Daniel 1
Ezekiel « Ezekiel 48 ‹ Daniel 1 › Daniel 2 » Hosea
ԴԱՆԻԷԼԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (1. 1-6. 28) ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
1Յուդայի թագաւորին՝ Յովակիմի թագաւորութեան երրորդ տարին, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զայն պաշարեց։
2Տէրը անոր ձեռքը մատնեց Յուդայի Յովակիմ թագաւորը, եւ Աստուծոյ տան անօթներուն մէկ մասը։ Ան զանոնք Սենաարի երկիրը՝ իր աստուծոյն տունը տարաւ, ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։
3Թագաւորը իր պալատականներու պետին՝ Ասփանէզի ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն — թագաւորական զարմէն եւ մեծամեծներէն — բերէ
4ո՛չ մէկ արատ ունեցող, վայելուչ տեսքով եւ ամէն իմաստութեան 1հմուտ, գիտութեան 2տեղեակ, 3հանճարեղ, ու թագաւորին պալատին մէջ 4պաշտօնավարելու կարողութիւն ունեցող 5տղաներ, եւ անոնց՝ Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն սորվեցնէ։
5Թագաւորը անոնց օրական 6բաժին սահմանեց՝ թագաւորին համեղ ճաշէն եւ իր խմած գինիէն, որպէսզի զանոնք երեք տարի 7սնուցանէ, յետոյ թագաւորին 8պաշտօնեայ ըլլան՝՝։
6Անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն՝ Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիա։
7Պալատականներուն պետը անոնց անուններ դրաւ. Դանիէլի՝ Բաղտասասար անունը դրաւ, Անանիայի՝ Սեդրաք, Միսայէլի՝ Միսաք եւ Ազարիայի՝ Աբեդնագով։
8Դանիէլ 9որոշեց որ թագաւորին համեղ ճաշովն ու անոր խմած գինիով չպղծուի. ուստի պալատականներու պետին թախանձեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։
9Աստուած պալատականներու պետին առջեւ Դանիէլի կարեկցութիւն եւ գթութիւն գտնել տուաւ։
10Պալատականներուն պետը Դանիէլի ըսաւ. «Ես կը վախնամ իմ տիրոջմէս՝ թագաւորէն, որ ձեր ուտելիքն ու խմելիքը սահմանեց. արդարեւ ինչո՛ւ ան ձեր երեսները ձեզի հասակակից եղող միւս տղաներուն երեսներէն աւելի տխուր տեսնէ. թագաւորին առջեւ գլուխս պիտի վտանգէք»։
11Դանիէլ ըսաւ 10վերահսկիչին, որ պալատականներուն պետը Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի եւ Ազարիայի վրայ նշանակեր էր.
12«Կ’աղերսե՛մ, քու ծառաներդ փորձարկէ՛ տասը օր. մեզի ընդեղէն թող տրուի՝ ուտելու համար, եւ ջուր՝ խմելու համար։
13Յետոյ մեր 11դէմքին ու թագաւորին համեղ ճաշը ուտող տղաներուն դէմքին թող նային քու առջեւդ, եւ ինչ որ տեսնես՝ անո՛ր համեմատ վարուէ քու ծառաներուդ հետ»։
14Ան ալ իրենց այս խօսքը մտիկ ըրաւ, ու զանոնք տասը օր փորձարկեց։
15Տասը օր ետք՝ անոնց դէմքը թագաւորին համեղ ճաշը ուտող բոլոր տղաներուն դէմքէն աւելի վայելչագեղ եւ 12գէր երեւցաւ։
16Ուստի վերահսկիչը անոնց համեղ ճաշն ու խմելիք գինին կը վերցնէր, եւ իրենց ընդեղէն կու տար։
17Աստուած այս չորս տղաներուն՝ ամէն գրագրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն եւ ուշիմութիւն տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կ’ըմբռնէր։
1813Երբ լրացան այն օրերը՝ որոնցմէ ետք՝՝ թագաւորը հրամայեր էր որ զանոնք իրեն տանի, պալատականներուն պետը զիրենք Նաբուգոդոնոսորի առջեւ տարաւ։
19Թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ, եւ անոնց բոլորին մէջ ո՛չ մէկը գտնուեցաւ Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի պէս. ուստի անոնք թագաւորին պաշտօնեայ եղան։
20Երբ թագաւորը զանոնք 14հարցաքննեց իմաստութեան եւ խելացութեան վերաբերեալ բոլոր խնդիրներուն մասին, զիրենք իր ամբողջ թագաւորութեան մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու աստղագէտներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։
21Եւ Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին 15պաշտօնավարեց։