Loading...

Ezekiel 23

Lamentations  «  Ezekiel 22  ‹  Ezekiel 23  ›  Ezekiel 24  »  Daniel


ՄԵՂԱՒՈՐ ՔՈՅՐԵՐԸ

1

Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, երկու կիներ կային, մէկ մօր աղջիկներ։

3

Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկեցան, իրենց երիտասարդութեան ատենը պոռնկեցան. անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան, անոնց կուսութեան ստինքները հոն 2շօշափուեցան։

4

Անոնց անուններն էին՝ մեծինը՝ 3Ոհողա, եւ անոր քրոջ՝ 4Ոհողիբա։ Յետոյ անոնք իմս եղան, ու որդիներ եւ աղջիկներ ծնան։ Ահա՛ւասիկ անոնց անունները.— Ոհողա՝ Սամարիա, ու Ոհողիբա՝ Երուսաղէմ։

5

«Ոհողա՝ թէպէտ իմս էր՝ պոռնկեցաւ. իր հոմանիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն՝ իր ասորեստանցի հարեւաններուն,

6

5կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն. անոնք բոլորը ցանկալի երիտասարդներ էին, ձի հեծնող ձիաւորներ։

7

Ան 6պոռնկեցաւ իրենց հետ, այսինքն՝ Ասորեստանի բոլոր ընտիր որդիներուն հետ. նաեւ բոլոր անոնց հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց բոլոր չաստուածներով ինքզինք 7պղծեց։

8

Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չլքեց. արդարեւ իր երիտասարդութեան ատեն իրեն հետ պառկեր էին, իր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին եւ իրենց պոռնկութիւնը իր վրայ թափեր էին։

9

Հետեւաբար զայն իր հոմանիներուն ձեռքը յանձնեցի, Ասորեստանցիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։

10

Անոնք իր մերկութիւնը բացին, իր որդիներն ու աղջիկները յափշտակեցին, եւ զինք սուրով մեռցուցին։ Այսպէս՝ ան կիներուն մէջ անուանի եղաւ, եւ իր վրայ դատավճիռներ կիրարկեցին։

11

«Երբ անոր քոյրը՝ Ոհողիբա ասիկա տեսաւ, իր սիրահարութեամբ անկէ աւելի ապականեցաւ, եւ իր պոռնկութիւնները քրոջ պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց։

12

Իր հարեւաններուն սիրահարեցաւ, այսինքն՝ Ասորեստանցիներուն, 8շքեղազգեստ կուսակալներուն ու նախարարներուն. անոնք բոլորը ցանկալի երիտասարդներ էին, ձի հեծնող ձիաւորներ։

13

Տեսայ թէ պղծուեցաւ, ու երկուքին 9ընթացքն ալ նոյնը՝՝ եղաւ։

14

Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանի որ երբ պատին վրայ գծուած մարդիկ տեսաւ, 10նօթով գծագրուած Քաղդէացիներուն պատկերները,—

15

որոնք իրենց մէջքը գօտի կապած էին, իրենց գլուխին վրայ ներկուած ապարօշներ 11ունէին, ու բոլորը զօրավարներու տեսքով էին, իրենց 12ծննդավայրին՝ Քաղդէաստանի Բաբելոնացիներուն նման,—

16

զանոնք իր աչքերով տեսնելով՝ անոնց սիրահարեցաւ, եւ անոնց պատգամաւորներ ղրկեց՝ Քաղդէաստան։

17

Բաբելոնացիները իրեն հետ տարփանքի անկողինը մտան, ու զինք իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին. ինք անոնց հետ պղծուեցաւ, յետոյ իր անձը անոնցմէ անջատուեցաւ։

18

Իր պոռնկութիւնները յայտնեց եւ իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ անձս անկէ անջատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն անջատուեր էր։

19

Այսպէս ան իր պոռնկութիւնները բազմապատկեց, յիշելով իր երիտասարդութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ պոռնկած ժամանակը։

20

Ուստի սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմինին պէս էր, եւ անոնց սերմնացայտումը՝ ձիերու սերմնացայտումին պէս։

