Daniel 12
Ezekiel « Daniel 11 ‹ Daniel 12 › Hosea 1 » Hosea
ՎԱԽՃԱՆԻՆ ԱՏԵՆԸ
1«Այն ատեն ոտքի պիտի ելլէ Միքայէլ մեծ իշխանաւորը, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն քով կը կենայ, եւ տագնապի ժամանակ մը պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ. այդ ատեն քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն՝ ո՛վ որ գիրքին մէջ արձանագրուած գտնուի։
2Երկրագունդի հողին մէջ քնացողներէն շատեր պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական պժգանքի համար։
3Ուշիմները երկինքի հաստատութեան ցոլքին պէս պիտի 1փայլին, եւ անոնք որ 2արդարութեան կ’առաջնորդեն՝՝ շատերը՝ աստղերուն պէս, 3դարէ դար՝՝։
4«Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, գոցէ՛ այս խօսքերը ու կնքէ՛ գիրքը՝ մինչեւ վախճանին ատենը։ Շատերը 4պիտի շրջագային՝՝, եւ գիտութիւնը պիտի շատնայ»։
5Ես՝ Դանիէլ կը նայէի, եւ ահա՛ ուրիշ երկու մարդիկ կայնած էին, մէկը՝ գետին մէկ եզերքը, ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։
6Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կը գտնուէր. «Այս սքանչելիքներուն վախճանը 5ե՞րբ պիտի հասնի՝՝»։
7Լսեցի թէ այդ կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կը գտնուէր, իր աջ ձեռքն ու ձախ ձեռքը երկինք բարձրացնելով՝ յաւիտեան ապրողին վրայ երդում ըրաւ թէ 6ժամանակ մը, ժամանակներ եւ կէս ժամանակ պիտի տեւէ, ու երբ սուրբ ժողովուրդին 7զօրութիւնը ամբողջովին 8ջախջախուի, այս բոլորը պիտի աւարտին։
8Ես լսեցի, բայց չհասկցայ, եւ ըսի. «Ո՛վ իմ տէրս, ասոնց վերջաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
9Ան պատասխանեց. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանի որ այս խօսքերը 9գոցուած ու կնքուած են մինչեւ վախճանին ատենը։
10Շատերը պիտի մաքրուին, ճերմկնան եւ փորձարկուին. բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի գործեն, ու բնա՛ւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա ուշիմնե՛րը պիտի հասկնան։
11Մշտատեւ զոհին 10դադրած ատենէն մինչեւ աւերող պղծութեան դրուիլը՝՝ հազար երկու հարիւր իննսուն օր պիտի ըլլայ։
12Երանի՜ անոր, որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունհինգ օրուան պիտի հասնի։
13Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը. արդարեւ պիտի հանգչիս, եւ օրերու վախճանին պիտի կայնիս քու վիճակիդ մէջ»։