Loading...

Amos 1

Joel  «  Joel 3  ‹  Amos 1  ›  Amos 2  »  Obadiah


1

Թեկուէի հօտերու տէրերէն Ամովսի խօսքերը, որոնք 1իրեն տեսիլքով հաղորդուեցան՝՝ Իսրայէլի մասին, Յուդայի թագաւորին՝ Ոզիայի օրերը, եւ Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովասի որդիին Յերոբովամի օրերը, երկրաշարժէն երկու տարի առաջ.—

2

ան ըսաւ. «2Տէրը Սիոնէն պիտի 3գոչէ, Երուսաղէմէն իր ձայնը լսել պիտի տայ. Հովիւներուն մարգագետինները սուգ պիտի պահեն, Եւ Կարմեղոսի գագաթը պիտի չորնայ»։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ա- ՍՈԻՐԻԱ

3

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Դամասկոսի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի 4չկասեցնեմ. Արդարեւ անոնք Գաղաադը երկաթէ ցաքաններով ծեծեցին։

4

Ուստի Ազայէլի տան վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ Բենադադի պալատները։

5

Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրեմ, Աւէնի դաշտէն բնակիչը պիտի բնաջնջեմ, Նաեւ 5Բեթեդեմէն մական բռնողը, Ու Սուրիայի ժողովուրդը դէպի Կիր պիտի տարագրուի», կը յայտարարէ Տէրը։


բ- ՊԱՂԵՍՏԻՆ

6

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Գազայի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ անոնք տարագիրները 6զանգուածաբար տարագրեցին, Որպէսզի Եդովմի ձեռքը մատնեն։

7

Ուստի Գազայի պարիսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ անոր պալատները։

8

Ազովտոսէն բնակիչը պիտի բնաջնջեմ, Եւ Ասկաղոնէն՝ մական բռնողը. Իմ ձեռքս Ակկարոնի դէմ պիտի դարձնեմ, Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի», Կը յայտարարէ Տէրը՝ Եհովան։


գ- ԼԻԲԱՆԱՆ

9

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Տիւրոսի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ անոնք տարագիրները զանգուածաբար Եդովմի ձեռքը մատնեցին, Առանց յիշելու եղբայրական ուխտը։

10

Ուստի Տիւրոսի պարիսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ անոր պալատները»։


դ- ԵԴՈՎՄ

11

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Եդովմի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ իր եղբայրը սուրով հետապնդեց՝ Իր գթութիւնը 7զլանալով. Իր բարկութիւնը անդադար բզքտեց, Եւ ցասումը ընդմիշտ պահեց։

12

Ուստի Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որ պիտի սպառէ Բոսրայի պալատները»։


ե- ԱՄՄՈՆ

13

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ամմոնի որդիներուն երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չկասեցնեմ. Արդարեւ Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին, Որպէսզի իրենց հողամասը ընդարձակեն։

14

Ուստի Ռաբբայի պարիսպին վրայ կրակ պիտի 8վառեմ, Որ պիտի սպառէ անոր պալատները։ Ասիկա պիտի ըլլայ պատերազմին օրը՝ գոչիւնով, Փոթորիկին օրը՝ մրրիկով.

15

9Անոնց թագաւորը՝՝ տարագրութեան պիտի երթայ, Ինք եւ իր իշխանաւորները՝ միասին», կը յայտարարէ Տէրը։



1 Եբր.՝ ինք տեսաւ
2 Եբր.՝ Եհովան
3 Եբր.՝ մռնչէ
4 Կամ՝ չհեռացնեմ
5 Այսինքն՝ Եդեմի տունէն
6 Եբր.՝ ամբողջութեամբ
7 Եբր.՝ կտրելով
8 Եբր.՝ բռնկեցնեմ
9 Կամ՝ Մեղքոմը