Loading...

2 Chronicles 19

1 Chronicles  «  2 Chronicles 18  ‹  2 Chronicles 19  ›  2 Chronicles 20  »  Ezra


ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ՅՈՎՍԱՓԱՏԸ

1

Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ Երուսաղէմ՝ իր տունը վերադարձաւ։

2

Անանիի որդին՝ Յէու տեսանողը անոր առջեւ 1գնաց, ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ ամբարիշտին օգնէիր, եւ Տէրը ատողները սիրէիր։ Ասոր համար 2Տէրը քեզի դէմ զայրացած է՝՝։

3

Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան, որովհետեւ աստարովթները երկրէն բնաջնջեցիր, ու սիրտդ Աստուած փնտռելու 3տրամադրեցիր»։

4

Յովսափատ Երուսաղէմ կը բնակէր. դարձեալ դուրս ելաւ, ժողովուրդին մէջ շրջեցաւ՝ Բերսաբէէն մինչեւ Եփրեմի լեռը, եւ զանոնք Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն վերադարձուց։

5

Երկրին մէջ դատաւորներ 4նշանակեց, Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ, քաղաքէ քաղաք։

6

Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը վարուիք, քանի որ մարդու համար չէք դատեր, հապա՝ Տէրոջ, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։

7

Ուրեմն հիմա Տէրոջ երկիւղը ձեր վրայ ըլլայ. զգուշութեա՛մբ վարուեցէք, քանի որ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառակերութիւն չկայ»։

8

Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ Ղեւտացիներ, քահանաներ եւ Իսրայէլի նահապետներ նշանակեց՝ Տէրոջ դատաստանին համար, ու 5իրաւունքը պաշտպանելու համար. եւ անոնք Երուսաղէմ վերադարձան՝՝։

9

Անոնց պատուէր տուաւ՝ ըսելով. «Սա՛պէս վարուեցէք՝ Տէրոջ վախով, հաւատարմութեամբ ու կատարեալ սիրտով.

10

երբ իրենց քաղաքները բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ թէ՛ 6արիւնահեղութեան, թէ՛ ալ օրէնքի ու պատուիրանի, կանոններու եւ 7դատավճիռներու մասին՝՝, զանոնք խրատեցէ՛ք՝ որ Տէրոջ դէմ յանցաւոր չըլլան. որպէսզի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ զայրոյթ չըլլայ։ Ա՛յսպէս վարուեցէք, որպէսզի յանցաւոր չըլլաք։

11

Ահա՛ Ամարիա աւագ քահանան ձեր վրայ նշանակուած է Տէրոջ բոլոր գործերուն համար, իսկ թագաւորին բոլոր գործերուն համար՝ Յուդայի տան առաջնորդը, Իսմայէլի որդին՝ Զաբադիա. Ղեւտացիներն ալ ձեր առջեւ ունիք իբր ոստիկան։ Ուժովցէ՛ք եւ ա՛յսպէս վարուեցէք, ու Տէրը բարիին հետ ըլլայ»։



1 Եբր.՝ դուրս ելաւ
2 Եբր.՝ Տէրոջ երեսէն քու վրադ զայրոյթ կայ
3 Եբր.՝ պատրաստեցիր
4 Եբր.՝ կայնեցուց
5 Ոմանք՝ Երուսաղէմի բնակիչները դատելու համար
6 Եբր.՝ արիւնի եւ արիւնի միջեւ, օրէնքի ու պատուիրանի, կանոններու եւ դատաստաններու միջեւ
7 Կամ՝ սովորութիւններու