Ezekiel 28
Lamentations « Ezekiel 27 ‹ Ezekiel 28 › Ezekiel 29 » Daniel
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԴԷՄ
1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, ըսէ՛ Տիւրոսի 1իշխանին. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Քու սիրտդ խրոխտացաւ, եւ ըսիր. «Ես աստուած մըն եմ, Աստուծոյ աթոռին վրայ կը նստիմ՝ ծովուն 2մէջտեղը». սակայն դուն մարդ ես եւ ո՛չ թէ աստուած, թէպէտ քու սիրտդ Աստուծոյ սիրտին 3նմանցուցիր"։
3Ահա՛ դուն Դանիէլէն իմաստուն ես. ո՛չ մէկ 4գաղտնիք քեզմէ 5ծածկուած է։
4Իմաստութեամբդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն վաստկեցար, եւ գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ ստացար։
5Յորդառատ իմաստութեամբդ ու վաճառականութեամբդ քու հարստութիւնդ շատցուցիր, եւ հարստութեանդ պատճառով սիրտդ խրոխտացաւ”»։
6Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի դուն սիրտդ Աստուծոյ սիրտին նմանցուցիր,
7ահա՛ ես քեզի դէմ օտարներ պիտի բերեմ, ազգերուն ամենէն բռնակալները. անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեան վրայ իրենց սուրերը պիտի քաշեն, ու փառահեղութիւնդ պիտի աղարտեն։
8Քեզ 6գերեզմանը պիտի իջեցնեն, եւ ծովուն մէջտեղը պիտի մեռնիս՝ խոցուածներուն մահով։
9Միթէ քեզ մեռցնողին առջեւ պիտի կարենա՞ս ըսել. “Ես աստուած եմ”։ Քեզ խոցողին ձեռքին մէջ մա՛րդ պիտի ըլլաս, ո՛չ թէ աստուած։
10Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահով պիտի մեռնիս, որովհետեւ ես խօսեցայ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։
ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
117Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
12«Մարդո՛ւ որդի, Տիւրոսի թագաւորին վրայ ո՛ղբ բարձրացուր եւ ըսէ՛ անոր. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Դուն 8կատարելութեան կնիքն էիր՝՝, իմաստութեամբ լեցուած ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ։
13Դուն Աստուծոյ 9դրախտին՝ Եդեմի մէջ էիր. քու ծածկոցդ բոլոր պատուական քարերէն էին՝ սարդիոն, տպազիոն եւ ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան եւ զմրուխտ։ Ոսկին՝ որ քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ համար գործածուեցաւ, քու ստեղծումիդ օրը պատրաստուեցաւ 10քեզի համար՝՝։
14Դուն օծուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր. ե՛ս քեզ 11հաստատեր էի։ Դուն Աստուծոյ սուրբ լերան վրայ էիր. կրակէ քարերուն մէջտեղը կը շրջէիր։
15Դուն 12ընթացքիդ մէջ անթերի էիր ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը՝ երբ քու վրադ անիրաւութիւն գտնուեցաւ։
1613Առուտուրիդ ճոխութեան համար՝ քու մէջդ բռնութեամբ լեցուցին, ու մեղանչեցիր. ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն վար նետեցի՝ իբր պիղծ. քեզ կրակէ քարերուն մէջէն բնաջնջեցի, ո՛վ ծածկող քերովբէ։
17Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ խրոխտացաւ, քու փառահեղութեանդ պատճառով իմաստութիւնդ ապականեցիր. ես ալ քեզ գետինը նետեցի, թագաւորներուն առջեւ դրի՝ որ քեզ տեսնեն։
18Քու անօրէնութիւններուդ շատութեամբ, վաճառականութեանդ անիրաւութեամբ՝ քու սրբարաններդ պղծեցիր։ Ես ալ մէջէդ կրակ հանեցի. ան քեզ սպառեց, ու բոլոր քեզ տեսնողներուն աչքերուն առջեւ քեզ գետինի վրայ մոխիրի 14վերածեցի։
19Ազգերուն մէջ բոլոր քեզ ճանչցողները քու վրադ ապշեցան. դուն արհաւիրքի պատճառ եղար, ու յաւիտենապէս չքացար"”»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍԻԴՈՆԻ ԴԷՄ
2015Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
21«Մարդո՛ւ որդի, 16ուղղէ՛ երեսդ դէպի Սիդոն, մարգարէացի՛ր անոր դէմ
22եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սիդոն, ու մէջդ պիտի փառաւորուիմ". պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ երբ անոր մէջ դատավճիռներ կիրարկեմ, եւ անոր մէջ սուրբ ըլլամ։
23Արդարեւ անոր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ, ու անոր փողոցներուն մէջ՝ արիւն. անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան՝ ամէն կողմէ անոր վրայ հասնող սուրով, եւ պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։
24Իսրայէլի տան համար անգա՛մ մըն ալ 17խայթող տատասկ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ կոտտանք պատճառող փուշ՝ բոլոր զիրենք շրջապատողներէն, որոնք զիրենք կ’արհամարհեն. ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Եհովան”»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆՈՒԻ
25Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Երբ Իսրայէլի տունը հաւաքեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուած են, այն ատեն 18ազգերուն աչքերուն 19պիտի փառաւորուիմ՝՝ անոնց մէջ, եւ անոնք պիտի բնակին իրենց 20երկրին մէջ՝՝ որ ես տուի իմ Յակոբ ծառայիս։
26Անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու տուներ պիտի կառուցանեն եւ այգիներ տնկեն։ Երբ դատավճիռներ կիրարկեմ բոլոր զանոնք շրջապատողներուն դէմ՝ որոնք զիրենք կ’արհամարհեն, իրենք ապահովութեամբ պիտի բնակին. ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ իրենց Աստուածը”»։