Loading...

Ezekiel 27

Lamentations  «  Ezekiel 26  ‹  Ezekiel 27  ›  Ezekiel 28  »  Daniel


ԹԱՂՈՒՄԻ ԵՐԳ ՄԸ՝ ՏԻՒՐՈՍԻ ՀԱՄԱՐ

1

1Դարձեալ 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ո՛ղբ բարձրացուր Տիւրոսի վրայ

3

եւ ըսէ՛ Տիւրոսի. “Ո՛վ ծովուն մուտքը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ո՛վ Տիւրոս, դուն ըսիր. «Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ»։

4

Քու հողամասդ ծովուն 3մէջտեղն է. քեզ կառուցանողները գեղեցկութիւնդ կատարելագործեցին։

5

"Անոնք քու բոլոր նաւերուդ պատուածքները Սանիրի եղեւինէն կառուցանեցին. Լիբանանէն մայրիներ առին, որպէսզի քեզի կայմեր շինեն։

6

Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու 4նստարաններդ Կիտացիներու կղզիներէն բերուած տօսախէ շինեցին՝ փղոսկրով պատուած։

7

Քու տարածած առագաստդ Եգիպտոսի նկարազարդ բարակ քթանէն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն 5կապուտակէն ու 6ծիրանիէն էր։

8

Սիդոնի եւ Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստուններդ, ո՛վ Տիւրոս, քու նաւավարներդ էին։

9

Գեբաղի երէցներն ու անոր իմաստունները քովդ էին՝ քու նաւերուդ ճեղքերը նորոգելու համար. ծովուն բոլոր նաւերն ու անոնց նաւաստիները քովդ էին՝ քեզի հետ առուտուր ընելու համար։

10

Քու զօրագունդիդ մէջ Պարսիկները, Ղուդացիներն ու Փութացիներն էին պատերազմիկներդ. անո՛նք քովդ վահան եւ սաղաւարտ կը կախէին, ու քեզ կը փառաւորէին։

11

7Արուադացիները զօրագունդիդ հետ քեզ շրջապատող պարիսպներուդ վրայ էին, իսկ 8Գամադացիները՝ աշտարակներուդ մէջ. անոնք իրենց վահանները քեզ շրջապատող պարիսպներուդ վրայ կը կախէին. անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարելագործեցին։

12

"Ամէն տեսակ ապրանքի առատութեան համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին. անոնք վաճառանոցներուդ արծաթ, երկաթ, անագ եւ կապար 9կը հայթայթէին՝՝։

13

Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին. անոնք առուտուրիդ 10ստրուկներ եւ պղինձէ առարկաներ կը հայթայթէին։

14

Թորգոմայի տունէն քու վաճառանոցներուդ ձիեր, ձիաւորներ ու ջորիներ կը հայթայթէին։

15

Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ մը կղզիներու վաճառականութիւնը քու ձեռքդ էր. անոնք քեզ փղոսկրի 11ժանիքներով ու ոպնիազով 12կը վարձատրէին՝՝։

16

Սուրիա քու վաճառականդ էր՝ 13արտադրութիւններուդ առատութեան համար. քու վաճառանոցներուդ կարկեհան, ծիրանի, նկարազարդ կերպաս, բեհեզ, բուստ ու սուտակ կը հայթայթէին։

17

Յուդա եւ Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին. անոնք առուտուրիդ Մեննիթի ցորեն, խմորեղէն, մեղր, իւղ ու բալասան կը հայթայթէին։

18

Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ արտադրութիւններուդ ճոխութեան, ամէն տեսակ ապրանքի առատութեան համար, Քեղբոնի գինի եւ սպիտակ բուրդ հայթայթելով։

19

Վեդան ու Յաւան քու վաճառանոցներուդ մանած կը հայթայթէին. առուտուրիդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա եւ խունկեղէգ կային։

20

Դեդան քու վաճառականդ էր՝ 14կառքերու պաստառակալներուն համար։

21

15Արաբներն ու Կեդարի բոլոր իշխանները քեզի պարարտ գառներ, խոյեր եւ նոխազներ կը վաճառէին. ասոնց համար քու վաճառականներդ էին։

22

Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին. անոնք վաճառանոցներուդ ամէն տեսակ 16ընտիր բուրաւէտ համեմներ, ամէն տեսակ պատուական քարեր ու ոսկի կը հայթայթէին։

23

Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները, 17Ասորեստան եւ Քաղմադ քու վաճառականներդ էին.

