Daniel 8
Ezekiel « Daniel 7 ‹ Daniel 8 › Daniel 9 » Hosea
ԽՈՅԻՆ ԵՒ ՔՕՇԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1«Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեան երրորդ տարին, ինծի՝ Դանիէլի տեսիլք մը երեւցաւ, այն առաջին անգամ ինծի երեւցածէն ետք։
2Տեսիլքին մէջ կը նայէի, ու մինչ կը նայէի՝ ահա՛ Եղամի գաւառին մէջ եղող Շուշան մայրաքաղաքն էի. տեսիլքին մէջ տեսայ թէ Ուլա գետին քով էի։
3«Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, եւ ահա՛ գետին առջեւ խոյ մը կայնած էր. ան երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրները բարձր էին, ու մէկը միւսէն բարձր էր. այդ բարձրը յետոյ ելաւ։
4Տեսայ այդ խոյը՝ որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս եւ դէպի հարաւ կը զարնէր, ու ո՛չ մէկ գազան կրնար անոր առջեւ կայնիլ։ Ո՛չ մէկը կարող էր անոր ձեռքէն ազատել, հապա ան իր կամքին համաձայն կը վարուէր, ու մեծցաւ։
5«Երբ 1ուշադրութեամբ կը նայէի՝՝, ահա՛ արեւմուտքէն այծերու քօշ մը եկաւ, եւ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայէն անցաւ՝ առանց գետինին դպչելու. այս քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։
6Ան հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որ տեսեր էի՝ գետին առջեւ կայնած, եւ իր ոյժին ցասումով անոր վրայ 2յարձակեցաւ։
7Տեսայ թէ խոյին մօտեցաւ, ու 3կատղելով անոր դէմ՝ խոյին զարկաւ եւ անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր՝ որ անոր 4դիմադրէր. ան զինք գետինը նետեց ու կոխկռտեց. ո՛չ մէկը կար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։
8Այծերու քօշը յոյժ մեծցաւ, բայց մինչ հզօր էր՝ մեծ եղջիւրը փշրուեցաւ, եւ անոր տեղ չորս ուշագրաւ եղջիւրներ բարձրացան՝ դէպի երկինքի չորս հովերը։
9Անոնցմէ մէկէն փոքր եղջիւր մը դուրս ելաւ, եւ արտակարգօրէն մեծցաւ դէպի հարաւ, դէպի արեւելք, ու դէպի փառաւոր երկիրը։
10Մինչեւ երկինքի զօրքը մեծցաւ, ու զօրքէն եւ աստղերէն մաս մը գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց։
11Ինքզինք մինչեւ զօրքերու 5Իշխանը մեծցուց, անոր մշտատեւ զոհը 6դադրեցուց եւ անոր սրբարանին 7վայրը 8կործանեց։
129Զօրք դրաւ մշտատեւ զոհին դէմ՝ յանցանքին պատճառով՝՝, ու ճշմարտութիւնը գետինը նետեց. իր ձեռնարկներուն մէջ յաջողեցաւ։
13Այդ ատեն լսեցի թէ սուրբ մը կը խօսէր, եւ ուրիշ սուրբ մը այդ խօսողին ըսաւ. “Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ մշտատեւ զոհին ու աւերող յանցանքին տեսիլքը, եւ սրբարանն ու զօրքը կոխկռտուելու պիտի մատնուին”։
14Ան ալ ինծի ըսաւ. “Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր 10օր, յետոյ սրբարանը պիտի 11մաքրուի”»։
ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՏԵՍԻԼՔԸ
15«Երբ ես՝ Դանիէլ՝ տեսիլքը տեսայ, ու կը 12ջանայի մեկնութիւնը հասկնալ, ահա՛ դիմացս 13մարդու տեսքով մէկը կայնեցաւ։
16Նաեւ Ուլա գետ ին մէջէն մարդու մը ձայնը լսեցի՝ որ կը գոչէր եւ կ’ըսէր.
17“Ո՛վ Գաբրիէլ, տեսիլքը հասկցո՛ւր ատոր”։ Ան ալ իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ. երբ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ, սակայն ինծի ըսաւ. “Հասկցի՛ր, մարդո՛ւ որդի, քանի այդ տեսիլքը վախճանի ատենուան համար է”»։
18Մինչ ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած էի՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած. ինծի դպաւ, զիս կեցած տեղս կայնեցուց,
19եւ ըսաւ. “Ահա՛ քեզի կը գիտցնեմ ինչ որ պիտի ըլլայ սրտմտութեան վերջաւորութեան, որովհետեւ վախճանը սահմանուած ատենին պիտի հասնի։
20Այն տեսած խոյդ, որ երկու 14եղջիւր ունէր՝՝, Մարաստանի եւ Պարսկաստանի թագաւորներն են։
21Իսկ մազոտ քօշը՝ Յունաստանի թագաւորն է. անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը՝ առաջին թագաւորն է։
22Անոր կոտրիլն ու իր տեղը չորս եղջիւրներու ելլելը կը նշանակէ թէ այդ ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ոչ անոր ոյժով։
23Անոնց թագաւորութեան վերջաւորութեան, երբ 15ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու 16խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։
24Անոր 17իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ոչ իր ոյժով. ան 18ահաւոր կերպով պիտի կործանէ եւ իր ձեռնարկներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կոտորէ հզօր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։
25Իր ուշիմութեամբ խաբէութիւնը պիտի յաջողցնէ իր ձեռքին մէջ. իր սիրտին մէջ պիտի 19հպարտանայ, ու 20խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կոտորէ. 21իշխաններու Իշխանին՝՝ 22պիտի ընդդիմանայ՝՝, բայց առանց ձեռքի պիտի ջախջախուի։
26Իրիկուան եւ առտուան տեսիլքը՝ որ հաղորդուեցաւ, ճշմարիտ է. բայց դուն 23գոցէ՛ տեսիլքը, որովհետեւ հեռաւոր ժամանակներու համար է”։
27«Ես՝ Դանիէլ 24թալկացայ, եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Յետոյ կանգնեցայ, ու թագաւորին գործերը կատարեցի։ Սակայն տեսիլքին համար ապշութեան մէջ էի. ո՛չ մէկը կար՝ որ ինծի 25հասկցնէր՝՝»։