Ezekiel 29
Lamentations « Ezekiel 28 ‹ Ezekiel 29 › Ezekiel 30 » Daniel
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԴԷՄ
1Տասներորդ տարին, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ, ու մարգարէացի՛ր անոր դէմ եւ ամբողջ Եգիպտոսի դէմ։
3Խօսէ՛ ու ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, իր գետերուն մէջ պառկող մեծ վիշապ։ Դուն կ’ըսես. «Իմ գետս իմս է, զայն ե՛ս կերտեցի՝ ինծի համար»։
4Բայց ես քու ծնօտիդ կեռեր պիտի անցընեմ, ու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ. քեզ գետերուդ մէջէն պիտի բարձրացնեմ, նաեւ գետերուդ բոլոր ձուկերը՝ որոնք քու թեփերուդ փակած են։
5Քեզ եւ գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ. դուն 3բաց դաշտի վրայ՝՝ պիտի իյնաս, ու պիտի չամփոփուիս եւ չհաւաքուիս. քեզ երկրի գազաններուն ու երկինքի թռչուններուն պիտի տամ իբր կեր։
6Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը, որովհետեւ Իսրայէլի տան համար եղէգէ ցուպ եղան։
7Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն ջախջախուեցար եւ անոնց ամբողջ ուսը ճեղքեցիր. երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց ամբողջ մէջքը դողացուցիր"”»։
8Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ, եւ մարդն ու անասունը քու մէջէդ պիտի բնաջնջեմ։
9Եգիպտոսի երկիրը ամայի եւ աւերակ պիտի ըլլայ, ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը. որովհետեւ ան ըսաւ. “Գետը իմս է, զայն ե՛ս կերտեցի”։
10Հետեւաբար ահա՛ ես քեզի եւ գետերուդ դէմ եմ, ու Եգիպտոսի երկիրը աւերակ, անապատ եւ ամայի պիտի դարձնեմ՝ Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիայի սահմանը։
11Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի. անկէ անասունի ոտք ալ պիտի չանցնի, ու քառասուն տարի պիտի չբնակուի։
12Եգիպտոսի երկիրը ամայացած երկիրներուն մէջ ամայի պիտի դարձնեմ, եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներուն մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի ըլլան. Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, ու զանոնք երկիրներուն մէջ պիտի սփռեմ»։
13Սակայն Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քառասուն տարուան վախճանին, Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն՝ որոնց մէջ ցրուեցան,
14ու Եգիպտացիները գերութենէն պիտի վերադարձնեմ։ Զանոնք Պաթուրէսի երկիրը՝ իրենց 4հայրենի երկիրը պիտի վերադարձնեմ, եւ հոն նուաստ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։
15Ան թագաւորութիւններուն ամենէն նուաստը պիտի ըլլայ, եւ անգա՛մ մըն ալ ազգերուն վրայ պիտի 5չհպարտանայ. արդարեւ զանոնք պիտի պակսեցնեմ՝ որպէսզի ազգերուն վրայ չտիրապետեն։
166Անոնք անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի տան ապահովութիւն պիտի չըլլան, իր անօրէնութիւնը յիշեցնելով՝ երբ օգնութեան համար անոնց կը նայէր. ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Եհովան»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՊԻՏԻ ՏԻՐԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ
17Քսանեօթներորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, 7Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
18«Մարդո՛ւ որդի, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրագունդին 8ծանր գործ կատարել տուաւ՝՝ Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտակ եղաւ ու ամէն ուս սկրթուեցաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրագունդին համար ո՛չ մէկ վարձք 9ստացաւ Տիւրոսէն, այն գործին համար՝ որ անոր դէմ կատարեց»։
19Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես Եգիպտոսի երկիրը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ. անոր մթերքը պիտի փոխադրէ, անոր աւարը պիտի յափշտակէ, ու 10զայն պիտի կողոպտէ՝՝. ասիկա պիտի ըլլայ իր զօրագունդին վարձքը։
20Եգիպտոսի երկիրը իրեն տուի 11Տիւրոսի դէմ 12կատարած գործին համար, որովհետեւ ինծի համար աշխատեցան,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
21Այդ օրը Իսրայէլի տան եղջիւրը պիտի բուսցնեմ, եւ անոնց մէջ քու բերանդ պիտի բանամ. ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։