24

անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ շքեղ հանդերձներու, կապուտակ ու նկարազարդ վերարկուներու, եւ երփներանգ կերպասներով լեցուած ու պարաններով կապուած մայրիի փայտէ սնտուկներու 18առուտուր կ’ընէին քեզի հետ։

25

Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը շրջէին։ Այսպէս՝ դուն լեցուեցար եւ յոյժ փառաւոր եղար ծովուն 19մէջտեղը։

26

"Թիավարներդ քեզ յորդառատ ջուրերու մէջ տարին. արեւելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը փշրեց։

27

Քու ապրանքներդ, վաճառքներդ եւ առուտուրդ, քու նաւաստիներդ ու նաւավարներդ, քու նաւերուդ ճեղքերը նորոգողներն ու քեզի հետ առուտուր ընողները, քովդ եղող բոլոր պատերազմիկները, նաեւ մէջդ եղող ամբողջ համախմբումը՝ քու անկումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի իյնան։

28

Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի ցնցուին։

29

Բոլոր թի 20քաշող նաւաստիները, բոլոր ծովուն նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն եւ գետինին վրայ պիտի կայնին։

30

Իրենց ձայնը քու մասիդ լսել պիտի տան, ու դառնապէս պիտի աղաղակեն. իրենց գլուխին վրայ հող պիտի ցանեն, եւ մոխիրի մէջ պիտի թաւալին։

31

Քեզի համար կնտակ պիտի ըլլան, ու 21քո՛ւրձ պիտի հագնին՝՝. քեզի համար 22սիրտի ցաւով՝՝ եւ դառն կոծով պիտի լան։

32

Իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբ պիտի բարձրացնեն, ու քու վրադ ողբան՝ ըսելով. «Ո՞ր քաղաքը Տիւրոսի նման էր, ծովուն մէջտեղը անէացածին նման»։

33

Երբ քու վաճառքներդ 23ծովերուն վրայէն կ’արտածէիր՝՝, շատ ազգեր կը կշտացնէիր. ապրանքներուդ եւ առուտուրիդ ճոխութեամբ երկրի թագաւորները կը հարստացնէիր։

34

Այն ատեն երբ ծովերէն փշրուեցար՝ ջուրերուն խորերը, քու առուտուրդ ու քովդ եղող ամբողջ համախմբումդ ինկան։

35

Կղզիներուն բոլոր բնակիչները քու վրադ ապշեցան. անոնց թագաւորները չափազանց սահմռկեցան, իրենց երեսները այլայլեցան։

36

Ազգերուն վաճառականները վրադ սուլեցին։ Դուն արհաւիրքի պատճառ եղար, եւ յաւիտենապէս չքացար"”»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ սիրտն
4 Կամ՝ տախտակամածներդ
5 Այսինքն՝ կապուտակով ներկուած կերպասէն
6 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպասէն
7 Եբր.՝ Արուադի որդիները
8 Կամ՝ քաջասիրտները
9 Եբր.՝ կու տային
10 Եբր.՝ մարդոց անձեր
11 Եբր.՝ եղջիւրներով
12 Եբր.՝ պարգեւ կը վերադարձնէին
13 Եբր.՝ շինածներուդ
14 Եբր.՝ հեծնելու
15 Եբր.՝ Արաբիան
16 Եբր.՝ գլխաւոր
17 Եբր.՝ Ասուր
18 Եբր.՝ վաճառականութիւն
19 Եբր.՝ սիրտը
20 Եբր.՝ բռնող
21 Եբր.՝ քուրձով պիտի գօտեւորուին
22 Եբր.՝ անձի դառնութեամբ
23 Եբր.՝ ծովերէն կ’ելլէին