Daniel 2
Ezekiel « Daniel 1 ‹ Daniel 2 › Daniel 3 » Hosea
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԱԶԸ
1Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութեան երկրորդ տարին՝ Նաբուգոդոնոսոր երազներ տեսաւ, եւ անոր հոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ։
2Ուստի թագաւորը հրամայեց որ մոգերը, աստղագէտները, կախարդներն ու 1քաղդեաները կանչեն, որպէսզի թագաւորին բացատրեն իր երազները. անոնք ալ եկան եւ թագաւորին առջեւ կայնեցան։
3Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Երազ մը տեսայ, ու հոգիս խռովեցաւ. կ’ուզեմ այդ երազը հասկնալ»։
4Քաղդեաները թագաւորին 2ասորերէն ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեա՛ն ապրէ. ըսէ՛ երազը քու ծառաներուդ, եւ մենք անոր մեկնութիւնը պիտի պարզենք»։
5Թագաւորը պատասխանելով քաղդեաներուն ըսաւ. «3Հրամանը ինձմէ յայտարարուեցաւ. եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի չգիտցնէք, դուք կտոր-կտոր պիտի ըլլաք, եւ ձեր տուները աղբակոյտ պիտի ըլլան։
6Բայց եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի պարզէք, ինձմէ պարգեւներ, ձեռաձիրներ եւ շատ պատիւ պիտի ընդունիք։ Ուրեմն երազն ու անոր մեկնութիւնը պարզեցէ՛ք ինծի»։
7Անոնք երկրորդ անգամ պատասխանելով ըսին. «Թագաւորը թող ըսէ երազը իր ծառաներուն, ու անոր մեկնութիւնը պիտի պարզենք»։
8Թագաւորը պատասխանեց. «Ես ստոյգ գիտեմ թէ դուք կ’ուզէք ժամանակ 4շահիլ, որովհետեւ կը տեսնէք թէ հրամանը ինձմէ յայտարարուած է։
9Բայց եթէ դուք երազը ինծի չգիտցնէք, ձեզի համար մէկ 5վճիռ կայ, քանի որ դուք ձեր մէջ որոշեր էք իմ առջեւս սուտ եւ զեղծ խօսք մը ըսել՝ մինչեւ որ ժամանակը փոխուի։ Ուստի ըսէ՛ք ինծի երազը, որպէսզի գիտնամ թէ պիտի կարենաք անոր մեկնութիւնը պարզել»։
10Քաղդեաները թագաւորին առջեւ պատասխանելով ըսին. «Երկրի վրայ չկայ մարդ մը, որ կարենայ թագաւորին պահանջած բանը պարզել. հետեւաբար ո՛չ մէկ թագաւոր, 6նախարարապետ կամ կառավարիչ այսպիսի բան պահանջած չէ ոեւէ մոգէ, կամ աստղագէտէ, կամ քաղդեայէ։
11Թագաւորին պահանջած բանը հազուագիւտ է. ո՛չ մէկը կայ՝ որ զայն թագաւորին առջեւ պարզէ, բացի աստուածներէն, որոնք մարդկային մարմինի մէջ չեն բնակիր»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԴԱՆԻԷԼԻ ԿԸ ՑՈՒՑՆԷ ԵՐԱԶՆ ՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
12Այս պատճառով թագաւորը սրդողեցաւ եւ յոյժ զայրացաւ, ու հրամայեց որ Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնեն։
13Հրովարտակը 7հրատարակուեցաւ, եւ իմաստունները պիտի մեռցուէին. ուստի փնտռեցին Դանիէլն ու անոր ընկերակիցները, որպէսզի մեռցնեն։
14Այն ատեն Դանիէլ 8խոհեմութեամբ եւ 9ուշիմութեամբ պատասխանեց թագաւորին թիկնապահապետին՝ Արիովքի, որ դուրս ելած էր՝ Բաբելոնի իմաստունները մեռցնելու։
15Թագաւորին ղեկավարին՝ Արիովքի խօսելով ըսաւ. «Ինչո՞ւ այսչափ շտապողական է թագաւորին հրովարտակը»։ Այն ատեն Արիովք բանը Դանիէլի գիտցուց։
16Դանիէլ մտաւ ու թագաւորէն խնդրեց որ իրեն ժամանակ տայ, որպէսզի մեկնութիւնը թագաւորին պարզէ։
17Ապա Դանիէլ իր տունը գնաց, եւ այս բանը իր ընկերակիցներուն՝ Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի գիտցուց,
