Loading...

Daniel 11

Ezekiel  «  Daniel 10  ‹  Daniel 11  ›  Daniel 12  »  Hosea


1

«Իսկ ես, 1Մարերու Դարեհ թագաւորին՝՝ առաջին տարին, կայնեցայ՝ որպէսզի զայն 2հաստատեմ ու զօրացնեմ։

2

Հիմա քեզի ճշմարտութիւնը պիտի յայտնեմ. “Ահա՛ Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլէ, իսկ չորրորդը միւս բոլորէն աւելի մեծ հարստութիւն պիտի վաստկի։ Երբ իր հարստութեամբ ուժովնայ, 3բոլորը պիտի գրգռէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ”»։


ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

3

«Յետոյ զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ, ու մեծ 4իշխանութեամբ պիտի ղեկավարէ՝ իր կամքին համաձայն վարուելով։

4

Բայց երբ ելլէ, անոր թագաւորութիւնը պիտի փշրուի ու երկինքի չորս հովերուն բաժնուի. բայց ո՛չ իր յետնորդներուն պիտի փոխանցուի, ո՛չ ալ իր ղեկավարած 5իշխանութեան պէս պիտի ըլլայ. արդարեւ անոր թագաւորութիւնը պիտի խլուի, եւ ատոնցմէ ուրիշներուն պիտի փոխանցուի։

5

«Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ։ Բայց անոր իշխանաւորներէն մէկը իրմէ աւելի պիտի ուժովնայ, ու պիտի տիրէ. անոր տէրութիւնը աւելի մեծ տէրութիւն պիտի ըլլայ։

6

Տարիներ ետք՝ անոնք իրարու հետ պիտի դաշնակցին, որովհետեւ հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ՝ 6հաշտութիւն կնքելու՝՝ համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի 7չունենայ. այդ թագաւորը եւ անոր բազուկը պիտի չգոյատեւեն, հապա այդ աղջիկը պիտի մատնուի, նաեւ զինք բերողները, զինք ծնանողն ու զինք այդ ատենները ուժովցնողը։

7

«Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ իր տեղը. ան զօրագունդով պիտի գայ, եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ, անոնց դէմ պիտի 8պայքարի ու յաղթէ։

8

Նոյնիսկ անոնց աստուածները, ձուլածոյ կուռքերը, ոսկիէ եւ արծաթէ 9թանկագին անօթները իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Ան 10աւելի տարիներ պիտի գոյատեւէ քան հիւսիսի թագաւորը՝՝,

9

որ հարաւի թագաւորին թագաւորութեան մէջ պիտի մտնէ, ապա իր 11երկիրը պիտի վերադառնայ։

10

«Սակայն իր որդիները պիտի մաքառին, եւ շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. անոնցմէ մէկը պիտի գայ, 12հեղեղի պէս՝՝ պիտի անցնի, յետոյ պիտի վերադառնայ ու մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ մաքառիլ։

11

Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի 13մոլեգնի, դուրս պիտի ելլէ եւ անոր դէմ — հիւսիսի թագաւորին դէմ — պիտի պատերազմի։ Ան ալ մեծ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանէ, բայց բազմութիւնը 14հարաւի թագաւորին՝՝ ձեռքը պիտի մատնուի։

12

Երբ այդ բազմութիւնը փոխադրէ, իր սիրտը պիտի գոռոզանայ ու բիւրաւորներ պիտի տապալէ, բայց 15յաղթական պիտի չըլլայ՝՝։

13

Արդարեւ հիւսիսի թագաւորը պիտի վերադառնայ եւ նախորդէն աւելի մեծ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանէ, ու քանի մը տարիէն անշուշտ պիտի գայ մեծ զօրագունդով եւ շատ ինչքով։

14

«Այդ ատենները շատերը հարաւի թագաւորին 16պիտի ընդդիմանան՝՝. քու ժողովուրդիդ 17բռնաւորներն ալ պիտի 18ըմբոստանան՝ տեսիլքը 19գործադրելու համար, բայց պիտի գայթին։

15

Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ, հողաբլուրներ պիտի բարձրացնէ եւ պարսպապատ քաղաքները պիտի գրաւէ, ու հարաւի թագաւորին 20զօրքերը եւ անոր ընտրեալները 21պիտի չընդդիմանան՝՝, ո՛չ ալ ընդդիմանալու ոյժ պիտի ունենան։

16

Անոր դէմ եկողը իր կամքին համաձայն պիտի վարուի. անոր 22դիմադրող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ, որ իր ձեռքով պիտի 23կործանի։

17

Երեսը դէպի հարաւ 24ուղղելով՝ իր թագաւորութեան ամբողջ ոյժով պիտի գայ, որպէսզի 25հաշտութիւն կնքէ հարաւի թագաւորին հետ՝՝. այդպէս ալ պիտի ընէ՝ իր աղջիկը տալով անոր իբր կին, որպէսզի կործանէ անոր թագաւորութիւնը. բայց ատիկա կայուն պիտի չըլլայ, ու 26պիտի չյաջողի՝՝։

