Ezekiel 2
Lamentations « Ezekiel 1 ‹ Ezekiel 2 › Ezekiel 3 » Daniel
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԶԵԿԻԷԼԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1Ան ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, կայնէ՛ ոտքերուդ վրայ, որ քեզի հետ խօսիմ»։
2Երբ ինծի հետ կը խօսէր՝ Հոգին 1զիս համակեց՝՝, զիս ոտքերուս վրայ կայնեցուց, եւ ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի։
3Ան ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն կը ղրկեմ, ըմբոստներու ազգի մը՝ որ ինծի դէմ ըմբոստացաւ. թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցանք գործեցին։
4Անոնք 2պնդերես ու կարծրասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ”։
5Եւ անոնք՝ լսեն կամ դադրին ունկնդրելէ, (քանի որ անոնք ըմբոստներու տուն են,) պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։
6«Իսկ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մի՛ վախնար անոնցմէ, ո՛չ ալ վախցիր անոնց խօսքերէն, թէպէտ քու քովդ 3կամակոր ու ծուռ մարդիկ՝՝ կան, եւ կարիճներու քով կը բնակիս։ Մի՛ վախնար անոնց խօսքերէն ու մի՛ զարհուրիր անոնց երեսէն, թէպէտ անոնք ըմբոստներու տուն են։
7Հաղորդէ՛ անոնց իմ խօսքերս, լսեն կամ դադրին ունկնդրելէ. քանի որ անոնք ըմբոստ են։
8«Իսկ դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մտի՛կ ըրէ քեզի ըսածս. այդ ըմբոստ տան պէս ըմբոստ մի՛ ըլլար. բա՛ց բերանդ ու կե՛ր քեզի տուածս»։
9Նայեցայ, եւ ահա՛ ինծի երկարած ձեռք մը կար, 4անոր մէջ ալ՝ գիրքի պատատ մը։
10Զայն իմ առջեւս 5բացաւ. 6ան ներսէն ու դուրսէն՝՝ գրուած էր. անոր մէջ ողբեր, հառաչանքներ ու վայեր գրուած էին։