Ezekiel 32
Lamentations « Ezekiel 31 ‹ Ezekiel 32 › Ezekiel 33 » Daniel
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ԲԱՂԴԱՏՈՒԻ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԻ ՀԵՏ
1Տասներկրորդ տարին, տասներկրորդ ամիսը, ամսուան առաջին օրը, 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, ո՛ղբ բարձրացուր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ, եւ ըսէ՛ անոր. “Դուն ազգերուն մէջ առիւծի կորիւնի կը նմանիս, Ու ծովերուն մէջ վիշապի պէս ես. Գետերուդ վրայ կը խոյանաս, Ոտքերովդ ջուրերը կը պղտորես, Եւ անոնց գետերը կ’աղտոտես”։
3Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ես շատ ազգերու համախմբումով Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ, Ու քեզ իմ ուռկանովս պիտի բարձրացնեն։
4Քեզ գետինը պիտի նետեմ, Քեզ 2բաց դաշտի վրայ՝՝ պիտի ձգեմ, Քու վրադ երկինքի բոլոր թռչունները պիտի բնակեցնեմ, Եւ ամբողջ երկրի գազանները քեզմով պիտի կշտացնեմ.
5Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ, Ու բեկորներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։
6Քու արիւնովդ պիտի 3ոռոգեմ Երկիրը՝ ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռները, Ու ձորերը քեզմով պիտի լեցուին։
7Երբ քու լոյսդ մարեմ, երկինքը պիտի ծածկեմ Եւ անոր աստղերը պիտի մթագնեմ, Արեւը ամպով պիտի ծածկեմ Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
8Քու վերեւդ՝ երկինքի բոլոր լուսաւորները պիտի մթագնեմ, Ու երկրիդ վրայ խաւարը պիտի տիրէ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
9Երբ քու փլուզումիդ լուրը Ազգերուն եւ քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ, Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի 4վշտացնեմ։
10Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի ապշեցնեմ, Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները չափազանց պիտի սահմռկին, Երբ իմ սուրս 5ճօճեմ անոնց երեսին առջեւ. Քու անկումիդ օրը՝ Իւրաքանչիւրը իր կեանքին համար ամէն վայրկեան պիտի 6սարսափի”։
11Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։
12Զօրաւորներուն սուրերով քու բազմութիւնդ պիտի տապալեմ. Անոնք բոլորը ազգերուն ամենէն բռնակալներն են։ Եգիպտոսի ամբարտաւանութիւնը պիտի կործանեն, Եւ անոր ամբողջ բազմութիւնը պիտի բնաջնջուի։
13Անոր բոլոր անասուններն ալ պիտի բնաջնջեմ Յորդառատ ջուրերու քովէն. Անգա՛մ մըն ալ մարդուն ոտքը զանոնք պիտի չխռովէ, Ո՛չ ալ անասուններուն կճղակները զանոնք պիտի պղտորեն։
14Այն ատեն անոնց ջուրերը պիտի 7ցածցնեմ, Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի 8հոսեցնեմ,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
15Երբ Եգիպտոսի երկիրը ամայի դարձնեմ, Ու երկիրը իր լիութենէն 9պարպուի, Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, Պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։
16Ա՛յս է ողբը՝ որ պիտի 10բարձրացնեն. Ազգերուն աղջիկները զայն պիտի բարձրացնեն. Եգիպտոսի վրայ եւ անոր ամբողջ բազմութեան վրայ զայն պիտի բարձրացնեն”, Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։
ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
17Տասներկրորդ տարին, առաջին ամսուան տասնհինգին, 11Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
18«Մարդո՛ւ որդի, սգա՛ Եգիպտոսի բազմութեան վրայ. Զայն ու երեւելի ազգերուն աղջիկները Իջեցո՛ւր երկրի ստորին մասերը՝ գուբը իջնողներուն հետ։
19“Դուն որմէ՞ աւելի հաճոյալի ես. Իջի՛ր եւ պառկէ՛ անթլփատներուն հետ”։
20Անոնք սուրով խոցուածներուն մէջ պիտի իյնան. Ան սուրի մատնուեցաւ. Քաշկռտեցէ՛ք զայն եւ անոր ամբողջ բազմութիւնը։
2112Դժոխքին մէջէն՝ զօրաւոր հերոսները Անոր պիտի խօսին իրեն օգնողներուն հետ. Սուրով խոցուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։
22Ասուր հոն է՝ իր ամբողջ համախմբումով. 13Անոնց գերեզմանները իր շուրջն են. Բոլորը խոցուած են՝ սուրով ինկած։
23Անոնց գերեզմանները գուբին 14խորերը դրուած են. Անոր համախմբումը իր գերեզմանին շուրջն է. Բոլորը խոցուած են՝ սուրով ինկած, Իրենք՝ որ ապրողներու երկրին մէջ երկիւղ կը պատճառէին։
24Եղամ հոն է՝ իր ամբողջ բազմութեամբ, Անոր գերեզմանին շուրջը. Բոլորը խոցուած են՝ սուրով ինկած, Եւ անթլփատ իջան երկրի ստորին մասերը։ Անոնք որ ապրողներու երկրին իրենց երկիւղը կը պատճառէին, Գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
25Խոցուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր եւ իր ամբողջ բազմութեան. Անոնց գերեզմանները իր շուրջն են. Բոլորը սուրով խոցուած անթլփատներ են։ Թէպէտ անոնք ապրողներու երկրին մէջ իրենց երկիւղը կը պատճառէին, Գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն. Անոնք խոցուածներուն մէջ դրուած են։
26Մոսոք, Թոբէլ եւ իրենց ամբողջ բազմութիւնը հոն են. Անոնց գերեզմանները իրենց շուրջն են։ Բոլորը սուրով խոցուած անթլփատներ են, Թէպէտ անոնք ապրողներու երկրին մէջ իրենց երկիւղը կը պատճառէին։
27Անոնք անթլփատներէն ինկող զօրաւորներուն հետ պիտի չպառկին, Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերով դժոխք իջան, Եւ իրենց սուրերը իրենց գլուխին տակ դրին. Անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան, Թէեւ անոնք ապրողներու երկրին մէջ զօրաւորներուն երկիւղն էին։
28Դո՛ւն ալ անթլփատներուն մէջ պիտի ջախջախուիս, Ու սուրով խոցուածներուն հետ պիտի պառկիս։
29Եդովմ հոն է՝ իր թագաւորներով եւ բոլոր իշխաններով, Որոնք՝ հակառակ իրենց զօրութեան՝ սուրով խոցուածներուն հետ դրուած են. Անոնք անթլփատներուն հետ, Գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։
30Հիւսիսի բոլոր 15իշխանները հոն են, նաեւ բոլոր Սիդոնացիները՝ Որոնք խոցուածներուն հետ իջան։ Անոնք իրենց զօրութեան 16պատճառած երկիւղէն՝՝ կ’ամչնան. Սուրով խոցուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին, Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
31Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ, Եւ իր ամբողջ բազմութեան մասին պիտի մխիթարուի. Փարաւոն եւ իր բոլոր զօրագունդերը սուրով պիտի խոցուին,— Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
3217Արդարեւ ապրողներու երկրին մէջ իմ երկիւղս դրի, Եւ՝՝ ան անթլփատներուն մէջ՝ սուրով խոցուածներուն հետ պիտի պառկի, Այսինքն՝ Փարաւոն, եւ իր ամբողջ բազմութիւնը», Կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։