18

Ապա իր երեսը դէպի կղզիները պիտի դարձնէ, եւ անոնցմէ շատերը պիտի գրաւէ։ Բայց մեծաւոր մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ, եւ առանց ինք նախատինք կրելու՝ զայն անոր պիտի վերադարձնէ։

19

Յետոյ ան երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի գայթի, պիտի իյնայ, ու պիտի չգտնուի։

20

«Անոր տեղ մէկը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեան 27փառաւոր մասը՝՝։ Բայց ան պիտի ջախջախուի քանի մը օրուան մէջ, ո՛չ բարկութեամբ, ո՛չ ալ պատերազմով»։


ՍՈՒՐԻԱՅԻ ՉԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

21

«Անոր տեղ արհամարհելի մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց ան 28խաղաղութեամբ պիտի գայ, եւ շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի բռնագրաւէ։

22

Անոր առջեւ 29ներխուժող զօրքերը՝՝ պիտի ընկղմին ու ջախջախուին, նոյնպէս ուխտին 30իշխանը.

23

արդարեւ անոր հետ դաշնակցելէ ետք, խաբէութեամբ պիտի վարուի եւ 31փոքրաթիւ մարդոցմով պիտի յաղթէ՝՝։

24

32Խաղաղութեան մէջ՝՝ գաւառին ամենէն բերրի վայրերը պիտի գայ, ու պիտի ընէ ինչ որ իր հայրերը չեն ըրած, ո՛չ ալ իր հայրերուն հայրերը։ Կողոպուտը, աւարն ու ինչքը պիտի բաշխէ 33անոնց մէջ, եւ ատեն մը ամրոցներուն դէմ իր 34ծրագիրները պիտի պատրաստէ՝՝։

25

Մեծ զօրագունդով իր ոյժն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ պատերազմի պիտի հրահրուի՝ յոյժ մեծ եւ հզօր զօրագունդով, բայց պիտի չդիմանայ, որովհետեւ անոր դէմ ծրագիրներ պիտի պատրաստուին.

26

անոր համեղ ճաշերը ուտողներն անգամ զայն պիտի ջախջախեն. անոր զօրագունդը պիտի 35ցրուի, ու շատերը խոցուած պիտի իյնան։

27

Այս երկու թագաւորներուն սիրտը չարութեան հակամէտ ըլլալով՝ նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին. բայց պիտի 36չյաջողին, քանի որ վախճանը սահմանուած ատենին պիտի հասնի։

28

Ան շատ ինչքով իր երկիրը պիտի վերադառնայ. բայց իր սիրտին մէջ սուրբ ուխտին դէմ չար դիտաւորութիւններ ունենալով՝ զանոնք պիտի գործադրէ, յետոյ իր երկիրը պիտի վերադառնայ։

29

«Սահմանուած ատենին պիտի վերադառնայ ու դէպի հարաւ երթայ. բայց վերջին անգամը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։

30

Արդարեւ Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան. ան ալ պիտի յուսալքուի, եւ դարձեալ սուրբ ուխտին դէմ սրտմտութեամբ պիտի լեցուի ու գործէ. պիտի վերադառնայ եւ սուրբ ուխտը լքողներուն 37ուշադրութիւն դարձնէ՝՝։

31

Իր կողմէն 38զօրքեր պիտի 39տեղաւորուին, սրբարանն ու ամրոցը պիտի պղծեն, մշտատեւ զոհը պիտի վերցնեն, եւ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։

32

Շողոքորթութիւններով պիտի 40ապականէ ուխտին հանդէպ ամբարշտութեամբ վարուողները. բայց ժողովուրդէն իրենց Աստուածը ճանչցողները ուժգնօրէն պիտի 41հակազդեն։

33

Ժողովուրդին ուշիմները շատերուն պիտի սորվեցնեն, եւ ժամանակ մը պիտի 42իյնան սուրով, բոցով, գերութեամբ ու կողոպուտով։

34

Երբ իյնան՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի ստանան, եւ շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։

35

Ուշիմներէն ոմանք պիտի իյնան, որպէսզի անոնք փորձարկուին, մաքրուին ու ճերմկնան մինչեւ վախճանին ատենը. արդարեւ ան տակաւին պիտի տեւէ՝ մինչեւ սահմանուած ատենը։

36

«Այդ թագաւորը իր կամքին համաձայն պիտի վարուի. ինքզինք պիտի բարձրացնէ եւ բոլոր աստուածներէն վեր մեծցնէ. աստուածներու Աստուծոյն դէմ 43զարմանալի բաներ պիտի խօսի, ու պիտի յաջողի՝ մինչեւ որ սրտմտութիւնը 44իրագործուի. որովհետեւ վճռուածը պիտի կիրարկուի։

