Loading...

Ezekiel 30

Lamentations  «  Ezekiel 29  ‹  Ezekiel 30  ›  Ezekiel 31  »  Daniel


ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԵԳԻՊՏՈՍԸ

1

Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Գոռացէ՛ք. «Աւա՜ղ, ցաւալի օր»։

3

Արդարեւ օրը մօտ է, Տէրոջ օրը մօտ է, ամպոտ օր մը. 2ազգերուն աւերումի ժամանակը պիտի ըլլայ։

4

Եգիպտոսի վրայ սուր պիտի գայ, ու Եթովպիայի մէջ անձկութիւն պիտի ըլլայ, երբ Եգիպտոսի մէջ խոցուածներ իյնան, անոր մթերքը գրաւեն, եւ անոր հիմերը քանդեն։

5

Եթովպիացիները, 3Փութացիները, Ղուդացիները, բոլոր 4Արաբներն ու 5Քուբացիները եւ դաշնակից երկրին որդիները անոնց հետ սուրով պիտի իյնան”»։

6

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Եգիպտոսի նեցուկ եղողներն ալ պիտի իյնան, ու անոր զօրութեան ամբարտաւանութիւնը պիտի 6խորտակուի. սուրով պիտի իյնան անոր մէջ՝ Մագդողէն մինչեւ Սուհէն,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

7

Ամայացած երկիրներուն մէջ ամայի պիտի ըլլան, եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներուն մէջ պիտի ըլլան։

8

Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ 7ձգեմ, ու անոր բոլոր օգնականները ջախջախուին, պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։

9

Այդ օրը իմ առջեւէս նաւերով պատգամաւորներ դուրս պիտի ելլեն, որպէսզի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները դողացնեն. անոնց մէջ անձկութիւն պիտի ըլլայ՝ Եգիպտոսի օրուան պէս, որովհետեւ ահա՛ ան կու գայ"”»։

10

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Եգիպտոսի դղրդիւնն ալ պիտի դադրեցնեմ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքով։

11

Ինք եւ իրեն հետ իր ժողովուրդը — ազգերուն ամենէն բռնակալները — երկիրը կործանելու պիտի 8գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի դէմ պիտի քաշեն, ու երկիրը խոցուածներով պիտի լեցնեն։

12

Ես ալ գետերը պիտի ցամքեցնեմ, երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի 9մատնեմ, եւ օտարներուն ձեռքով պիտի ամայացնեմ երկիրն ու 10ամէն ինչ որ անոր մէջ է՝՝. ես՝ Տէրս խօսեցայ»։

13

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «11Կուռքերն ալ պիտի բնաջնջեմ, եւ Մեմփիսէ պիտի 12ոչնչացնեմ չաստուածները։ Անգա՛մ մըն ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ իշխան պիտի չըլլայ, ու Եգիպտոսի երկրին մէջ վախ պիտի դնեմ։

14

Պաթուրէսը պիտի ամայացնեմ, Տայանիսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ, եւ Նովի մէջ դատավճիռներ պիտի կիրարկեմ։

15

Եգիպտոսի ամրոցը եղող Սինի վրայ իմ ցասումս պիտի թափեմ, ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։

16

Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ. Սին 13սաստիկ պիտի տանջուի՝՝. Նովի պարիսպը պիտի ճեղքուի. 14Մեմփիս ցերեկ ատեն պիտի գրաւուի թշնամիներէն՝՝։

17

Արեգ քաղաքին եւ Փուբաստի երիտասարդները սուրով պիտի իյնան. անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։

18

Նաեւ Տափնասի մէջ ցերեկը պիտի խաւարի, երբ հոն կոտրեմ Եգիպտոսի լուծերը, ու 15ոչնչանայ անոր զօրութեան ամբարտաւանութիւնը. ամպը պիտի ծածկէ զայն, եւ անոր 16աղջիկները գերութեան պիտի երթան։

19

Այսպէս Եգիպտոսի մէջ դատավճիռներ պիտի կիրարկեմ, ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։


ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿՈՏՐԱԾ ՈՅԺԸ

20

Տասնմէկերորդ տարին, առաջին ամիսը, ամսուան եօթնին, 17Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

21

«Մարդո՛ւ որդի, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի, եւ ահա՛ ան պիտի չդարմանուի. դեղ պիտի 18չտրուի, վիրակապ պիտի չդրուի՝ որպէսզի ան փաթթուելով զօրանայ ու սուր բռնէ։

22

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ, եւ անոր բազուկները պիտի կոտրեմ, թէ՛ ուժեղը եւ թէ կոտրածը, ու սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ։

23

Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, եւ զանոնք երկիրներուն մէջ պիտի սփռեմ։

24

Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի ուժովցնեմ, ու սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնի բազուկները պիտի կոտրեմ, եւ ինք անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի մը հեծեծանքով պիտի 19հառաչէ։

25

Այսպէս՝ Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի ուժովցնեմ, իսկ Փարաւոնի բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ, ան ալ զայն Եգիպտոսի երկրին վրայ երկարէ, պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։

26

Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, զանոնք երկիրներուն մէջ պիտի սփռեմ, ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Կամ՝ հեթանոսներուն
3 Կամ՝ Լիպիացիները
4 Կամ՝ խառնածիններն
5 Կամ՝ Նուբիացիները
6 Եբր.՝ իջնէ
7 Եբր.՝ դնեմ
8 Կամ՝ բերուին
9 Եբր.՝ ծախեմ
10 Եբր.՝ անոր լիութիւնը
11 Եբր.՝ Չաստուածներն
12 Եբր.՝ դադրեցնեմ
13 Եբր.՝ երկունքի ցաւ պիտի քաշէ
14 Կամ՝ Մեմփիսի մէջ ցերեկը տագնապ պիտի ըլլայ
15 Եբր.՝ իր մէջ դադրի
16 Այսինքն՝ գիւղերը
17 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
18 Կամ՝ չդրուի
19 Եբր.՝ հեծեծէ