Daniel 7
Ezekiel « Daniel 6 ‹ Daniel 7 › Daniel 8 » Hosea
ԴԱՆԻԷԼ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՐ ՏԵՍԻԼՔԸ (7. 1-12. 13) ՉՈՐՍ ԳԱԶԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին՝ Դանիէլ երազ մը տեսաւ, եւ իր անկողինին վրայ՝ գլուխին տեսիլքները. յետոյ երազը գրեց ու գլխաւոր բաները պատմեց։
2Դանիէլ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ ահա՛ երկինքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին.
3ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։
4«Առաջինը առիւծի պէս էր, եւ արծիւի թեւեր ունէր։ Մինչ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան, երկրէն վերցուեցաւ, ու ոտքերուն վրայ կայնեցաւ՝ մարդու պէս, եւ անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։
5«Յետոյ ահա՛ ուրիշ՝ երկրորդ գազան մը ելաւ, արջի նման, ու մէկ կողմին վրայ կայնեցաւ։ Երախը երեք կողոսկր ունէր՝ ակռաներուն մէջ, եւ սա՛ ըսին իրեն. “Ելի՛ր, շա՛տ միս լափէ”։
6«Ասկէ ետք՝ կը նայէի, եւ ահա՛ ինձի նման ուրիշ մը ելաւ, որուն կռնակին վրայ չորս թռչունի թեւ կար։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր, ու անոր տէրութիւն յանձնուեցաւ։
7«Ասկէ ետք՝ գիշերուան տեսիլքներու մէջ կը նայէի, եւ ահա՛ չորրորդ գազան մը ելաւ, որ սարսափելի, սոսկալի ու չափազանց հզօր էր։ Ան մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր. կը լափէր, կը փշրէր, եւ մնացածը ոտքերով կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եղող բոլոր գազաններէն տարբեր էր, ու տասը եղջիւր ունէր։
8Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա՛ անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւ առաջին եղջիւրներէն երեքը արմատախիլ եղան. եւ ահա՛ այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր կային, ու 1անհեթեթութիւններ արտաբերող բերան մը»։
ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐՈՂԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
9«Մինչ կը դիտէի, գահեր դրուեցան եւ 2Վաղեմին բազմեցաւ։ Անոր հանդերձը ձիւնի պէս ճերմակ էր, ու գլուխին մազը՝ մաքուր բուրդի պէս. անոր գահը կրակի բոցի պէս էր, եւ 3անիւները՝ բոցավառ կրակի պէս։
10Կրակի գետ մը կը հոսէր ու դուրս կ’ելլէր անոր առջեւէն. հազար հազարաւորներ անոր կը սպասարկէին, եւ բիւր բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ 4Դատաւորները բազմեցան, ու գիրքերը բացուեցան։
11Այն ատեն նայեցայ՝ այդ եղջիւրին արտաբերած 5անհեթեթութիւններուն ձայնին պատճառով. մինչ կը նայէի, գազանը սպաննուեցաւ, անոր մարմինը փճացաւ եւ բորբոքած կրակին մատնուեցաւ։
12Ինչ կը վերաբերի միւս գազաններուն՝ տէրութիւնը իրենցմէ ետ առնուեցաւ, բայց եղանակ մը ու ժամանակ մը անոնց կեանքի երկարաձգում տրուեցաւ։
13Մինչ կը նայէի գիշերուան տեսիլքներուն մէջ, ահա՛ մէկը ամպերով եկաւ՝ մարդու Որդիի նման, մինչեւ Վաղեմիին հասաւ, ու զինք անոր առջեւ մօտեցուցին։
14Իրեն տէրութիւն, պատիւ եւ թագաւորութիւն յանձնուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները զինք պաշտեն։ Անոր տէրութիւնը յաւիտենական տէրութիւն է՝ որ պիտի չանցնի, եւ թագաւորութիւնը պիտի չկործանի»։
ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻՆ
15«Ես՝ Դանիէլ, 6իմ ներսս վշտացայ հոգիով՝՝, ու տեսիլքներս զիս շփոթեցուցին։
16Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ եւ այս բոլորին մասին ստոյգը հարցուցի անոր. ան ալ ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի գիտցուց.
17“Այս չորս մեծ գազանները չորս թագաւորներ են, որ երկրէ պիտի ելլեն։
18Բայց Ամենաբարձրին սուրբե՛րը պիտի ստանան թագաւորութիւնը. անո՛նք պիտի տիրանան թագաւորութեան՝ յաւիտեան, 7դարէ դար՝՝”։
19«Յետոյ ուզեցի ստոյգը գիտնալ չորրորդ գազանին մասին, որ միւս բոլորէն տարբեր էր, եւ արտակարգօրէն սարսափելի. անոր ակռաները երկաթէ էին, ու եղունգները՝ պղինձէ. ան կը լափէր, կը փշրէր, եւ մնացածը ոտքերով կը կոխկռտէր։
20Նաեւ հարցուցի անոր գլուխին վրայ եղող տասը եղջիւրներուն մասին, ու միւսին մասին՝ որ ելաւ, եւ իր առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին՝ որ աչքեր եւ անհեթեթութիւններ արտաբերող բերան ունէր, ու տեսքը 8միւսներէն աւելի մեծ էր։
21Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ 9մղեց եւ անոնց յաղթեց,
22մինչեւ որ Վաղեմին եկաւ, 10դատավարութիւնը Ամենաբարձրին սուրբերուն յանձնուեցաւ, ու ժամանակը հասաւ՝ որ սուրբերը թագաւորութեան տիրանան։
23Ան սա՛ ըսաւ. “Չորրորդ գազանը՝ երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլայ. ան բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ, եւ ամբողջ երկիրը պիտի լափէ, զայն պիտի կոխկռտէ ու փշրէ։
24Այդ տասը եղջիւրները՝ տասը թագաւորներ են, որ այդ թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետք ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ առաջիններէն տարբեր պիտի ըլլայ, ու երեք թագաւոր պիտի տապալէ։
25Ամենաբարձրին դէմ 11անհեթեթութիւններ պիտի արտաբերէ, Ամենաբարձրին սուրբերը պիտի հիւծէ, ու պիտի 12մտադրէ ժամանակներ եւ օրէնքներ՝՝ փոխել։ 13Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի մատնուին։
26Յետոյ դատաւորները պիտի բազմին, տէրութիւնը իրմէ ետ պիտի առնեն, զինք պիտի բնաջնջեն եւ վերջնականապէս կորսնցնեն։
27Թագաւորութիւնն ու տէրութիւնը, եւ ամբողջ երկինքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը պիտի յանձնուին Ամենաբարձրին սուրբերու ժողովուրդին։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է, ու բոլոր տէրութիւնները զինք պիտի պաշտեն եւ իրեն հնազանդին”։
28«Խօսքին վախճանը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլը յոյժ շփոթեցուցին. երեսիս գոյնը այլափոխուեցաւ, եւ այս խօսքը սիրտիս մէջ պահեցի»։