18որպէսզի այս գաղտնիքին մասին երկինքի Աստուծոյ գթութիւնը խնդրեն, եւ Դանիէլն ու անոր ընկերակիցները Բաբելոնի միւս իմաստուններուն հետ չկորսուին։
19Գաղտնիքը գիշերը՝ տեսիլքի մէջ Դանիէլի յայտնուեցաւ. այն ատեն Դանիէլ երկինքի Աստուածը օրհնեց։
20Դանիէլ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Աստուծոյ անունը օրհնեա՜լ ըլլայ 10դարէ դար՝՝, որովհետեւ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։
21Ի՛նք է ժամանակներն ու 11եղանակները փոխողը, թագաւորներ վար առնողն ու թագաւորներ հաստատողը. ի՛նք իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ, եւ 12հանճարեղներուն՝ գիտութիւն՝՝։
22Խորունկ ու ծածուկ բաները ի՛նք կը յայտնէ, խաւարին մէջ եղածը գիտէ, եւ լոյսը իր քով կը բնակի։
23Ես քեզմէ շնորհակալ եմ ու քեզ կը դրուատեմ, ո՛վ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն եւ զօրութիւն տուիր, ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանի որ թագաւորին պահանջած բանը մեզի գիտցուցիր»։
ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՒ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ
24Ուստի Դանիէլ Արիովքի քով մտաւ, որ թագաւորը նշանակած էր Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնելու համար. գնաց եւ անոր սա՛ ըսաւ. «Բաբելոնի իմաստունները մի՛ կորսնցներ. զիս տա՛ր թագաւորին առջեւ, որ մեկնութիւնը թագաւորին պարզեմ»։
25Այն ատեն Արիովք արտորալով Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարաւ, ու անոր սա՛ ըսաւ. «Յուդայի 13տարագիրներէն 14մարդ մը գտայ, որ մեկնութիւնը պիտի գիտցնէ թագաւորին»։
26Թագաւորը պատասխանելով ըսաւ Դանիէլի, որուն անունը Բաղտասասար դրուած էր. «Դուն կարո՞ղ ես իմ տեսած երազս եւ անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել»։
27Դանիէլ թագաւորին առջեւ պատասխանելով ըսաւ. «Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը՝ իմաստունները, աստղագէտները, մոգերն ու բախտ նայողները չեն կրնար թագաւորին պարզել։
28Բայց երկինքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը գիտցնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի պատահի։ Երազդ եւ անկողինիդ վրայ գլուխիդ տեսիլքը սա՛ է.—
29դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, քու անկողինիդ վրայ կը մտածէիր թէ ասկէ ետք ի՛նչ պիտի պատահի. գաղտնիքները յայտնողը քեզի գիտցուց ինչ որ պիտի պատահի։
30Ինչ կը վերաբերի ինծի, այս գաղտնիքը ինծի յայտնուեցաւ՝ ո՛չ թէ բոլոր ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար, հապա մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու համար, որպէսզի դուն քու սիրտիդ մտածումները գիտնաս։
31«Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, կը նայէիր, եւ ահա՛ մեծ 15արձան մը տեսար։ Այս մեծ արձանը, որուն փառահեղութիւնը արտակարգ էր, քու դիմացդ կայնած էր, եւ անոր տեսքը սարսափելի էր։
32Այս արձանին գլուխը զուտ ոսկիէ էր, անոր կուրծքն ու բազուկները՝ արծաթէ, 16փորը եւ ազդրերը՝ պղինձէ,
33սրունքները՝ երկաթէ, իսկ ոտքերուն մէկ մասը՝ կաւէ։
34Դուն կը նայէիր՝ մինչեւ որ քար մը անջատուեցաւ առանց ձեռքի, այդ արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ, եւ զանոնք փշրեց։
35Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին միասին փշրուեցան, եւ ամառուան կալերուն թեփին պէս եղան. հովը զանոնք 17քշեց տարաւ՝՝, եւ ո՛չ մէկ տեղ գտնուեցաւ անոնց 18հետքը. իսկ արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ, եւ ամբողջ երկիրը լեցուց։
36Ա՛յս է երազը, ու թագաւորին առջեւ անոր մեկնութիւնը պիտի ըսենք։
37«Դուն, ո՛վ թագաւոր, թագաւորներու թագաւոր ես, որովհետեւ երկինքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, ոյժ ու պատիւ տուեր է։
38Մարդոց որդիները, դաշտի գազաններն ու երկինքի թռչունները քու ձեռքդ յանձներ է՝ իրենց բնակած բոլոր տեղերուն մէջ, եւ քեզի տիրել տուեր է անոնց բոլորին վրայ. դո՛ւն ես այդ ոսկիէ գլուխը։
39Քեզմէ ետք ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ՝ քեզմէ ցած, եւ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը՝ պղինձէ, որ ամբողջ երկրին պիտի տիրէ։
40Չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ. ինչպէս երկաթը ամէն ինչ կը փշրէ ու կը մանրէ, ան ալ փշրելով պիտի կոտրէ՝ այս բոլորը կոտրող երկաթին պէս։
41Քանի տեսար թէ ոտքերուն եւ մատներուն մէկ մասը բրուտի կաւէ է, ու միւս մասը՝ երկաթէ, այդ թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէն բաժին պիտի ունենայ, որովհետեւ երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։
42Ոտքերու մատներուն մէկ մասը երկաթէ եւ միւս մասը կաւէ ըլլալը կը նշանակէ թէ այդ թագաւորութեան մէկ մասը ամուր պիտի ըլլայ, իսկ միւս մասը՝ դիւրաբեկ։
43Քանի տեսար թէ երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած է, անոնք մարդոց զարմին հետ պիտի խառնուին, բայց իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չի խառնուիր։
44«Այդ թագաւորներուն օրերը՝ երկինքի Աստուածը թագաւորութիւն մը պիտի հաստատէ, որ երբեք պիտի չկործանի, եւ այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Ան այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու բնաջնջէ, եւ ինք յաւիտեան պիտի մնայ,
45ինչպէս դուն տեսար թէ լեռնէն քար մը անջատուեցաւ՝ առանց ձեռքի, ու երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթը եւ ոսկին փշրեց։ Մեծ Աստուածը թագաւորին գիտցուց ինչ որ ասկէ ետք պիտի պատահի. երազը ստոյգ է, եւ անոր մեկնութիւնը՝ վստահելի»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՎԱՐՁԱՏՐԷ ԴԱՆԻԷԼԸ
46Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր երեսին վրայ ինկաւ եւ Դանիէլի երկրպագեց, ու հրամայեց որ ընծայ եւ անոյշ հոտեր 19մատուցանեն անոր։
47Թագաւորը Դանիէլի պատասխանելով ըսաւ. «Ճշմարտապէս ձե՛ր Աստուածն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն Տէրը. ի՛նքն է գաղտնիքները յայտնողը, քանի որ դուն կրցար այս գաղտնիքը յայտնել»։
48Ուստի թագաւորը մեծցուց Դանիէլը, եւ անոր բազմաթիւ մեծ պարգեւներ տուաւ. նաեւ զայն Բաբելոնի ամբողջ գաւառին վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն վրայ նախարարապետ նշանակեց։
49Դանիէլ թագաւորէն խնդրեց, եւ Բաբելոնի գաւառին 20գործերուն վրայ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը նշանակեց. իսկ Դանիէլ թագաւորին 21պալատը կը մնար։