Loading...

Zephaniah 2

Habakkuk  «  Zephaniah 1  ‹  Zephaniah 2  ›  Zephaniah 3  »  Haggai


ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ ՄԸ

1

Հաւաքուեցէ՛ք, հաւաքուեցէ՛ք, Ո՛վ 1անամօթ ազգ,

2

Դեռ հրամանը 2չիրագործուած, Օրը մղեղի պէս 3չքշուած, Դեռ Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջ բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած։

3

Տէ՛րը փնտռեցէք, ո՛վ երկրի բոլոր հեզերը, Դո՛ւք՝ որ անոր 4դատավճիռը կը գործադրէք։ Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, հեզութի՛ւն փնտռեցէք. Թերեւս Տէրոջ բարկութեան օրը 5պատսպարուիք։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՇՐՋԱԿԱՅ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ

4

Արդարեւ Գազա պիտի լքուի, Ասկաղոն պիտի ամայանայ, Ազովտոս կէսօրին պիտի վռնտուի, Եւ Ակկարոն արմատախիլ պիտի ըլլայ։

5

Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին. Ո՛վ Փղշտացիներու երկիրը՝ Քանան, Տէրոջ խօսքը քեզի դէմ է, Քեզ պիտի կործանեմ, որպէսզի ա՛լ բնակիչ չունենաս։

6

Ծովեզերքը պիտի 6վերածուի արօտավայրերու, հովիւներու գետնափոր բնակարաններու, Եւ հօտերու փարախներու։

7

Ծովեզերքը Յուդայի տան մնացորդին պիտի ըլլայ. Հոն պիտի արածին, Իրիկունը Ասկաղոնի տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանի որ Տէրը՝ անոնց Աստուածը իրենց պիտի այցելէ, Ու զիրենք գերութենէն պիտի վերադարձնէ։

8

Մովաբի նախատինքը Եւ Ամմոնի որդիներուն բամբասանքը լսեցի. Անոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին, Ու 7տարածուեցան անոր հողամասէն խլելով՝՝։

9

Հետեւաբար Իսրայէլի Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը սա՛ կը պատգամէ. «Ես կ’ապրի՛մ. Մովաբ անշո՛ւշտ Սոդոմի պէս պիտի ըլլայ, Եւ Ամմոնի որդիները՝ Գոմորի պէս.— 8Եղիճներու կալուած, աղի հանք, Ու յաւիտենական ամայութիւն։ Իմ ժողովուրդիս ճողոպրածները զանոնք պիտի կողոպտեն, Իմ ազգիս մնացորդը զանոնք պիտի ժառանգէ։

10

Ասիկա անոնց ամբարտաւանութեան համար պիտի ըլլայ, Քանի որ անոնք զօրքերու Տէրոջ ժողովուրդը նախատեցին, Եւ անոր դէմ 9հպարտացան։

11

Տէրը անոնց հանդէպ ահարկու պիտի ըլլայ, Որովհետեւ երկրի բոլոր աստուածները պիտի 10բնաջնջէ, Եւ ազգերուն բոլոր կղզիները պիտի երկրպագեն իրեն, Իւրաքանչիւրը իր տեղը։

12

Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ, Իմ սուրովս պիտի խոցուիք»։

13

Ան իր ձեռքը դէպի հիւսիս պիտի երկարէ Եւ Ասորեստանը պիտի կործանէ. Նինուէն ամայութեան պիտի 11վերածէ, Անապատի պէս անջրդի երկրի.

14

Անոր մէջ հօտեր պիտի պառկին, Ազգերուն բոլոր գազանները. Հաւալուսնը եւ ոզնին ալ Անոր խոյակներուն 12վրայ պիտի գիշերեն։ Պատուհաններէն 13ճռուողիւնի ձայն պիտի լսուի՝՝, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանի որ մայրիի փայտէ գերանները պիտի 14քակուին։

15

Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ հրճուալից քաղաքը, որ ապահովութեամբ կը բնակէր, Եւ իր սիրտին մէջ կ’ըսէր. “Ե՛ս եմ, եւ ինձմէ զատ ո՛չ մէկը կայ”։ Ի՜նչպէս ամայութիւն ու գազաններու որջ եղաւ. Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ եւ ձեռքը շարժէ։



1 Եբր.՝ անփափաքելի
2 Եբր.՝ չծնած
3 Եբր.՝ չանցած
4 Կամ՝ կանոնը
5 Եբր.՝ ծածկուիք
6 Եբր.՝ ըլլայ
7 Եբր.՝ մեծցան անոնց հողամասին դէմ
8 Փշոտ թուփ մը
9 Եբր.՝ մեծցան
10 Եբր.՝ նիհարցնէ
11 Եբր.՝ ընէ
12 Կամ՝ միջեւ
13 Եբր.՝ ձայն պիտի երգէ
14 Եբր.՝ մերկացնէ