Loading...

Ezekiel 36

Lamentations  «  Ezekiel 35  ‹  Ezekiel 36  ›  Ezekiel 37  »  Daniel


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ

1

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր Իսրայէլի լեռներուն եւ ըսէ՛. “Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը. Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ.

2

"Քանի թշնամին ձեր մասին ըսաւ. «Վա՜շ, դարաւոր բարձունքներն ալ մեզի ստացուածք եղան»,

3

մարգարէացի՛ր եւ ըսէ՛. «Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ կլլեցին՝ որպէսզի մնացեալ 1ազգերուն ստացուածք ըլլաք, քանի լեզուանի մարդոց շրթունքներուն 2նիւթ եղաք՝՝, եւ ժողովուրդին չարախօսութեան առարկայ,

4

մտի՛կ ըրէք Տէրոջ՝ Եհովայի խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ։ Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն եւ հովիտներուն, ամայացած աւերակներուն ու լքուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ մնացեալ ազգերուն կողոպուտին եւ ծաղրանքին առարկայ եղած են.

5

հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Անշուշտ իմ նախանձախնդրութեանս կրակով կը խօսիմ մնացեալ ազգերուն դէմ եւ ամբողջ Եդովմի դէմ, որոնք իրենց սիրտին ամբողջ ուրախութեամբ եւ անձին ամբողջ արհամարհանքով իմ երկիրս իրենց 3յատկացուցին իբր ստացուածք՝ անոր արուարձանները կողոպտելու համար"”»"”»։

6

«Հետեւաբար մարգարէացի՛ր Իսրայէլի 4երկրին մասին, եւ ըսէ՛ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն եւ հովիտներուն. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Քանի դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա՛ ես ալ իմ նախանձախնդրութեամբս ու ցասումովս կը խօսիմ"։

7

Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ես 5իմ ձեռքս բարձրացուցի՝՝, որ ձեր շուրջը եղող ազգերը իրենց նախատինքը կրեն։

8

Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ոստերը պիտի 6արձակէք եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, որովհետեւ անոնք մօտերս պիտի գան։

9

Արդարեւ ահա՛ ես ձեզի նեցուկ եմ ու ձեզի պիտի դառնամ. դուք պիտի մշակուիք եւ սերմանուիք։

10

Ձեր վրայ մարդիկը պիտի բազմացնեմ, ամբողջ Իսրայէլի տունը՝ բոլորն ալ. քաղաքները պիտի բնակուին եւ աւերակները պիտի կառուցանուին։

11

Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի բազմացնեմ. անոնք պիտի բազմանան եւ աճին։ Ձեզ պիտի բնակեցնեմ ձեր վաղեմի վիճակին պէս, ձեր սկիզբէն աւելի բարիք պիտի ընեմ ձեզի, ու պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։

12

Մարդոց — իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի — քալել պիտի տամ ձեր վրայ. անոնք քեզի պիտի տիրանան, դուն անոնց ժառանգութիւնը պիտի ըլլաս, եւ անգա՛մ մըն ալ զանոնք պիտի 7չսպառես"”»։

13

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Քանի քեզի համար կ’ըսեն. “Դուն մարդ լափող երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր”,

14

անգա՛մ մըն ալ մարդ պիտի չլափես, անգա՛մ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

15

Անգա՛մ մըն ալ քեզի լսել պիտի չտամ ազգերուն 8անարգանքը. անգա՛մ մըն ալ ժողովուրդներուն նախատինքը պիտի չկրես, անգա՛մ մըն ալ քու ազգերդ պիտի 9չտապալես», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

16

10Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. «Մարդո՛ւ որդի,

17

երբ Իսրայէլի տունը իր 11երկրին մէջ՝՝ կը բնակէր, զայն իր 12ընթացքով եւ արարքներով 13ապականեց։ Անոնց ընթացքը իմ առջեւս 14դաշտանի անմաքրութեան պէս եղաւ։

18

Ուստի իմ ցասումս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ, նաեւ իրենց չաստուածներուն համար՝ որոնցմով զայն 15ապականեցին։

19

Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի, ու երկիրներուն մէջ սփռուեցան. զանոնք իրենց ընթացքին եւ արարքներուն համեմատ դատեցի։

20

Երբ մտան այն ազգերուն մէջ՝ ուր գացին, իմ սուրբ անունս աղարտեցին, որովհետեւ իրենց համար ըսուեցաւ. “Ասոնք Եհովայի ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն դուրս ելած են”։

