Loading...

Ezekiel 31

Lamentations  «  Ezekiel 30  ‹  Ezekiel 31  ›  Ezekiel 32  »  Daniel


ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ ՄԱՅՐԻ ԾԱՌԻ ՀԵՏ

1

Տասնմէկերորդ տարին, երրորդ ամիսը, ամսուան առաջին օրը, 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, ըսէ՛ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր բազմութեան. “Դուն քու մեծութեամբդ որո՞ւ կը նմանիս”։

3

Ահա՛ Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող մայրիի մը պէս էր. անոր ոստերը գեղեցիկ էին, ու տերեւախիտ ճիւղերը՝ ստուերող. հասակը բարձր էր, եւ անոր կատարը՝ 2խիտ ճիւղերու՝՝ մէջ։

4

Ջուրերը զայն մեծցուցին. անդունդը զայն բարձրացուց, իր գետերը անոր տնկուած տեղին շուրջը 3հոսեցնելով, եւ իր ջրանցքները դաշտին բոլոր ծառերուն ղրկելով։

5

Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ. ջուրերուն առատութենէն անոր ոստերը շատցան ու շառաւիղները երկնցան՝ երբ ծիլ արձակեց։

6

Անոր ոստերուն մէջ երկինքի բոլոր թռչունները բոյն կը շինէին, եւ շառաւիղներուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։

7

Իր մեծութեամբ ու ոստերուն երկայնութեամբ գեղեցիկ էր, որովհետեւ անոր արմատը յորդառատ ջուրերու քով էր։

8

Աստուծոյ 4դրախտին մայրիները զայն չէին 5ծածկեր, եղեւինները անոր ոստերուն չէին նմաներ, եւ սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ ո՛չ մէկ ծառ անոր նման էր գեղեցկութեամբ։

9

Զայն իր ոստերուն առատութեամբ գեղեցիկ կերտեր էի, ու Եդեմի բոլոր ծառերը՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ էին՝ անոր կը նախանձէին։

10

«Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի հասակով 6բարձրացաւ ու կատարը խիտ ճիւղերուն 7արձակեց, իր սիրտը իր հասակով գոռոզացաւ.

11

ես ալ զայն 8ազգերու հերոսին ձեռքը մատնեցի, որ անշուշտ անոր պիտի 9հատուցանէ. զայն իր ամբարշտութեան համար վռնտեցի։

12

Օտարները՝ ազգերուն ամենէն բռնակալները՝ զայն կտրեցին ու երեսէ ձգեցին. անոր ոստերը լեռներու վրայ եւ բոլոր հովիտներուն մէջ ինկան. անոր շառաւիղները երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրեցան, ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն 10հեռացան եւ զայն երեսէ ձգեցին։

13

Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկինքի բոլոր թռչունները պիտի կենան, ու անոր շառաւիղներուն մէջ դաշտի գազանները պիտի 11բնակին.

14

որպէսզի ջուրերու քով եղած ծառերէն ո՛չ մէկը իր հասակով խրոխտանայ եւ իր կատարը խիտ ճիւղերուն արձակէ, ու բոլոր 12ջուրով ոռոգուածներէն՝՝ ո՛չ մէկ բեւեկնի խրոխտաբար կայնի. արդարեւ անոնք բոլորն ալ մահուան ձեռքը մատնուած են՝ երկրի ստորին մասերը երթալու համար, գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ”»։

15

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «13Դժոխք իջած օրը՝ սուգ պահել տուի. իրեն համար անդունդը ծածկեցի եւ անոր գետերը կասեցուցի։ Յորդառատ ջուրեր արգելափակուեցան, ու իրեն համար Լիբանանը 14սգաւոր դարձուցի՝՝. իրեն համար դաշտի բոլոր ծառերը թալկացան։

16

Երբ զինք գուբը իջնողներուն հետ դժոխք իջեցուցի, անոր անկումին ձայնէն ազգերը ցնցեցի. ու Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր եւ լաւագոյն ծառերը, բոլոր ջուրով ոռոգուածները, մխիթարուեցան երկրի ստորին մասերուն մէջ։

17

Անոնք ալ իրեն հետ դժոխք իջան՝ սուրով խոցուածներուն քով, նաեւ իր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ կը բնակէին՝ ազգերուն մէջ։

18

«Դուն՝ այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ՝ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ երկրի ստորին մասերը պիտի իջնես. սուրով խոցուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն եւ իր ամբողջ բազմութիւնը այսպէս պիտի ըլլան», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Կամ՝ թանձր ամպերու
3 Եբր.՝ կ’երթային
4 Կամ՝ պարտէզին
5 Եբր.՝ մթագներ
6 Եբր.՝ բարձրացար
7 Եբր.՝ մէջ դրաւ
8 Կամ՝ հեթանոսներու
9 Եբր.՝ հատուցում ընէ
10 Եբր.՝ իջան
11 Եբր.՝ ըլլան
12 Եբր.՝ ջուր խմածներէն
13 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանը
14 Եբր.՝ սեւցուցի