21

Դուն երիտասարդութեանդ լրբութիւնը 13վերյիշեցիր, երբ երիտասարդութեանդ ծիծերը ճնշուելով՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն կը շօշափուէին»։


ՓՈՔՐ ՔՐՈՋ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

22

«Հետեւաբար, ո՛վ Ոհողիբա, Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես քեզի դէմ պիտի գրգռեմ քու հոմանիներդ, որոնցմէ քու անձդ անջատուեցաւ, եւ զանոնք ամէն կողմէ քեզի դէմ պիտի բերեմ.—

23

Բաբելոնացիներն ու բոլոր Քաղդէացիները, 14Փակուդը, Սուէն ու Կուէն՝՝, եւ անոնց հետ բոլոր Ասորեստանցիները, բոլորը՝ ցանկալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրավարներ եւ անուանի մարդիկ։

24

Անոնք մարտակառքերով, կառքերով, անիւներով ու ժողովուրդներու համախմբումով քեզի դէմ պիտի գան. ամէն կողմէ քեզի դէմ պիտի 15շարուին՝ ասպարով, վահանով եւ սաղաւարտով։ Դատաստանը անոնց 16պիտի յանձնեմ՝՝, ու քեզ իրենց կանոններով պիտի դատեն։

25

Իմ նախանձախնդրութիւնս պիտի 17կիրարկեմ քեզի դէմ, որ ցասումով վարուին քեզի հետ։ Քու քիթդ եւ ականջներդ պիտի 18կտրեն, ու քեզմէ մնացածը սուրով պիտի իյնայ։ Քու որդիներդ եւ աղջիկներդ պիտի յափշտակեն, ու քեզմէ մնացածը կրակով պիտի սպառի։

26

Քու հագուստներէդ քեզ պիտի մերկացնեն, եւ շքեղ 19զարդերդ պիտի գրաւեն։

27

Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ լրբութիւնդ ու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսի երկրէն բերիր, որպէսզի աչքերդ անոնց չվերցնես եւ անգա՛մ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես”»։

28

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը՝ որ դուն ատեցիր, անոնց ձեռքը՝ որոնցմէ անձդ անջատուեցաւ։

29

Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին, ամբողջ վաստակդ պիտի գրաւեն, ու քեզ մերկ եւ անծածկոյթ պիտի թողուն. քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, լրբութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։

30

Քեզի պիտի ա՛յսպէս պիտի վարուիմ, քանի 20հեթանոսներուն հետ պոռնկեցար եւ անոնց չաստուածներով 21ապականեցար։

31

Դուն քրոջդ ճամբայէն ընթացար, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։

32

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Դուն քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես. քու վրադ պիտի խնդացնես եւ պիտի ծաղրուիս, որովհետեւ շատ բան կը պարունակէ։

33

Գինովութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս, քանի ապշութեան եւ 22զարմացումի բաժակ մըն է քու քրոջդ՝ Սամարիայի բաժակը։

34

Դուն զայն պիտի խմես ու պիտի քամես, պիտի 23կոտրտես եւ անոր 24խեցատներով 25ստինքներդ պիտի պատռտես, որովհետեւ ես խօսեցայ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։

35

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի զիս մոռցար ու կռնակիդ ետեւը նետեցիր, դո՛ւն ալ քու լրբութեանդ եւ պոռնկութիւններուդ պատիժը պիտի կրես»։


ԵՐԿՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

36

Նաեւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, պիտի դատե՞ս Ոհողան ու Ոհողիբան. ուրեմն յայտնէ՛ անոնց իրենց գարշութիւնները։

37

Արդարեւ շնութիւն ըրին, եւ իրենց ձեռքերնուն վրայ արիւն կայ. իրենց չաստուածներով շնութիւն ըրին, ու նոյնիսկ ինծի ծնած իրենց որդիները կրակէ անցուցին, որպէսզի անոնց կերակուր ըլլան։

38

Նաեւ սա՛ ըրին ինծի.— նոյն օրը իմ սրբարանս 26ապականեցին եւ Շաբաթներս պղծեցին,

39

որովհետեւ երբ իրենց որդիները 27զոհէին իրենց չաստուածներուն, նոյն օրը իմ սրբարանս կը մտնէին՝ որպէսզի զայն պղծեն. ահա՛ ինչ որ ըրին իմ տանս մէջ։

40

Նաեւ լուր ղրկեցիք որ մարդիկ հեռուէն գան, անոնց պատգամաւորներ ղրկելով. եւ ահա՛ անոնք եկան։ Անոնց համար դուն լուացուեցար, աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու 28պճնազարդուեցար.