21

Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անունիս պատիւին համար, որ Իսրայէլի տունը աղարտեց այն ազգերուն մէջ՝ ուր մտաւ»։

22

«Հետեւաբար ըսէ՛ Իսրայէլի տան. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ձեր սիրոյն համար չէ որ կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տունը, հապա իմ սուրբ անունիս պատիւին համար, որ դուք աղարտեցիք այն ազգերուն մէջ՝ ուր մտաք։

23

Ես պիտի սրբացնեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ աղարտուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ աղարտեցիք, եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ 16փառաւորուիմ։

24

Ձեզ ազգերուն մէջէն պիտի առնեմ, բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ, ու ձեզ ձեր 17երկիրը պիտի բերեմ։

25

Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ, ու պիտի մաքրուիք. ձեր բոլոր անմաքրութիւններէն, ձեր բոլոր չաստուածներէն ձեզ պիտի մաքրեմ։

26

Նաեւ ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ, եւ ձեր ներսը նոր հոգի պիտի դնեմ. ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։

27

Իմ Հոգիս պիտի դնեմ ձեր ներսը, եւ իմ կանոններովս ընթանալ պիտի տամ ձեզի. իմ որոշումներս պիտի պահէք ու գործադրէք։

28

Պիտի բնակիք այն երկրին մէջ՝ որ ձեր հայրերուն տուի, եւ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլաք, ես ալ ձեր Աստուածը պիտի ըլլամ։

29

Ձեր բոլոր անմաքրութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ։ Ցորենը պիտի կանչեմ ու զայն շատցնեմ. ձեր վրայ սով պիտի 18չղրկեմ։

30

Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէսզի անգա՛մ մըն ալ ազգերուն մէջ սովի նախատինք 19չկրէք։

31

Ձեր վատ ընթացքը եւ անվայել արարքները պիտի յիշէք, ու ձեր անօրէնութիւններուն եւ գարշութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։

32

Ձեր սիրոյն համար չէ որ կ’ընեմ ասիկա,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— գիտցէ՛ք ասիկա։ Ձեր ընթացքէն ամչցէ՛ք ու խպնեցէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տունը"”»։

33

«Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Այն օրը՝ երբ ձեզ մաքրեմ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն, քաղաքները պիտի բնակեցնեմ եւ աւերակները պիտի կառուցանուին։

34

Ամայացած երկիրը պիտի մշակուի, փոխանակ բոլոր անցորդներուն աչքերուն առջեւ ամայի ըլլալու։

35

Ու պիտի ըսեն. "Այս ամայացած երկիրը Եդեմի 20դրախտին պէս եղաւ, եւ աւերուած, ամայի ու փլած քաղաքները ամրացան եւ բնակուեցան"։

36

Ձեր շուրջը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս փլած քաղաքները կը կառուցանեմ, եւ ամայացած երկիրը կը 21սերմանեմ։ Ես՝ Տէրս խօսեցայ, ու պիտի իրագործեմ”։

37

«Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Իսրայէլի տան ա՛լ 22պիտի պատասխանեմ՝՝, որպէսզի անոնց սա՛ ընեմ.— անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի բազմացնեմ։

38

Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հօտին պէս՝ իր հանդիսաւոր տօներուն ատենը, ա՛յդպէս մարդոց հօտերով պիտի լեցուին աւերուած քաղաքները։ Այն ատեն գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։



1 Կամ՝ հեթանոսներուն
2 Եբր.՝ վրայ բարձրացաք
3 Եբր.՝ տուին
4 Եբր.՝ հողին
5 Այսինքն՝ երդում ըրի
6 Եբր.՝ տաք
7 Եբր.՝ զաւակներէ չզրկես
8 Եբր.՝ խայտառակումը
9 Եբր.՝ չգայթեցնես
10 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
11 Եբր.՝ հողին վրայ
12 Եբր.՝ ճամբայով
13 Եբր.՝ անմաքուր ըրաւ
14 Եբր.՝ կեղտոտութեան
15 Եբր.՝ անմաքուր ըրին
16 Եբր.՝ սուրբ ըլլամ
17 Եբր.՝ հողին վրայ
18 Եբր.՝ չդնեմ
19 Եբր.՝ չստանաք
20 Կամ՝ պարտէզին
21 Եբր.՝ տնկեմ
22 Եբր.՝ պիտի թոյլատրեմ որ ինծի խորհուրդ հարցնէ