Loading...

Ezekiel 3

Lamentations  «  Ezekiel 2  ‹  Ezekiel 3  ›  Ezekiel 4  »  Daniel


1

Ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, կե՛ր այդ գտածդ. կե՛ր այդ պատատը, ու գնա՛ Իսրայէլի տան խօսէ՛»։

2

Ես ալ բերանս բացի, եւ այդ պատատը ինծի կերցուց։

3

Ապա ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, 1կերակրէ՛ փորդ ու լեցո՛ւր աղիքներդ այս պատատով՝ որ քեզի կու տամ»։ Ուստի զայն կերայ, ու բերանիս մէջ մեղրի պէս քաղցր եղաւ։

4

Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, գնա՛, մտի՛ր Իսրայէլի տունը եւ ըսէ՛ անոնց իմ խօսքերս,

5

որովհետեւ դուն դժուարիմաց խօսք եւ 2անըմբռնելի լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա՝ Իսրայէլի տան.

6

դժուարիմաց խօսք եւ անըմբռնելի լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար. իսկապէս եթէ քեզ անոնց ղրկած ըլլայի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։

7

Բայց Իսրայէլի տունը պիտի չուզէ քեզի մտիկ ընել, քանի որ չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել. արդարեւ Իսրայէլի ամբողջ տունը 3պնդերես ու խստասիրտ է։

8

Ահա՛ անոնց երեսին դէմ քու երեսդ 4պինդ ըրի, եւ անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ՝ կարծր։

9

Քու ճակատդ ադամանդի պէս ըրի՝ գայլախազէն աւելի կարծր։ Մի՛ վախնար անոնցմէ, ու մի՛ զարհուրիր անոնց երեսէն, թէպէտ անոնք ըմբոստներու տուն են»։

10

Ապա ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, իմ բոլոր խօսքերս՝ որ քեզի պիտի ըսեմ, ընդունէ՛ սիրտիդ մէջ, լսէ՛ ականջներովդ,

11

ու գնա՛, մտի՛ր տարագիրներուն մէջ — քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ —, խօսէ՛ անոնց, մտիկ ընեն կամ դադրին ունկնդրելէ, եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ”»։

12

Այն ատեն Հոգին զիս յափշտակեց, ու ետեւէս մեծ 5շաչիւնի ձայն մը լսեցի՝ որ կ’ըսէր. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրոջ փառքը իր տեղէն»։

13

Նաեւ լսեցի էակներուն թեւերուն իրարու 6դպչելուն աղմուկը, անոնց քովի անիւներուն աղմուկը, ու մեծ շաչիւնի մը աղմուկը։

14

Հոգին զիս յափշտակեց եւ տարաւ. ես դառնութեամբ, հոգիիս ցասումով գացի, ու Տէրոջ ձեռքը ուժովցաւ իմ վրաս։

15

Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի տարագիրներուն հասայ, եւ անոնց կեցած տեղը կեցայ։ Հոն եօթը օր ապշած մնացի անոնց մէջ։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ԿԸ ԿԱՐԳԷ ԵԶԵԿԻԷԼԸ (Եզեկ. 33. 1-9)

16

Եօթը օր ետք 7Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

17

«Մարդո՛ւ որդի, քեզ դէտ կարգեցի Իսրայէլի տան։ Երբ խօսք մը լսես իմ բերանէս, զանոնք զգուշացո՛ւր իմ կողմէս։

18

Երբ ամբարիշտին ըսեմ. “Անշուշտ պիտի մեռնիս”, բայց դուն զայն չզգուշացնես, ամբարիշտին չխօսիս որ խրատուելով իր 8վատ ընթացքէն՝՝ հեռանայ եւ ողջ մնայ, այդ ամբարիշտը իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։

19

Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես բայց ան իր ամբարշտութենէն ու վատ ընթացքէն չհեռանայ, ան իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, սակայն դուն անձդ ազատած կ’ըլլաս։

20

Եթէ արդարը իր արդարութենէն հեռանայ եւ անիրաւութիւն գործէ, ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, ան պիտի մեռնի։ Զինք չզգուշացնելուդ համար՝ ան իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի, եւ իր գործած արդարութիւնը պիտի չյիշուի. բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։

21

Իսկ եթէ դուն արդարը զգուշացնես՝ որ արդարը չմեղանչէ, եւ ան չմեղանչէ, ան անշուշտ պիտի ապրի՝ խրատուելուն համար, ու դուն անձդ ազատած պիտի ըլլաս»։


ԵԶԵԿԻԷԼ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐԵՆԱՅ ԽՕՍԻԼ

22

Հոն Տէրոջ ձեռքը իմ վրաս եղաւ, եւ ինծի ըսաւ. «Կանգնէ՛, 9դա՛շտը գնա, ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։

23

Ես ալ կանգնեցայ, դաշտը գացի, եւ ահա՛ Տէրոջ փառքը հոն կեցած էր, այն փառքին պէս՝ որ Քոբար գետին քով տեսեր էի. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։

24

Սակայն Հոգին 10զիս համակեց՝՝, զիս ոտքերուս վրայ կայնեցուց, եւ ինծի հետ խօսելով ըսաւ. «Գնա՛, փակուէ՛ տանդ մէջ։

25

11Արդարեւ, ո՛վ մարդու որդի, ահա՛ քու վրադ փոկեր պիտի դնեն ու քեզ պիտի կապեն անոնցմով, որպէսզի դուրս չելլես 12մարդոց մէջ։

26

Լեզուդ քիմքիդ պիտի փակցնեմ, համր պիտի ըլլաս, եւ իրենց համար կշտամբող մարդ պիտի չըլլաս, որովհետեւ անոնք ըմբոստներու տուն են։

27

Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, բերանդ պիտի բանամ եւ անոնց պիտի ըսես. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ”։ Լսողը թող լսէ, իսկ ունկնդրելէն դադրողը թող դադրի. քանի որ անոնք ըմբոստներու տուն են»։



1 Եբր.՝ կերցո՛ւր
2 Եբր.՝ ծանր
3 Եբր.՝ կարծր ճակատով
4 Եբր.՝ կարծր
5 Եբր.՝ շարժումի
6 Եբր.՝ համբուրուելուն
7 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
8 Եբր.՝ ամբարիշտ ճամբայէն
9 Կամ՝ հովի՛տը
10 Եբր.՝ մէջս մտաւ
11 Եբր.՝ Ու դո՛ւն
12 Եբր.՝ անոնց