41

յետոյ փառաւոր 29բազմոցի մը վրայ նստար, որուն առջեւ սեղան մը պատրաստուած էր, եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։

42

Անոր հետ 30ուրախութիւն ընող՝՝ բազմութեան մը աղմուկը կը լսուէր, եւ այդ 31ամբոխին մարդոց քով՝ անապատէն 32արբեցողներ բերուեցան, որոնք 33անոնց ձեռքերը ապարանջաններ դրին, ու գլուխը՝ շքեղ պսակներ։

43

«Ուստի շնութեան մէջ պառաւածին մասին ըսի. “Հիմա՞ ալ իրեն հետ պիտի պոռնկին. իրե՞ն հետ”։

44

Սակայն մտան իր քով, ինչպէս կը մտնեն պոռնիկ կնոջ մը քով. այսպէս մտան այդ լիրբ կիներուն՝ Ոհողայի ու Ոհողիբայի քով։

45

Բայց արդար մարդիկ զանոնք պիտի դատեն շնացեալ կիներուն դատաստանով եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանով. արդարեւ անոնք շնացեալ կիներ են, ու իրենց ձեռքերուն վրայ արիւն կայ»։

46

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Անոնց դէմ համախմբում մը պիտի բարձրացնեմ, եւ զանոնք սոսկումի ու կողոպուտի պիտի մատնեմ։

47

Համախմբումը զանոնք պիտի 34քարկոծէ, եւ զանոնք պիտի 35կտրատեն իրենց սուրերով. անոնց որդիներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, եւ անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։

48

Այսպէս՝ երկրին մէջ լրբութիւնը պիտի դադրեցնեմ, որպէսզի բոլոր կիները խրատուին ու ձեր լրբութեան համեմատ չվարուին։

49

Ձեր լրբութեան հատուցումը ձեր վրայ պիտի 36բերեն, ձեր չաստուածներուն մեղքերուն պատիժը պիտի կրէք, եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Եհովան»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ գործածուեցան
3 Այսինքն՝ իր վրանը
4 Այսինքն՝ իմ վրանս իր մէջ
5 Այսինքն՝ կապուտակով ներկուած կերպաս
6 Եբր.՝ իր պոռնկութիւններուն յանձնուեցաւ
7 Եբր.՝ անմաքուր ըրաւ
8 Եբր.՝ կատարելապէս հագուած
9 Եբր.՝ ճամբան ալ մէկ
10 Այսինքն՝ բարձրորակ կարմիր ներկով
11 Եբր.՝ տարածած էին
12 Եբր.՝ ծնունդի երկրին
13 Եբր.՝ աչքէ անցուցիր
14 Կամ՝ վերատեսուչները, հարուստներն ու ազնուականները
15 Եբր.՝ դրուին
16 Եբր.՝ առջեւ պիտի դնեմ
17 Եբր.՝ դնեմ
18 Եբր.՝ փրցնեն
19 Եբր.՝ իրերդ
20 Կամ՝ ազգերուն
21 Եբր.՝ անմաքուր ըլլալուդ
22 Կամ՝ ամայութեան
23 Կամ՝ կրծես
24 Այսինքն՝ թրծուած կաւի կտորները
25 Եբր.՝ ծիծերդ
26 Եբր.՝ անմաքուր ըրին
27 Եբր.՝ մորթէին
28 Եբր.՝ զարդերով զարդարուեցար
29 Կամ՝ մահիճի
30 Եբր.՝ անդորր
31 Եբր.՝ մարդոց շատութեան
32 Կամ՝ Սաբայեցիներ
33 Այսինքն՝ երկու քոյրերուն
34 Եբր.՝ քարերով պիտի քարկոծէ
35 Եբր.՝ կտրեն
36 Եբր.՝ դնեն