Loading...

Ezekiel 33

Lamentations  «  Ezekiel 32  ‹  Ezekiel 33  ›  Ezekiel 34  »  Daniel


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ԿԸ ԿԱՐԳԷ ԵԶԵԿԻԷԼԸ (Եզեկ. 3. 16-21)

1

Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, խօսէ՛ քու ժողովուրդիդ որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. “Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ, եւ այդ երկրին ժողովուրդը իր 2մէջէն մարդ մը 3ընտրէ ու զայն իրենց համար դէտ կարգէ,

3

երբ ան այդ երկրին վրայ սուրին գալը տեսնելով՝ շեփորը հնչեցնէ եւ ժողովուրդը զգուշացնէ,

4

եթէ շեփորին ձայնը լսողը չզգուշանայ ու սուրը գայ եւ զայն տանի, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։

5

Ան շեփորին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր անձը պիտի ազատէ։

6

Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնելով՝ շեփորը չհնչեցնէ եւ ժողովուրդը չզգուշանայ, ու սուրը գայ եւ անոնցմէ անձ մը տանի, ան իր անօրէնութեան համար տարուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ”։

7

«Ուստի դո՛ւն, ո՛վ մարդու որդի, քեզ դէտ կարգեցի Իսրայէլի տան, որ իմ բերանէս խօսք լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։

8

Երբ ամբարիշտին ըսեմ. “Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս”, բայց դուն չխօսիս ամբարիշտը իր 4ընթացքէն զգուշացնելու համար, այդ ամբարիշտը իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։

9

Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ընթացքէն զգուշացնես՝ որպէսզի անկէ հեռանայ, բայց ան իր ընթացքէն չհեռանայ, ան իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, սակայն դուն անձդ ազատած պիտի ըլլաս»։


ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

10

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ըսէ՛ Իսրայէլի տան. “Դուք սա՛ կ’ըսէք. "Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են, եւ մենք 5անոնցմէ կը մաշինք. ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք"”։

11

Ըսէ՛ անոնց. “Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— ամբարիշտին մահէն չեմ ախորժիր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ընթացքէն հեռանայ եւ ապրի։ Հեռացէ՛ք, հեռացէ՛ք ձեր վատ ընթացքէն. ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տունը”։

12

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ըսէ՛ ժողովուրդիդ որդիներուն. “Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք գործած օրը զայն պիտի չազատէ, եւ ամբարիշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն հեռացած օրը 6գայթումի պատճառ պիտի չըլլայ՝՝. ո՛չ ալ արդարը մեղանչած օրը իր արդարութեամբ պիտի կարենայ ապրիլ”։

13

Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի, բայց ան իր արդարութեան վստահելով անիրաւութիւն գործէ, անոր ամբողջ արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա ան իր գործած անիրաւութեան մէջ պիտի մեռնի։

14

Իսկ երբ ամբարիշտին ըսեմ. “Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս,” եւ ան իր մեղքէն հեռանայ ու իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ,

15

եթէ այդ ամբարիշտը գրաւը վերադարձնէ, յափշտակածը հատուցանէ, եւ անիրաւութիւն չգործելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ ընթանայ, ան անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։

16

Անոր գործած բոլոր մեղքերէն ո՛չ մէկը պիտի յիշուի իրեն դէմ. ան իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկեց, անշուշտ պիտի ապրի։

17

«Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն. “Տէրոջ 7ճամբան 8ուղիղ չէ”. սակայն իրե՛նց ճամբան է որ ուղիղ չէ։

18

Երբ արդարը իր արդարութենէն հեռանայ եւ անիրաւութիւն գործէ, ինք անոր մէջ պիտի մեռնի։

19

Իսկ երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն հեռանայ, ու իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ, ինք անոնցմով պիտի ապրի.

20

մինչդեռ դուք կ’ըսէք. “Տէրոջ ճամբան ուղիղ չէ”։ Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր 9ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, ո՛վ Իսրայէլի տունը»։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ԼՈՒՐԸ

21

Մեր տարագրութեան տասներկրորդ տարին, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատած մը ինծի եկաւ եւ ըսաւ. “Քաղաքը 10գրաւուեցաւ”։

22

Դեռ այդ ազատածը չեկած, իրիկունը՝ Տէրոջ ձեռքը իմ վրաս եղած էր, ու բերանս բացած էր մինչեւ անոր ինծի գալը՝ առտուն. ուստի բերանս բացուեցաւ, եւ ա՛լ համր չէի։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԵՐԸ

23

11Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

24

«Մարդո՛ւ որդի, Իսրայէլի 12երկրին այս աւերակներուն բնակիչները կ’ըսեն. “Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր, ու երկրին տիրացաւ. մենք՝ որ բազմաթիւ ենք, մեզի՛ տրուած է երկիրը իբր ստացուածք”։

25

Հետեւաբար ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք, ձեր աչքերը ձեր չաստուածներուն կը վերցնէք, եւ արիւն կը թափէք. միթէ պիտի տիրանա՞ք այդ երկրին։

26

Ձեր սուրերուն վրայ կը 13կռթնիք, գարշութիւն կը գործէք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընկերին կինը կը պղծէ. միթէ պիտի տիրանա՞ք այդ երկրին"”։

27

Անոնց սա՛ ըսէ. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ես կ’ապրի՛մ. աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան. ա՛ն որ 14բաց դաշտի մէջ՝՝ է՝ գազաններուն պիտի մատնեմ, որ զինք լափեն. իսկ ամրութիւններուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։

28

Երկիրը բոլորովին ամայի պիտի դարձնեմ, եւ անոր զօրութեան ամբարտաւանութիւնը պիտի 15ոչնչանայ։ Իսրայէլի լեռներն ալ ամայի պիտի ըլլան, ու ո՛չ մէկը անկէ պիտի անցնի։

29

Երբ երկիրը բոլորովին ամայի դարձնեմ իրենց գործած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը"”»։


ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

30

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն մուտքերը քու մասիդ կը խօսակցին։ Իրարու հետ կը խօսին — իւրաքանչիւրը իր եղբօր հետ — եւ կ’ըսեն. “Այժմ եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջմ էն 16եկած խօսքը”։

31

Անոնք քեզի կու գան՝ ինչպէս ժողովուրդը կու գայ, քու առջեւդ կը նստին՝ իմ ժողովուրդիս պէս, եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր. արդարեւ իրենց բերանով 17հաճելի խօսքեր կ՛արտասանեն՝՝, բայց իրենց սիրտը իրենց ագահութեան կը հետեւի։

32

Ահա՛ դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագահարի մը 18ախորժելի երգին պէս ես. քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։

33

Սակայն երբ ասիկա իրագործուի, (ահա՛ կ’իրագործուի,) այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ ծայրերէն
3 Եբր.՝ առնէ
4 Եբր.՝ ճամբայէն
5 Կամ՝ անոնց մէջ
6 Եբր.՝ անով պիտի չգայթի
7 Այսինքն՝ վարուելակերպը
8 Եբր.՝ կշռուած
9 Այսինքն՝ ընթացքին
10 Եբր.՝ զարնուեցաւ
11 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
12 Եբր.՝ հողին
13 Եբր.՝ կայնիք
14 Եբր.՝ դաշտի մակերեսին վրայ
15 Եբր.՝ դադրի
16 Եբր.՝ ելած
17 Եբր.՝ սիրահարութիւն կ’ընեն
18 Եբր.՝ սիրահարական