Loading...

Ezekiel 26

Lamentations  «  Ezekiel 25  ‹  Ezekiel 26  ›  Ezekiel 27  »  Daniel


ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻ ԴԷՄ

1

Տասնմէկերորդ տարին, ամսուան առաջին օրը,

2

1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. «Մարդո՛ւ որդի, քանի Տիւրոս Երուսաղէմի մասին ըսաւ. “Վա՜շ, ժողովուրդներուն դուռը կոտրեցաւ, անոր ունեցածը ինծի փոխանցուեցաւ, անոր աւերումով ես պիտի լեցուիմ”,

3

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս. քեզի դէմ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ։

4

Անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի քանդեն եւ անոր աշտարակները փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ ու զայն չոր ժայռի 2վերածեմ։

5

Ան ծովուն մէջտեղը ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, քանի ես խօսեցայ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։— Ան ազգերուն կողոպուտ պիտի ըլլայ

6

Անոր 3աղջիկները՝ որ դաշտավայրի մէջ են՝ սուրով պիտի սպաննուին, ու մարդիկ պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։

7

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես հիւսիսէն Տիւրոսի դէմ պիտի բերեմ թագաւորներու թագաւորը՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, համախմբումով ու շատ ժողովուրդով։

8

Ան քու աղջիկներդ դաշտավայրի մէջ սուրով պիտի մեռցնէ, իսկ քեզի դէմ մարտկոց պիտի 4կառուցանէ. քեզի դէմ հողաբլուր պիտի բարձրացնէ եւ ասպար կանգնեցնէ։

9

Քու պարիսպներուդ դէմ իր 5բաբանները պիտի դնէ, եւ իր ռազմական գործիքներով քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ։

10

Անոր ձիերուն բազմութեան պատճառով անոնց փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն, անիւներուն ու կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի ցնցուին՝ երբ ինք քու դռներէդ մտնէ, ինչպէս պարիսպը ճեղքուած քաղաքի մը մէջ կը մտնեն։

11

Քու բոլոր փողոցներդ պիտի կոխէ իր ձիերուն սմբակներով, ժողովուրդդ սուրով պիտի մեռցնէ, եւ ամուր արձաններդ գետին պիտի 6իյնան։

12

Քու հարստութիւնդ 7պիտի թալլեն՝՝ եւ 8ապրանքներդ կողոպտեն. քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն ու ցանկալի տուներդ քակեն. քու քարերդ, փայտերդ եւ հողդ ջուրերուն մէջ պիտի 9նետեն։

13

Քու երգերուդ դղրդիւնը պիտի դադրեցնեմ, ու քնարներուդ ձայնը անգա՛մ մըն ալ պիտի չլսուի։

14

Քեզ չոր ժայռի պիտի վերածեմ. դուն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, անգա՛մ մըն ալ պիտի չկառուցանուիս. արդարեւ ես՝ Տէրս խօսեցայ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։

15

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ Տիւրոսի. «Միթէ քու անկումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չցնցուի՞ն, երբ քու մէջդ ջարդ ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեծեն։

16

Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց գահերէն պիտի իջնեն, իրենց պարեգօտները պիտի հանեն եւ իրենց նկարազարդ հագուստներէն պիտի մերկանան. 10սարսափ պիտի հագնին, գետինի վրայ պիտի նստին ու ամէն վայրկեան պիտի 11սարսափին՝ քու վրադ ապշելով։

17

Քու վրադ ողբ բարձրացնելով՝ քեզի պիտի ըսեն. “Ի՜նչպէս կործանեցար, ո՛վ ծովաբնակ անուանի քաղաք, դո՛ւն՝ որ ծովուն մէջ ուժեղ էիր, 12դուն ու քու բնակիչներդ՝ որ երկիւղ կը պատճառէիք՝՝ ծովեզերքին բոլոր բնակիչներուն”։

18

Հիմա կղզիները պիտի ցնցուին քու անկումիդ օրը, ծովուն մէջ եղող կղզիները պիտի շփոթին քու 13վախճանէդ»։

19

Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Երբ քեզ աւերակ քաղաք մը դարձնեմ այն քաղաքներուն պէս՝ որ բնակիչ չունին, եւ վրադ անդունդը բարձրացնեմ ու յորդառատ ջուրերը քեզ ծածկեն,

20

քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին դարերու ժողովուրդին պիտի իջեցնեմ, եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ երկրի ստորին մասերը պիտի բնակեցնեմ՝ յաւիտենական աւերակներուն մէջ, որպէսզի ա՛լ չբնակուիս. այն ատեն փառք պիտի դնեմ ապրողներու երկրին մէջ։

21

Քեզ բոլորին արհաւիրք պիտի դարձնեմ, ու պիտի չքանաս. պիտի փնտռուիս, բայց երբեք պիտի չգտնուիս», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դարձնեմ
3 Այսինքն՝ գիւղերը
4 Եբր.՝ դնէ
5 Այսինքն՝ պատերազմական մեքենաները
6 Եբր.՝ իջնեն
7 Եբր.՝ աւար պիտի դարձնեն
8 Եբր.՝ վաճառականութիւնդ
9 Եբր.՝ դնեն
10 Եբր.՝ սարսուռ
11 Եբր.՝ սարսռան
12 Եբր.՝ ան եւ իր բնակիչները՝ որ իրենց երկիւղը կը պատճառէին
13 Եբր.՝ ելքէդ