Loading...

Ezekiel 17

Lamentations  «  Ezekiel 16  ‹  Ezekiel 17  ›  Ezekiel 18  »  Daniel


ԱՐԾԻՒԻՆ ԵՒ ՈՐԹԱՏՈՒՆԿԻՆ ԱՌԱԿԸ

1

Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, Իսրայէլի տան հանելո՛ւկ մը առաջարկէ եւ առա՛կ մը խօսէ։

3

Ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Մեծ արծիւ մը՝ մեծաթեւ, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով 1ծածկուած՝ Լիբանան եկաւ եւ մայրիին կատարը առաւ։

4

Անոր ընձիւղներուն գագաթը փրցուց, ու զայն 2առեւտրականի երկիր մը տարաւ. զայն վաճառականներու քաղաք մը դրաւ։

5

Նաեւ այդ երկրին հունտէն առաւ ու զայն 3բարեբեր արտի մը մէջ բուսցուց. զայն յորդառատ ջուրերու քով տարաւ, եւ ուռիի պէս 4տնկեց։

6

Ան ալ բուսաւ ու տարածուելով կարճահասակ որթատունկ մը եղաւ. անոր ոստերը 5իր կողմը դարձած էին, եւ արմատները իր տակն էին. ան որթատունկ մը եղաւ, բարունակներ 6բուսցուց եւ շառաւիղներ արձակեց։

7

"Ուրիշ մեծ արծիւ մըն ալ կար, մեծաթեւ ու բազմափետուր. եւ ահա՛ այս որթատունկը իր արմատները դէպի անոր կողմը 7դարձուց ու ոստերը անոր երկնցուց, այն ածուներէն՝ ուր տնկուած էր, որպէսզի ան զինք 8ոռոգէ։

8

Ան լաւ արտի մէջ տնկուեցաւ՝ յորդառատ ջուրերու քով, որպէսզի ոստեր 9արձակէ, պտուղ բերէ, եւ հոյակապ որթատունկ ըլլայ"”»։

9

«Ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Արդեօք ան պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ այդ առաջին արծիւը անոր արմատները պիտի 10չխլէ՞ եւ անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որ ան չորնայ։ Անոր բոլոր բուսած տերեւները պիտի չորնան, եւ առանց մեծ 11զօրութեան ու շատ ժողովուրդի՝ զայն արմատէն պիտի 12խլէ։

10

Ահա՛ տնկուեցաւ. արդեօք պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ բոլորովին պիտի չչորնա՞յ՝ երբ արեւելեան հովը անոր դպչի։ Ան պիտի չորնայ այն ածուներուն մէջ՝ ուր բուսած էր"”»։


ԱՌԱԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻ

11

Դարձեալ 13Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

12

«Ուրեմն ըսէ՛ ըմբոստներու տան. “Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ ասոնք ի՛նչ կը նշանակեն”։ Ըսէ՛. “Ահա՛ Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ, անոր թագաւորն ու իշխանաւորները առաւ եւ զանոնք իր քով՝ Բաբելոն տարաւ։

13

Թագաւորին զարմէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ կնքեց, եւ անոր 14երդում ընել տուաւ։ Նաեւ երկրին զօրաւորները առաւ,

14

որպէսզի թագաւորութիւնը նուաստ ըլլայ ու չկարենայ ինքզինք բարձրացնել, հապա իր ուխտը պահելով կայուն մնայ”։

15

Բայց ինք անոր դէմ ըմբոստացաւ եւ Եգիպտոս պատգամաւորներ ղրկեց, որպէսզի իրեն ձիեր ու շատ ժողովուրդ տան։ Միթէ ինք պիտի յաջողի՞. ասոնք ընողը պիտի ազատի՞, կամ թէ ուխտը խզելով պիտի ազատի՞։

16

Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— անիկա անշուշտ պիտի մեռնի այն թագաւորին բնակած տեղը՝ որ զինք թագաւոր նշանակեր էր, որուն երդումը արհամարհեց եւ անոր ուխտը խզեց. անոր քով՝ Բաբելոնի մէջ։

17

Պատերազմի մէջ Փարաւոն անոր համար ոչինչ պիտի ընէ իր մեծ զօրագունդով եւ ստուար համախմբումով, երբ հողաբլուրներ բարձրացնեն ու մարտկոցներ կառուցանեն՝ շատ անձեր կոտորելու համար.

18

որովհետեւ անիկա երդումը արհամարհեց եւ ուխտը խզեց։ Ահա՛ անիկա այս բոլորը ըրաւ՝ 15իր ձեռքը տալէն՝՝ ետք. ուստի պիտի չազատի”»։

19

«Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ես կ’ապրի՛մ. անշուշտ անոր 16վրայ պիտի բերեմ՝՝ պատիժը իմ 17երդումիս՝ որ ան արհամարհեց, եւ իմ ուխտիս՝ որ խզեց։

20

Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ, եւ անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի. զայն Բաբելոն պիտի տանիմ, ու հոն անոր հետ դատ պիտի վարեմ, ինծի դէմ ըրած ուխտազանցութեան համար։

21

Անոր բոլոր փախստականներն ու բոլոր գումարտակները սուրով պիտի իյնան, եւ անոր մնացորդները բոլոր հովերուն պիտի ցրուին։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ”»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

22

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ե՛ս ալ բարձր մայրիին կատարէն պիտի առնեմ, ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն գագաթէն մատղաշ մը պիտի փրցնեմ, եւ բարձր ու վեհ լերան մը վրայ պիտի տնկեմ.

23

զայն Իսրայէլի բարձր լերան վրայ պիտի տնկեմ։ Ան ոստեր պիտի 18արձակէ, պտուղ պիտի տայ, եւ հոյակապ մայրի մը պիտի ըլլայ։ Անոր տակ պիտի բնակին բոլոր թռչնազգիները, ամէն տեսակ թեւաւոր. անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։

24

Դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան թէ ե՛ս՝ Տէրս ցածցուցի բարձր ծառը, ու բարձրացուցի ցած ծառը. չորցուցի դալար ծառը, եւ ծաղկեցուցի չոր ծառը։ Ե՛ս՝ Տէրս խօսեցայ, ու պիտի իրագործեմ»։



1 Եբր.՝ լեցուած
2 Եբր.՝ քանանացի առեւտրականի
3 Եբր.՝ սերմանուած
4 Եբր.՝ դրաւ
5 Այսինքն՝ արծիւին
6 Եբր.՝ տուաւ
7 Եբր.՝ ծռեց
8 Եբր.՝ ջրէ
9 Եբր.՝ տայ
10 Եբր.՝ չփրցնէ՞
11 Եբր.՝ բազուկի
12 Եբր.՝ հանէ
13 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
14 Եբր.՝ անէծքով երդում
15 Այսինքն՝ երդում ընելէն
16 Եբր.՝ գլուխին վրայ պիտի դնեմ
17 Եբր.՝ անէծքով երդումիս
18 Եբր.՝ կրէ