Loading...

Ezekiel 18

Lamentations  «  Ezekiel 17  ‹  Ezekiel 18  ›  Ezekiel 19  »  Daniel


1

Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի սա՛ առածը՝ որ դուք Իսրայէլի 2երկրին 3մէջ կ’ըսէք. “Հայրերը ազոխ կերան, եւ որդիներո՛ւն ակռաները 4առին”։

3

Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— Իսրայէլի մէջ այս առածը անգա՛մ մըն ալ պիտի չըսէք։

4

Ահա՛ բոլոր անձերը իմս են. ինչպէս հօր անձը իմս է, նոյնպէս ալ որդիին անձը։ Այն անձը որ կը մեղանչէ, անիկա՛ պիտի մեռնի։

5

Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ,

6

լեռներու վրայ չուտէ եւ աչքերը դէպի Իսրայէլի տան չաստուածները չվերցնէ, իր ընկերին կինը չպղծէ ու 5դաշտանի մէջ եղող կնոջ մը չմերձենայ,

7

ո՛չ մէկը կեղեքէ, պարտականին գրաւը վերադարձնէ, ոչինչ բռնագրաւելով յափշտակէ, իր հացը անօթիին տայ եւ մերկը հագուստով ծածկէ,

8

դրամը վաշխով չտայ ու տոկոս չառնէ, իր ձեռքը անիրաւութենէ ետ 6քաշէ եւ 7մարդոց միջեւ 8արդար դատաստան կիրարկէ,

9

իմ կանոններովս ընթանայ ու որոշումներս պահէ՝ ճշմարտութեամբ վարուելով, անիկա արդար է. անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։

10

«Բայց եթէ անիկա 9անօրէն եւ արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց նման որեւէ բան ընէ,

11

եւ այն լաւ բաներէն ո՛չ մէկը ընէ, հապա լեռներու վրայ ուտէ եւ իր ընկերին կինը պղծէ,

12

դժբախտն ու աղքատը կեղեքէ, բան մը բռնագրաւելով յափշտակէ, գրաւը չվերադարձնէ, եւ իր աչքերը չաստուածներուն վերցնելով՝ գարշութիւն գործէ,

13

վաշխով դրամ տայ ու տոկոս առնէ, միթէ ան պիտի ապրի՞. պիտի չապրի։ Քանի այս բոլոր գարշութիւնները գործեց, անշո՛ւշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։

14

«10Իսկ եթէ ան որդի մը ծնանի, որ իր հօր գործած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ 11ուշադրութիւն դարձնէ՝՝ ու զանոնք չգործէ,

15

լեռներու վրայ չուտէ եւ իր աչքերը դէպի Իսրայէլի տան չաստուածները չվերցնէ, իր ընկերին կինը չպղծէ,

16

ո՛չ մէկը կեղեքէ, գրաւը չպահէ, ոչինչ բռնագրաւելով յափշտակէ, իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հագուստով ծածկէ,

17

դժբախտին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ եւ տոկոս չառնէ, իմ որոշումներս կիրարկէ ու կանոններովս ընթանայ, անիկա իր հօր անօրէնութեան համար պիտի չմեռնի. անշո՛ւշտ պիտի ապրի։

18

Բայց իր հայրը, քանի չափազանց հարստահարեց, իր եղբօրմէն բան մը բռնագրաւելով յափշտակեց, եւ իր ժողովուրդին մէջ ըրաւ ինչ որ լաւ չէ, ահա՛ իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի։

19

«Սակայն պիտի ըսէք. “Ինչո՞ւ որդին իր հօր անօրէնութեան պատիժը պիտի չկրէ”։ Քանի որդին իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկեց, իմ բոլոր կանոններս պահեց ու զանոնք գործադրեց, անշուշտ պիտի ապրի։

20

Այն անձը որ կը մեղանչէ, անիկա՛ պիտի մեռնի. որդին հօրը անօրէնութեան պատիժը պիտի չկրէ, հայրն ալ որդիին անօրէնութեան պատիժը պիտի չկրէ. արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ, եւ ամբարիշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։

21

Իսկ եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն հեռանայ, իմ բոլոր կանոններս պահէ, ու իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ, ան անշուշտ պիտի ապրի. պիտի չմեռնի։

22

Անոր գործած բոլոր յանցանքները իրեն դէմ պիտի չյիշուին, հապա ան իր կիրարկած արդարութեամբ պիտի ապրի։

23

Արդեօք ես կ’ախորժի՞մ որ ամբարիշտը մեռնի,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— միթէ չե՞մ ուզեր որ ան իր ճամբայէն հեռանայ եւ ապրի։

24

Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն 12հրաժարի եւ ամբարիշտին գործած բոլոր գարշութիւններուն պէս անիրաւութիւն գործէ, պիտի ապրի՞։ Անոր կիրարկած ամբողջ արդարութիւնը պիտի չյիշուի. ան իր ըրած ուխտազանցութեան ու գործած մեղքին պատճառով պիտի մեռնի։

25

«Դուք կ’ըսէք. “Տէրոջ 13ճամբան 14ուղիղ չէ”։ Ուրեմն մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տունը. միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։ Ձե՛ր ճամբաները չե՞ն ուղիղ չեղողները։

26

Երբ արդարը իր արդարութենէն հրաժարի եւ անիրաւութիւն գործէ, ու ատոր մէջ մեռնի, ան իր գործած անիրաւութեան համար կը մեռնի։

27

Իսկ երբ ամբարիշտը իր գործած ամբարշտութենէն հրաժարի, ու իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ, ան իր անձը ողջ պիտի պահէ։

28

Արդարեւ ան 15ուշադրութիւն դարձուց՝՝, եւ իր գործած բոլոր յանցանքներէն հրաժարեցաւ. ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։

29

«Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ. “Տէրոջ ճամբան ուղիղ չէ”։ Ո՛վ Իսրայէլի տունը, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն։ Ձե՛ր ճամբաները չե՞ն ուղիղ չեղողները։

30

Հետեւաբար, ո՛վ Իսրայէլի տունը, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։— Դարձի՛ եկէք ու հեռացէ՛ք ձեր բոլոր յանցանքներէն, որպէսզի անօրէնութիւնը 16ձեր կորուստին պատճառ՝՝ չըլլայ։

31

Ձեզմէ նետեցէ՛ք ձեր գործած բոլոր յանցանքները, եւ ձեզի նո՛ր սիրտ ու նո՛ր հոգի 17ստացէք. ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տունը։

32

Արդարեւ մեռնողին մահէն չեմ ախորժիր,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— ուստի դարձի՛ եկէք եւ ապրեցէ՛ք»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ հողին
3 Կամ՝ մասին
4 Այսինքն՝ գրգռուեցան
5 Եբր.՝ կեղտոտութեան
6 Եբր.՝ պահէ
7 Եբր.՝ մարդու եւ մարդու
8 Եբր.՝ ճշմարիտ
9 Եբր.՝ աւազակ
10 Եբր.՝ Ահա՛
11 Եբր.՝ տեսնէ
12 Եբր.՝ հեռանայ
13 Այսինքն՝ վարուելակերպը
14 Եբր.՝ կշռուած
15 Եբր.՝ տեսաւ
16 Եբր.՝ ձեզի խոչընդոտ
17 Կամ՝ ըրէք