Ezekiel 1
Lamentations « Lamentations 5 ‹ Ezekiel 1 › Ezekiel 2 » Daniel
ԵԶԵԿԻԷԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ (1. 1-7. 27) ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԱՀԸ
1Երեսուներորդ տարուան չորրորդ ամսուան հինգին, երբ ես տարագիրներուն մէջ էի՝ Քոբար գետին քով, երկինքը բացուեցաւ եւ Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ։
2Ամսուան հինգերորդ օրը, (Յովաքին թագաւորին տարագրութեան հինգերորդ տարին,)
31Տէրոջ խօսքը յատկապէս 2ուղղուեցաւ Բուզիի որդիին՝ Եզեկիէլ քահանային, Քաղդէացիներու երկրին մէջ, Քոբար գետին քով. ու հոն՝ Տէրոջ ձեռքը իր վրայ եղաւ։
4Տեսայ թէ ահա՛ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով մը կու գար, մեծ ամպով ու 3փայլակնացայտ կրակով. անոր շուրջը պայծառութիւն կար, եւ անոր մէջտեղը — կրակին մէջտեղը — ոսկեպղինձի դրսերեւոյթ մը։
5Նաեւ անոր մէջտեղը չորս էակի նմանութիւն կար, եւ սա՛ էր անոնց տեսքը.— անոնք մարդու նմանութիւն ունէին։
6Իւրաքանչիւրը չորս երես ունէր, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ չորս թեւ։
7Անոնց ոտքերը ուղիղ ոտքեր էին. անոնց ոտքերուն ներբանը զուարակի ոտքի 4թաթին պէս էր, ու փայլուն պղինձի դրսերեւոյթին պէս կը պսպղային։
8Անոնց չորս կողմերը մարդու ձեռքեր կային՝ իրենց թեւերուն տակ։ Չորսն ալ իրենց երեսներն ու թեւերը ունէին։
9Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեն չէին դառնար. իւրաքանչիւրը շիտակ յառաջ կ’երթար։
10Անոնց երեսներուն նմանութիւնը սա՛ էր.— չորսն ալ մարդու երես ունէին, եւ աջ կողմէն՝ առիւծի երես. չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես ունէին, նաեւ չորսն ալ արծիւի երես ունէին։
11Ա՛յսպէս էին անոնց երեսները, իսկ անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին. երկուքը իրարու կցուած էին, ու երկուքը իրենց մարմինը կը ծածկէին։
12Իւրաքանչիւրը շիտակ յառաջ կ’երթար. Հոգին ո՛ւր որ 5ուզէր՝ հոն կ’երթային. գացած ատեն աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։
13Ինչ կը վերաբերի էակներուն նմանութեան, անոնց տեսքը վառող կրակի կայծերու պէս էր, ջահերու երեւոյթին պէս. կրակը էակներուն միջեւ կը շրջէր։ Այդ կրակը լուսաճաճանչ էր, եւ փայլակներ կ’ելլէին կրակէն։
14Էակները կը սուրային ու կը վերադառնային՝ շանթի երեւոյթին պէս։
15Մինչ էակներուն կը նայէի, ահա՛ գետինին վրայ՝ էակներէն իւրաքանչիւրին քով՝ չորս երեսով անիւ մը կար։
16Անիւներուն երեւոյթը եւ անոնց շինուածքը ոսկեքարի դրսերեւոյթին պէս էին։ Չորսին նմանութիւնը նոյնն էր։ Անոնց երեւոյթն ու շինուածքը այնպէս էր՝ որպէս թէ անիւ անիւի մէջտեղը եղած ըլլար։
17Գացած ատեն՝ իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։
18Ինչ կը վերաբերի անոնց շրջանակներուն, անոնք բարձր եւ ահարկու էին. անոնց շրջանակները ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին, իրենց չորսին ալ։
19Երբ էակները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ էակները երկրի մակերեսէն բարձրանային, անիւներն ալ կը բարձրանային։
20Հոգին ուր որ 6ուզէր՝ անոնք հոն կ’երթային, Հոգիին գացած տեղը. անիւներն ալ անոնց հետ կը բարձրանային, քանի որ անիւներուն մէջ էակներուն ոգին կար։
21Երբ անոնք երթային, ասոնք ալ կ’երթային. երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային. իսկ երբ անոնք երկրի մակերեսէն բարձրանային, անիւները անոնց հետ կը բարձրանային. որովհետեւ անիւներուն մէջ էակներուն ոգին կար։
22Էակներուն գլուխին վրայ՝ երկինքի հաստատութեան նմանութիւնը կար, 7լուսափայլ ակնվանիի դրսերեւոյթին պէս, վերէն 8տարածուած անոնց գլուխին վրայ։
23Այդ հաստատութեան տակ՝ անոնց թեւերը իրարու ուղղուած էին։ Իւրաքանչիւրը մէկ կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր, եւ իւրաքանչիւրը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։
24Երբ կ’երթային, անոնց թեւերուն աղմուկը լսեցի՝ յորդառատ ջուրերու աղմուկին պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, ժխորի ձայնի՝ բանակի ձայնի պէս. երբ կը կենային, իրենց թեւերը կ’իջեցնէին։
25Երբ անոնք կենային եւ իրենց թեւերը իջեցնէին, իրենց գլուխին վրայ եղող հաստատութենէն ձայն մը 9կու գար՝՝։
26Անոնց գլուխին վրայ եղող հաստատութեան վերեւը՝ շափիւղայ քարի երեւոյթով գահի նմանութիւն մը կար. իսկ այդ գահի նմանութեան վրայ մարդու տեսքի նմանութիւն մը կար՝ վերեւը։
27Անոր մէջքին տեսքէն վեր՝ ոսկեպղինձի դրսերեւոյթին պէս, կրակի երեւոյթին պէս տեսայ, շուրջը եւ ներսը. իսկ մէջքին տեսքէն վար կրակի երեւոյթին պէս տեսայ, ու պայծառութեամբ շրջապատուած էր։
28Ինչպէս է տեղատարափի օրը ամպի մէջ եղող ծիածանին երեւոյթը, այնպէս էր շրջապատող պայծառութեան երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջ փառքին նմանութեան երեւոյթն էր. երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ, ու խօսողի մը ձայնը լսեցի։