37

Ան իր հայրերուն աստուածներուն 45ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ՝՝, ո՛չ ալ 46կիներու Ցանկալիին՝՝. ո՛չ մէկ աստուծոյ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ, որովհետեւ ինքզինք ամենէն վեր պիտի մեծցնէ։

38

Հապա ամրոցներու աստուածը պիտի պատուէ իր եղած տեղը. իր հայրերուն չճանչցած աստուածը պիտի պատուէ ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով եւ ցանկալի բաներով։

39

Այդ օտար աստուծոյն հետ պիտի 47պայքարի 48անառիկ ամրոցներուն դէմ. զայն 49ընդունողներուն պատիւները պիտի բազմապատկէ, ու շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց, նաեւ 50երկիրը պիտի բաժնէ անոնց իբր 51հատուցում։

40

«Վախճանին ատենը հարաւի թագաւորը իրեն պիտի բախի. բայց հիւսիսի թագաւորը մրրիկի պէս անոր վրայ պիտի խոյանայ կառքերով, ձիաւորներով ու բազմաթիւ նաւերով. երկիրներ պիտի մտնէ եւ 52հեղեղի պէս՝՝ անցնի։

41

Փառաւոր երկիրն ալ պիտի գայ, ու շատ երկիրներ պիտի 53կործանին. բայց անոր ձեռքէն հետեւեալները պիտի ազատին.— Եդովմ, Մովաբ եւ Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքները։

42

Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկարէ, ու Եգիպտոսի երկիրը պիտի չազատի։

43

Ոսկիի եւ արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր ցանկալի իրերուն պիտի տիրէ. 54Փութացիներ եւ Եթովպիացիներ անոր քայլերուն 55պիտի հետեւին՝՝։

44

Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն եկած չարագուշակ լուրերը զինք պիտի շփոթեցնեն. ուստի մեծ բարկութեամբ 56պիտի երթայ՝՝, որպէսզի շատերը բնաջնջէ եւ անճիտէ։

45

Իր պալատին վրանները 57ծովուն ու փառաւոր սուրբ լերան մէջտեղը պիտի կանգնեցնէ. սակայն իր վախճանին պիտի հասնի, եւ ո՛չ մէկը անոր պիտի օգնէ»։



1 Եբր.՝ Դարեհ Մարին
2 Եբր.՝ ուժովցնեմ
3 Կամ՝ ամէն ինչ
4 Եբր.՝ տէրութեամբ
5 Եբր.՝ տէրութեան
6 Եբր.՝ ուղղամտութիւն ընելու
7 Եբր.՝ չկուտակէ
8 Եբր.՝ գործէ
9 Եբր.՝ ցանկալի
10 Կամ՝ քանի մը տարի հեռու պիտի մնայ հիւսիսի թագաւորէն
11 Եբր.՝ հողը
12 Եբր.՝ յորդելով
13 Եբր.՝ դառնանայ
14 Եբր.՝ անոր
15 Կամ՝ պիտի չզօրանայ
16 Եբր.՝ դէմ պիտի կենան
17 Եբր.՝ աւազակի որդիներն
18 Եբր.՝ իրենք զիրենք պիտի բարձրացնեն
19 Եբր.՝ կայնեցնելու
20 Եբր.՝ բազուկները
21 Եբր.՝ դէմ պիտի չկենան
22 Եբր.՝ առջեւ կայնող
23 Եբր.՝ սպառի
24 Եբր.՝ դնելով
25 Եբր.՝ ուղիղ ըլլայ անոր հետ
26 Եբր.՝ իրեն պիտի չըլլայ
27 Այսինքն՝ Երուսաղէմ
28 Եբր.՝ անդորրութեամբ
29 Եբր.՝ ողողող բազուկները
30 Եբր.՝ առաջնորդը
31 Եբր.՝ փոքր ազգով մը հզօր պիտի ըլլայ
32 Եբր.՝ Անդորրութեամբ
33 Այսինքն՝ իրեններուն
34 Եբր.՝ հնարքները պիտի հնարէ
35 Եբր.՝ յորդի
36 Եբր.՝ չյաջողի
37 Եբր.՝ նկատէ, կամ՝ մտածէ
38 Եբր.՝ բազուկներ
39 Եբր.՝ կայնին
40 Եբր.՝ պղծէ
41 Եբր.՝ գործեն
42 Եբր.՝ գայթին
43 Եբր.՝ սքանչելի
44 Եբր.՝ աւարտի
45 Եբր.՝ մասին պիտի չմտածէ
46 Տե՛ս Եզեկ. 8. 14
47 Եբր.՝ գործէ
48 Եբր.՝ ամրացած
49 Եբր.՝ ճանչցողներուն
50 Եբր.՝ հողը
51 Եբր.՝ գին
52 Եբր.՝ յորդելով
53 Եբր.՝ գայթին
54 Կամ՝ Լիպիացիներ
55 Եբր.՝ մէջ պիտի ըլլան
56 Եբր.՝ դուրս պիտի ելլէ
57 Եբր.՝ ծովերուն