Loading...

Zephaniah 3

Habakkuk  «  Zephaniah 2  ‹  Zephaniah 3  ›  Haggai 1  »  Haggai


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

1

Վա՜յ ըմբոստ ու պիղծ քաղաքին, Կեղեքող քաղաքին։

2

Խօսքը մտիկ չըրաւ, խրատը չընդունեց, Տէրոջ չվստահեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։

3

Անոր իշխանաւորները իր մէջ մռնչող առիւծներ են, Անոր դատաւորները իրիկուան գայլեր են, Որոնք 1ոչինչ կը թողուն՝՝ մինչեւ առտու։

4

Անոր մարգարէները սնապարծ ու անհաւատարիմ մարդիկ են. Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին Եւ օրէնքը բռնաբարեցին։

5

Արդար Տէրը անոր մէջ է, Ան անիրաւութիւն չի գործեր. 2Ամէն առտու՝՝ իր դատաստանը 3երեւան կը հանէ՝՝ ու չի թերանար, Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։

6

«Ազգերը բնաջնջեցի, Անոնց աշտարակները աւերուեցան. Անոնց փողոցները անապատ ըրի, Որ ո՛չ մէկ անցորդ ըլլայ։ Անոնց քաղաքները քարուքանդ եղան. Ա՛լ մարդ չկայ, ո՛չ ալ բնակիչ։

7

Ես ըսի. “Եթէ ինձմէ վախնաս Ու խրատ ընդունիս, 4Բնակավայրդ պիտի չբնաջնջուի, Որչափ ալ 5քեզ 6պատժած ըլլամ”։ Սակայն անոնք կանուխ ելան, Եւ իրենց բոլոր արարքները ապականեցին»։

8

«Ուրեմն սպասեցէ՛ք ինծի,— կը պատգամէ Տէրը,— Մինչեւ այն օրը՝ երբ 7որսի համար ոտքի ելլեմ։ Արդարեւ դատավճիռս է ազգերը հաւաքել, Թագաւորութիւնները 8համախմբել, Որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս թափեմ, Իմ ամբողջ բորբոքած բարկութիւնս. Արդարեւ ամբողջ երկիրը իմ նախանձախնդրութեանս կրակով պիտի սպառի։

9

Արդարեւ այն ատեն ժողովուրդներուն շրթունքները՝ Մաքուր շրթունքներու պիտի փոխեմ, Որպէսզի բոլորը Տէրոջ անունը կանչեն Ու մէկ 9սիրտով զայն պաշտեն։

10

Եթովպիայի գետերուն միւս կողմէն՝ Ինծի թախանձողները — իմ ցրուածներուս աղջիկը — Իմ ընծաս պիտի բերեն»։

11

«Այդ օրը պիտի չամչնաս քու բոլոր արարքներուդ համար՝ Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար, Քանի որ այն ատեն քու մէջէդ պիտի վերցնեմ քու յոխորտանքովդ հրճուողները, Եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չխրոխտանաս իմ սուրբ լերանս վրայ։

12

Քու մէջդ դժբախտ ու չքաւոր ժողովուրդ մը պիտի թողում իբր մնացորդ, Եւ անոնք Տէրոջ անունին պիտի ապաւինին։

13

Իսրայէլի մնացորդը անիրաւութիւն պիտի չգործէ Ու սուտ պիտի չխօսի, Անոնց բերանին մէջ խաբեբայ լեզու պիտի չգտնուի. Հապա անոնք պիտի արածին եւ ապահովութեամբ պառկին, Ո՛չ մէկը զանոնք պիտի դողացնէ»։


ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

14

«Ցնծա՛, ո՛վ Սիոնի աղջիկ, Գոչէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, Ուրախացի՛ր եւ հրճուէ՛ ամբողջ սիրտով, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ.

15

Տէրը քու 10դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը — Տէրը — քու մէջդ է, Անգա՛մ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։

16

Այդ օրը Երուսաղէմի պիտի ըսուի. “Մի՛ վախնար, Սիո՛ն. Ձեռքերդ թող չթուլնան։

17

Տէրը՝ քու Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Ի՛նք քեզ պիտի փրկէ. Քեզի համար ուրախութեամբ պիտի բերկրի, Իր սիրոյն մէջ 11հանդարտ պիտի կենայ, Եւ քեզմով ցնծութեամբ պիտի խայտայ”։

18

Պիտի հաւաքեմ քեզմէ եղողները, Որոնք տրտմած էին՝ հանդիսաւոր տօներէն զրկուելով, Ու նախատինքը անոնց վրայ բեռ էր։

19

Ահա՛ այն ատեն ես պիտի 12պատժեմ բոլոր քեզ տառապեցնողները. Կաղը պիտի ազատեմ, աքսորուածը պիտի հաւաքեմ, Ու զանոնք գովելի եւ անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ՝ ուր 13նախատինք կրեր էին։

20

Այդ ատեն ձեզ պիտի 14վերադարձնեմ, Այդ ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ, Որովհետեւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի եւ գովելի պիտի դարձնեմ, Երբ ձեզ գերութենէն վերադարձնեմ ձեր աչքերուն առջեւ», կը յայտարարէ Տէրը։



1 Եբր.՝ չեն կրծեր
2 Եբր.՝ Առտուէ առտու
3 Եբր.՝ լոյսին կը դնէ
4 Եբր.՝ Անոր բնակավայրը
5 Եբր.՝ զայն
6 Եբր.՝ հատուցանած
7 Կամ՝ վկայութեան, կամ՝ ազդարարութեան
8 Եբր.՝ ժողվել
9 Եբր.՝ ուսով
10 Եբր.՝ դատավճիռդ
11 Եբր.՝ լուռ
12 Եբր.՝ հատուցում ընեմ
13 Եբր.՝ ամօթ
14 Եբր.՝ բերեմ