2 Chronicles 18
1 Chronicles « 2 Chronicles 17 ‹ 2 Chronicles 18 › 2 Chronicles 19 » Ezra
ՄԻՔԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՔԱԱԲԸ (Գ. Թագ. 22. 1-28)
1Յովսափատ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ. նաեւ Աքաաբի խնամի եղաւ։
2Քանի մը տարի ետք Սամարիա իջաւ՝ Աքաաբի քով։ Աքաաբ անոր եւ անոր հետ եղող ժողովուրդին բազմաթիւ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց, եւ զայն համոզեց, որ Ռամովթ- Գաղաադ բարձրանայ։
3Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Ան ալ իրեն պատասխանեց. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս ալ՝ քու ժողովուրդիդ պէս. քեզի հետ պատերազմի կ’երթանք»։
4Ապա Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, 1նախ Տէրո՛ջ խօսքը փնտռէ»։
5Ուստի Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, չորս հարիւր մարդ, եւ անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի դէմ պատերազմելու երթա՞նք, թէ հրաժարիմ»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Բարձրացի՛ր, որովհետեւ Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։
6Սակայն Յովսափատ ըսաւ. «Հոս ուրիշ Տէրոջ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր ալ խորհուրդ հարցնենք»։
7Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի պատասխանեց. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջ խորհուրդ հարցնել. բայց ես զինք կ’ատեմ, քանի որ ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ միշտ չարիք. ան Յեմլայի որդին՝ Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։
8Իսրայէլի թագաւորը պալատական մը կանչեց եւ ըսաւ. «Շուտո՛վ հոս բեր Յեմլայի որդին՝ Միքիան»։
9Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, իրենց շքեղ հագուստները հագած, իւրաքանչիւրը իր գահին վրայ բազմած էր՝ Սամարիայի դրան մուտքի հրապարակին մէջ. բոլոր մարգարէներն ալ անոնց առջեւ կը մարգարէանային։
10Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա իրեն երկաթէ եղջիւրներ շիներ էր, եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ասոնցմո՛վ 2Ասորիները պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք սպառես”»։
11Բոլոր մարգարէներն ալ նոյնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացի՛ր, եւ պիտի յաջողիս. Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։
12Միքիան կանչելու գացող պատգամաւորը անոր ըսաւ. «Ահա՛ բոլոր մարգարէները մէկ բերանով թագաւորին համար բարիք 3գուշակեցին. կ’աղերսե՛մ, քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս թող ըլլայ, ու բարի՛ք գուշակէ»։
13Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։
14Երբ ինք թագաւորին եկաւ, թագաւորը իրեն ըսաւ. «Միքիա՛, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ հրաժարիմ»։ Ինք պատասխանեց. «Բարձրացէ՛ք, եւ պիտի յաջողիք. անոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնուին»։
15Թագաւորը իրեն ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնեցնեմ քեզ, որպէսզի միայն ճշմարիտը ըսես ինծի՝ Տէրոջ անունով»։
16Ինք ալ պատասխանեց. «Ամբողջ Իսրայէլը լեռներու վրայ ցրուած տեսայ՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս, եւ Տէրը ըսաւ. “Ասոնք տէր չունին. ամէն մարդ խաղաղութեամբ իր տունը թող վերադառնայ”»։
17Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ ան ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ չարիք»։
18Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէք։ Տէրը իր գահին վրայ բազմած տեսայ, ու երկինքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը եւ ձախ կողմը կայնած էին։
19Տէրը ըսաւ. “Ո՞վ կրնայ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը հրապուրել, որ Ռամովթ-Գաղաադ բարձրանայ ու 4կորսուի”։ Մէկը ա՛յսպէս պատասխանեց, միւսը՝ այ՛նպէս։
20Ոգի մըն ալ դուրս ելաւ, Տէրոջ ներկայացաւ եւ ըսաւ. “Ե՛ս զայն պիտի հրապուրեմ”։ Տէրը անոր ըսաւ. “Ի՞նչպէս”։
21Ան ալ պատասխանեց. “Դուրս պիտի ելլեմ, եւ անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը 5ստախօս ոգի մը պիտի ըլլամ”։ Տէրը անոր ըսաւ. “Դուն պիտի հրապուրես ու պիտի յաջողիս. դո՛ւրս ելիր, եւ ա՛յդպէս ըրէ”։
22Ուրեմն հիմա ահա՛ Տէրը այս բոլոր մարգարէներուդ բերանը ստախօս ոգի մը դրեր է, ու Տէրը քու մասիդ չարիք խօսեցաւ»։
23Այն ատեն Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա մօտեցաւ, Միքիայի այտին զարկաւ եւ ըսաւ. «Տէրոջ Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս 6հեռացաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։
24Միքիա պատասխանեց. «Ահա՛ պիտի տեսնես այն օրը, երբ պահուըտելու համար սենեակէ սենեակ պիտի երթաս»։
25Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Առէ՛ք Միքիան, 7տարէ՛ք զինք Ամոն քաղաքապետին ու թագաւորին որդիին՝ Յովասի,
26եւ ըսէ՛ք. “Թագաւորը սա՛ կը հրամայէ. "Ասիկա բա՛նտը դրէք, ու անոր տանջանքի՛ հաց կերցուցէք եւ տանջանքի՛ ջուր խմցուցէք՝ մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ 8վերադառնամ"”»։
27Միքիա ալ ըսաւ. «Եթէ բնաւ խաղաղութեամբ վերադառնաս, Տէրը ինձմով խօսած չըլլայ»։ Յետոյ ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, բոլո՛րդ ալ լսեցէք»։
ԱՔԱԱԲԻ ՄԱՀԸ (Գ. Թագ. 22. 29-35)
28Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացան։
29Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Պիտի ծպտուիմ եւ ա՛յդպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն հագի՛ր հագուստդ»։ Իսրայէլի թագաւորը ծպտուեցաւ, ու պատերազմին մէջ մտան։
30Սուրիայի թագաւորը իր կառքերու վերահսկիչներուն պատուիրեր էր. «Պզտիկի կամ մեծի դէմ մի՛ պատերազմիք, հապա միայն Իսրայէլի թագաւորին դէմ»։
31Ուստի երբ կառքերու վերահսկիչները Յովսափատը տեսան, ըսին. «Ասիկա՛ է Իսրայէլի թագաւորը», եւ զինք շրջապատեցին՝ իրեն դէմ պատերազմելու համար։ Յովսափատ ալ աղաղակեց, ու Տէրը իրեն օգնեց. Աստուած զանոնք դրդեց որ իրմէ հեռանան։
32Երբ կառքերու վերահսկիչները տեսան թէ ան Իսրայէլի թագաւորը չէ, 9զայն հետապնդելէն՝՝ վերադարձան։
33Իսկ մարդ մը, 10առանց դիտաւորութեան՝՝, իր աղեղը քաշեց եւ Իսրայէլի թագաւորը 11զրահին օղակներուն մէջէն՝՝ զարկաւ։ Այն ատեն ան իր կառապանին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձո՛ւր ու բանակէն դո՛ւրս հանէ զիս, որովհետեւ վիրաւորուեցայ»։
34Այդ օրը պատերազմը սաստկացաւ. Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն իր կառքին մէջ կեցաւ՝ 12Ասորիներուն դիմաց, եւ արեւին մայր մտած ատենը մեռաւ։