Loading...

Daniel 9

Ezekiel  «  Daniel 8  ‹  Daniel 9  ›  Daniel 10  »  Hosea


ԴԱՆԻԷԼ Կ’ԱՂՕԹԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

1

Ասուերոսի որդիին՝ Դարեհի առաջին տարին,— որ Մարերու զարմէն էր ու Քաղդէացիներու թագաւորութեան վրայ թագաւոր նշանակուեցաւ,—

2

անոր թագաւորութեան առաջին տարին, ես՝ Դանիէլ Գիրքերէն հասկցայ այն տարիներուն թիւը՝ որոնց մասին 1Տէրը խօսեր՝՝ էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի 2դադրեցնէր Երուսաղէմի աւերումները։

3

Ուստի իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէսզի աղօթք եւ աղաչանք 3մատուցանեմ՝ ծոմապահութեամբ, քուրձով եւ մոխիրով։

4

Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս աղօթեցի, ու խոստովանելով ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահեղ Աստուած, որ 4քու ուխտդ կը պահես ու կը կարեկցիս՝՝ քեզ սիրողներուն եւ պատուիրաններդ պահողներուն.

5

մենք մեղանչեցինք, անօրէնութիւն գործեցինք, ամբարշտութեամբ վարուեցանք եւ ըմբոստացանք՝ քու պատուիրաններէդ ու կանոններէդ շեղելով։

6

Քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն մտիկ չըրինք, որոնք քու անունովդ խօսեցան մեր թագաւորներուն, իշխանաւորներուն, հայրերուն, ու երկրին ամբողջ ժողովուրդին։

7

Ո՛վ Տէր, քո՛ւկդ է արդարութիւնը, իսկ մե՛րն է երեսի ամօթը, (ինչպէս այսօր եղած է,) Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն, եւ բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ՝ ուր զանոնք աքսորեցիր իրենց քեզի հանդէպ ուխտազանց ըլլալուն համար։

8

Ո՛վ Տէր, մե՛րն է երեսի ամօթը, մեր թագաւորներուն, իշխանաւորներուն եւ հայրերուն, որովհետեւ քեզի դէմ մեղանչեցինք.

9

իսկ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյնն են գթութիւնը եւ ներումը, որովհետեւ մենք իրմէ ըմբոստացանք,

10

ու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ձայնը մտիկ չըրինք՝ որ իր օրէնքներուն համաձայն ընթանանք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն 5միջոցով մեր առջեւ դրած էր։

11

Ամբողջ Իսրայէլը քու օրէնքդ անտեսեց, եւ քու ձայնդ մտիկ չընելով՝ 6խոտորեցաւ. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափուեցան, քանի որ իրեն դէմ մեղանչեցինք։

12

Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ 7իրագործեց իր խօսքերը, որոնք մեզի դէմ ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն դէմ արտասաներ էր, այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ կատարուածին նմանը ամբողջ երկինքին տակ կատարուած չէ։

13

Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուածին համաձայն՝ այս ամբողջ չարիքը մեր վրայ հասաւ. սակայն մենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն չպաղատեցանք, մեր անօրէնութիւններէն հեռանալու եւ քու ճշմարտութիւնդ հասկնալու համար։

14

Ուստի Տէրը այս 8չարիքը պատրաստեց՝՝ ու զայն մեր վրայ բերաւ, քանի որ Տէրը՝ մեր Աստուածը իր կատարած բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մե՛նք մտիկ չըրինք անոր ձայնը։

15

«Ուրեմն, ո՛վ Տէր, մեր Աստուա՛ծը, որ քու ժողովուրդդ ուժեղ ձեռքով Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր, եւ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղանչեցինք, ամբարշտութեամբ վարուեցանք։

16

Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, քու ամբողջ 9բարութեանդ համեմատ՝ քու բարկութիւնդ ու ցասումդ հեռացո՛ւր քու Երուսաղէմ քաղաքէդ, քու սուրբ լեռնէդ. արդարեւ մեր մեղքերուն եւ մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն պատճառով՝ Երուսաղէմ ու քու ժողովուրդդ նախատուեցան բոլոր մեզ շրջապատողներէն։

