Ezekiel 34
Lamentations « Ezekiel 33 ‹ Ezekiel 34 › Ezekiel 35 » Daniel
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ
1Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր Իսրայէլի հովիւներուն դէմ. մարգարէացի՛ր եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ հովիւներուն. "Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որ իրենք զիրենք կ’արածեն. միթէ հովիւները հօ՛տը արածելու չե՞ն։
3Դուք 2ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։
4Տկարները չուժովցուցիք, հիւանդները չբուժեցիք ու կոտրածը չփաթթեցիք. 3մոլորածը չվերադարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութեամբ ու բրտութեամբ անոնց վրայ տիրապետեցիք։
5Անոնք ցրուեցան՝ քանի հովիւ չունէին, եւ ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կեր եղան։
6Իմ ոչխարներս մոլորեցան բոլոր լեռներուն վրայ ու բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ. իմ ոչխարներս ցրուեցան երկրին ամբողջ մակերեսին վրայ, սակայն ո՛չ մէկը զանոնք որոնեց կամ փնտռեց"”»։
7«Հետեւաբար, ո՛վ հովիւներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը.
8“Ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— քանի հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս կողոպտուեցաւ ու ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կեր եղան, եւ իմ հովիւներս չորոնեցին ոչխարներս, հապա հովիւները իրենք զիրենք արածեցին բայց իմ հօտս չարածեցին,
9ո՛վ հովիւներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը։
10Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես հովիւներուն դէմ եմ, ու ոչխարներս անոնց ձեռքէն պիտի պահանջեմ. զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ, եւ հովիւները անգա՛մ մըն ալ զիրենք պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերանէն պիտի ազատեմ, որպէսզի անգա՛մ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան"”»։
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ
11Արդարեւ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ե՛ս ինքս պիտի որոնեմ ու քննեմ իմ ոչխարներս։
12Ինչպէս հովիւը կը քննէ իր հօտը այն օրը՝ երբ իր ցրուած ոչխարներուն մէջն է, այնպէս ալ ե՛ս պիտի քննեմ իմ ոչխարներս, եւ պիտի ազատեմ զանոնք այն բոլոր տեղերէն՝ ուր ամպի ու մառախուղի օրը ցրուեցան։
13Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ եւ իրենց 4երկիրը բերեմ. զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, 5ձորերուն մէջ՝՝ ու երկրին բոլոր 6բնակավայրերը պիտի արածեմ։
14Զանոնք լաւ արօտի մէջ պիտի արածեմ, եւ անոնց արօտավայրը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ. հոն լաւ արօտավայրի մէջ պիտի պառկին, ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։
15Ե՛ս պիտի արածեմ իմ ոչխարներս, ե՛ս պիտի պառկեցնեմ զանոնք,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
16Կորսուածը պիտի փնտռեմ եւ մոլորածը պիտի վերադարձնեմ, կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի ուժովցնեմ, բայց պարարտը եւ ուժեղը պիտի բնաջնջեմ. զանոնք 7արդարութեամբ պիտի արածեմ։
17«Իսկ ձեզի, ո՛վ իմ հօտս, Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն եւ նոխազներուն միջեւ պիտի դատեմ։
18Միթէ ձեզի քի՞չ բան է լաւ արօտի մէջ արածիլը, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք. քի՞չ բան է ջինջ ջուրերն ալ խմելը, որ մնացածը ձեր ոտքերով կ’աղտոտէք։
19Ուստի իմ հօտս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կը ճարակէ ու ձեր ոտքերով աղտոտածը կը խմէ”։
20«Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ե՛ս ինքս պիտի դատեմ գէր ոչխարին ու նիհար ոչխարին միջեւ։
21Քանի դուք ձեր կողով եւ ուսով հրեցիք, ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք՝ մինչեւ որ զանոնք դուրսը ցրուեցիք,
22ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ, եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չկողոպտուին. ոչխարին ու ոչխարին միջեւ պիտի դատեմ։
23Անոնց վրայ հովիւ մը պիտի նշանակեմ, այսինքն իմ ծառաս՝ Դաւիթը, որպէսզի զանոնք հովուէ։ Ի՛նք պիտի հովուէ զանոնք. ի՛նք պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։
24Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ, եւ իմ ծառաս՝ Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ. ես՝ Տէրս խօսեցայ։
25Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի կնքեմ. այդ երկրէն չար գազանները պիտի 8բնաջնջեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։
26Զանոնք եւ իմ լերանս շրջակայքը օրհնութիւն պիտի դարձնեմ. տեղատարափները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան տեղատարափներ պիտի ըլլան։
27Դաշտի ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան, եւ գետինը իր արգասիքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց 9երկրին մէջ՝՝ ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ եւ զանոնք ազատեմ զիրենք ստրկացնողներուն ձեռքէն, պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։
28Անոնք անգա՛մ մըն ալ 10ազգերէն պիտի չկողոպտուին, ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չլափեն. հապա ապահովութեամբ պիտի բնակին, եւ ո՛չ մէկ դողացնող պիտի ըլլայ։
29Անոնց անուանի տունկ մը պիտի 11բուսցնեմ, եւ անգա՛մ մըն ալ երկրին մէջ սովէն պիտի չսպառին, անգա՛մ մըն ալ ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն։
30Այն ատեն պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս — իրենց Աստուածը — իրենց հետ եմ, ու իրենք — Իսրայէլի տունը — իմ ժողովուրդս են”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։
31«Դո՛ւք՝ իմ հօտս, իմ արօտիս հօտը, մարդիկ էք, ու ես ձեր Աստուածն եմ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։