Daniel 10
Ezekiel « Daniel 9 ‹ Daniel 10 › Daniel 11 » Hosea
ԴԱՆԻԷԼԻ ՏԵՍԻԼՔԸ ՏԻԳՐԻՍ ԳԵՏԻՆ ՔՈՎ
1Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին՝ 1պատգամ մը յայտնուեցաւ Դանիէլի, որուն անունը Բաղտասասար կոչուած էր. պատգամը ճշմարիտ էր, ու 2մեծ տառապանքի մասին էր՝՝. ան պատգամը հասկցաւ եւ տեսիլքը ըմբռնեց։
2Այդ օրերը ես՝ Դանիէլ՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի.
33ախորժելի կերակուր՝՝ չկերայ, ո՛չ ալ միս կամ գինի մտաւ բերանս, ու բնաւ հոտաւէտ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լրացաւ։
4Առաջին ամսուան քսանչորրորդ օրը, ես մեծ գետին եզերքն էի, որ Տիգրիս կը կոչուի։
5Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, եւ ահա՛ կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի մաքուր ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը կար։
6Անոր մարմինը 4ոսկեքարի պէս էր, երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր, աչքերը հրավառ ջահերու պէս էին, եւ բազուկներն ու ոտքերը՝ փայլուն պղինձի դրսերեւոյթին նման. իր խօսքերուն ձայնը բազմութեան աղմուկին պէս էր։
7Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլ տեսայ. ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն մեծ 5վախ մը համակեց զանոնք՝՝, ու փախան՝ որ պահուըտին։
8Ուստի մինակ մնացի. այս մեծ տեսիլքը տեսնելով՝ վրաս ոյժ չմնաց, վայելչութիւնս ապականութեան փոխուեցաւ, եւ 6ա՛լ ոյժ չունեցայ՝՝։
9Անոր խօսքերուն ձայնը լսեցի. մինչ անոր խօսքերուն ձայնը կը լսէի՝ թմրած 7ինկայ երեսիս վրայ, երեսս դէպի գետինը։
10Եւ ահա՛ ձեռք մը դպաւ ինծի, զիս ցնցեց, եւ ծունկերուս ու ձեռքերուս ափերուն վրայ դրաւ։
11Ապա ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, 8սիրելի՛ մարդ, ըմբռնէ՛ քեզի ըսելիք խօսքերս եւ կայնէ՛ եղած տեղդ, քանի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։
12Ան ալ ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանի որ այն առաջին օրէն ի վեր՝ երբ 9մտադրեցիր ըմբռնել եւ քու Աստուծոյդ առջեւ դուն քեզ խոնարհեցնել, խօսքերդ լսուեցան, ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։
13Պարսկաստանի թագաւորութեան իշխանաւորը քսանմէկ օր 10ընդդիմացաւ ինծի. սակայն ահա՛ Միքայէլ՝ առաջնակարգ իշխանաւորներէն մէկը՝ ինծի օգնելու եկաւ, ու ես հոն մնացի՝ Պարսիկներու թագաւորներուն քով։
14Հիմա եկած եմ քեզի հասկցնելու թէ քու ժողովուրդիդ ի՛նչ պիտի պատահի վերջին օրերը, որովհետեւ տեսիլքը հեռաւոր ժամանակներու համար է»։
15Մինչ ան այսպիսի խօսքեր կ’ըսէր ինծի, երեսս դէպի գետինը դարձուցի եւ պապանձեցայ։
16Բայց ահա՛ մարդոց որդիներու նմանութեամբ մէկը շրթունքիս դպաւ. ուստի բերանս բացի ու խօսեցայ, եւ դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ իմ տէրս, այս տեսիլքով տագնապներս վրաս 11խոյացան. ա՛լ ոյժ չունիմ։
17Այս իմ տիրոջս ծառան ի՞նչպէս պիտի կարենայ խօսիլ այս իմ տիրոջս հետ, որովհետեւ հիմակուընէ վրաս ոյժ գոյութիւն չունի, վրաս շունչ մնացած չէ»։
18Այդ մարդու տեսք ունեցողը վերստին ինծի դպաւ, զիս ուժովցուց,
19եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութի՛ւն ըլլայ քեզի. ուժովցի՛ր ու 12քա՛ջ եղիր՝՝»։ Երբ ան ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ եւ ըսի. «Իմ տէրս թող խօսի, որովհետեւ զիս ուժովցուցիր»։
20Ան ալ ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ քեզի եկայ։ Հիմա պիտի վերադառնամ Պարսկաստանի իշխանաւորին դէմ պայքարելու։ Երբ ես 13երթամ, ահա՛ Յունաստանի իշխանաւորը պիտի գայ։
21Սակայն ես քեզի պիտի յայտնեմ ճշմարտութեան գիրքին մէջ արձանագրուածը։ Ասոնց դէմ ո՛չ մէկը 14ինծի թիկունք կ’ըլլայ՝՝, բացի ձեր Միքայէլ իշխանաւորէն»։