի, արծաթ եւ հագուստներ՝ մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուի։
15Ձիուն, ջորիին, ուղտին, իշուն, Եւ այդ բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն պատուհասը՝ Նոյն պատուհասին պէս պիտի ըլլայ։
16Երուսաղէմի դէմ եկած բոլոր ազգերուն բոլոր մնացորդները Ամէն տարի պիտի բարձրանան Թագաւորին՝ զօրքերու Տէրոջ երկրպագելու, Եւ Տաղաւարներու տօնը կատարելու։
17Երկրի գերդաստաններէն ո՛վ որ Երուսաղէմ չբարձրանայ Թագաւորին՝ զօրքերու Տէրոջ երկրպագելու, Անոր վրայ տեղատարափ պիտի չըլլայ։
18Եթէ Եգիպտացիներուն գերդաստանը չբարձրանայ ու չգայ, (Որոնք անձրեւ չունին,) Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն պատուհասը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը՝ Որոնք չեն բարձրանար Տաղաւարներու տօնը կատարելու։
19Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի մեղքին պատիժը, Եւ Տաղաւարներու տօնը կատարելու չբարձրացող բոլոր ազգերուն մեղքին պատիժը։
20Այդ օրը՝ ձիերուն 12երասանակներուն վրայ պիտի 13գրուի. «Տէրոջ 14ընծայուած», Եւ Տէրոջ տան մէջ՝ կաթսաները Զոհասեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։
21Երուսաղէմի մէջ ու Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ Զօրքերու Տէրոջ ընծայուած պիտի ըլլայ. Բոլոր զոհ մատուցանողները պիտի գան, Անոնցմէ պիտի առնեն եւ անոնց մէջ եփեն։ Այդ օրը ա՛լ 15վաճառական պիտի չըլլայ զօրքերու Տէրոջ տան մէջ։