17

Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛ քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը, եւ Տէրոջ սիրոյն համար՝ երե՛սդ փայլեցուր քու ամայացած սրբարանիդ վրայ։

18

Դարձո՛ւր ականջդ, ո՛վ իմ Աստուածս, եւ լսէ՛. բա՛ց աչքերդ ու տե՛ս մեր աւերները եւ այն քաղաքը՝ որ քու անունովդ կոչուած է. արդարեւ մեր աղաչանքը 10քեզի կը ներկայացնենք ո՛չ թէ մեր արդար գործերուն համար, հապա՝ քու մեծ գթութեանդ համար։

19

Ո՛վ Տէր, լսէ՛. ո՛վ Տէր, ներէ՛. ո՛վ Տէր, ուշադի՛ր եղիր եւ իրագործէ՛։ Մի՛ ուշանար՝ քեզի՛ համար, ո՛վ իմ Աստուածս, քանի որ քո՛ւ անունովդ կոչուած են քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ»։


ԳԱԲՐԻԷԼ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ

20

Երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի, եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերան համար իմ աղաչանքս Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս կը ներկայացնէի,

21

(երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի,) ահա՛ այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլ արագ թռիչքով ինծի 11մօտեցաւ իրիկուան ընծային ատենը։

22

Ինծի հասկցուց՝ ինծի հետ խօսելով, եւ ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա 12եկայ՝ որ քեզի 13իմաստութիւն պարգեւեմ՝՝։

23

Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ 14տրուեցաւ, ու ես եկայ որ քեզի յայտնեմ, որովհետեւ դուն Աստուծոյ 15սիրելին ես։ Ուրեմն հասկցի՛ր պատգամը եւ ըմբռնէ՛ տեսիլքը։

24

Քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքիդ համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է՝ յանցանքը 16դադրեցնելու, մեղքը 17հատցնելու, անօրէնութիւնը քաւելու, յաւիտենական արդարութիւնը բերելու, տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու եւ 18Սուրբերուն սուրբը՝՝ օծելու համար։

25

Ուրեմն գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր թէ Երուսաղէմը վերակառուցանելու 19հրահանգը տրուելէն մինչեւ 20Օծեալ իշխանին՝՝ գալը եօթը եօթնեակ եւ վաթսուներկու եօթնեակ կայ. հրապարակն ու պարիսպը պիտի վերակառուցանուին, սակայն տուայտանքի ժամանակներու մէջ։

26

Վաթսուներկու եօթնեակէն ետք Օծեալը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Գալիք իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ, եւ անոր վախճանը ողողումով մը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վախճանը աւերներ վճռուած են։

27

Եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտ պիտի հաստատէ, սակայն եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու ընծան պիտի դադրեցնէ։ 21Աւերողը պղծութիւններու թեւին՝՝ վրայ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ 22աւերողին վրայ վճռուած 23բնաջնջումը թափուի»։



1 Եբր.՝Եհովայի խօսքը եղեր
2 Եբր.՝ լրացնէր
3 Եբր.՝ թախանձեմ
4 Եբր.՝ ուխտն ու կարեկցութիւնը կը պահես
5 Եբր.՝ ձեռքով
6 Եբր.՝ շեղեցաւ
7 Եբր.՝ հաստատեց
8 Եբր.՝ չարիքին վրայ հսկեց
9 Եբր.՝ արդար գործերուդ
10 Եբր.՝ քու առջեւդ կը ձգենք
11 Կամ՝ դպաւ
12 Եբր.՝ դուրս ելայ
13 Եբր.՝ խելք հասկցնեմ
14 Եբր.՝ դուրս ելաւ
15 Եբր.՝ ցանկալին
16 Եբր.՝ արգելափակելու
17 Եբր.՝ կնքելու
18 Կամ՝ Ամենասուրբը
19 Կամ՝ պատգամը
20 Եբր.՝ Մեսիային՝ առաջնորդին
21 Կամ՝ Աւերող պղծութիւնը աշտարակին
22 Կամ՝ աւերուածին
23 Եբր.՝ սպառումը