Loading...

Ezekiel 35

Lamentations  «  Ezekiel 34  ‹  Ezekiel 35  ›  Ezekiel 36  »  Daniel


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԵԴՈՎՄԻ

1

Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

2

«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ դէպի Սէիրի լեռը, ու մարգարէացի՛ր անոր դէմ։

3

Ըսէ՛ անոր. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիրի լեռ. իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկարեմ ու քեզ բոլորովին ամայի պիտի դարձնեմ։

4

Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ, դուն ամայի պիտի ըլլաս, եւ պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը"”։

5

«Քանի դուն յաւիտենական թշնամութիւն ունեցար, եւ Իսրայէլի որդիներուն արիւնը սուրի ձեռքով թափեցիր իրենց ձախորդութեան ժամանակը — անօրէնութեան վախճանին ժամանակը —,

6

ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— քեզ արիւնի 3մէջ պիտի դնեմ՝՝, եւ արիւնը քեզ պիտի հետապնդէ. քանի արիւնը չատեցիր, արի՛ւնը քեզ պիտի հետապնդէ։

7

Սէիրի լեռը 4բոլորովին ամայի պիտի դարձնեմ, եւ անկէ անցնողն ու վերադարձողը պիտի բնաջնջեմ։

8

Անոր լեռները իր խոցուածներով պիտի լեցնեմ. քու բլուրներուդ վրայ, քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով խոցուածներ պիտի իյնան։

9

Քեզ յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ. քու քաղաքներդ պիտի 5չվերականգնին, եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը»։

10

«Քանի դուն ըսիր. “Այս երկու ազգերն ու այս երկու երկիրները իմս պիտի ըլլան, եւ անոնց պիտի տիրանանք”, (թէպէտ Տէրը հոն էր,)

11

ես կ’ապրի՛մ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— քու ատելութեամբդ անոնց դէմ կիրարկուած բարկութեանդ ու նախանձիդ համեմատ պիտի վարուիմ, եւ զիս անոնց պիտի ճանչցնեմ երբ քեզ դատեմ։

12

Պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս լսեցի քու բոլոր 6հայհոյութիւններդ, որ Իսրայէլի լեռներուն դէմ արտաբերեցիր՝ ըսելով. “Անոնք աւերուեցան, անոնք մեզի տրուեցան իբր կերակուր”։

13

Ձեր բերանով ինծի դէմ 7հպարտացաք, ու ձեր խօսքերը ինծի դէմ շատցուցիք. ես զանոնք լսեցի»։

14

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Երբ ամբողջ երկիրը ուրախանայ, քեզ պիտի ամայացնեմ։

15

Ինչպէս դուն Իսրայէլի տան ժառանգութեան համար ուրախացար՝ երբ ամայացաւ, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի վարուիմ։ Դո՛ւն, ո՛վ Սէիրի լեռ, եւ ամբողջ Եդովմ, բոլորովին պիտի 8ամայանաք, ու պիտի գիտնաք՝՝ թէ ե՛ս եմ Տէրը»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ դի՛ր
3 Եբր.՝ պիտի պատրաստեմ
4 Եբր.՝ ամայացնելով
5 Կամ՝ չբնակուին
6 Եբր.՝ անարգանքներդ
7 Եբր.՝ դուք ձեզ մեծցուցիք
8 Եբր.՝ ամայանաս, ու պիտի գիտնան