Ezekiel 37
Lamentations « Ezekiel 36 ‹ Ezekiel 37 › Ezekiel 38 » Daniel
ՉՈՐՑԱԾ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՀՈՎԻՏԸ
1Տէրոջ ձեռքը իմ վրաս եղաւ, եւ 1Տէրը զիս Հոգիով՝՝ դուրս հանեց ու 2դաշտին մէջ դրաւ. ան ոսկորներով լեցուն էր։
2Զիս անոնց քովէն անցուց՝ ամէն կողմէ, եւ ահա՛ անոնք դաշտին մակերեսին վրայ չափազանց շատ էին, 3նաեւ յոյժ չորցած։
3Ապա ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, այս ոսկորները կրնա՞ն վերապրիլ»։ Պատասխանեցի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դո՛ւն գիտես»։
4Ինծի ըսաւ. «Մարգարէացի՛ր այս ոսկորներուն մասին եւ ըսէ՛ անոնց. “Ո՛վ չորցած ոսկորներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը։
5Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ այս ոսկորներուն. "Ահա՛ ես ձեր մէջ շունչ պիտի մտցնեմ, ու պիտի վերապրիք։
6Ջիղեր պիտի դնեմ ձեր վրայ, միս պիտի աճեցնեմ ձեր վրայ, մորթով պիտի ծածկեմ ձեզ, շունչ պիտի դնեմ ձեր մէջ, եւ պիտի վերապրիք։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը"”»։
7Ես մարգարէացայ՝ ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Մինչ կը մարգարէանայի՝ աղմուկ մը 4լսուեցաւ, եւ ահա՛ շարժում մը եղաւ, ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր համապատասխան ոսկորին։
8Տեսայ թէ ահա՛ ջիղեր ու միս աճեցան անոնց վրայ, մորթը վրայէն ծածկեց զանոնք, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։
9Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Մարգարէացի՛ր շունչին։ Մարգարէացի՛ր, մարդո՛ւ որդի, եւ ըսէ՛ շունչին. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ո՛վ շունչ, եկո՛ւր չորս հովերէն եւ փչէ՛ այս 5մեռցուածներուն վրայ, որպէսզի վերապրին"”»։
10Ես ալ մարգարէացայ՝ ինչպէս ինծի հրամայեց, շունչը անոնց մէջ մտաւ, ու վերապրեցան. իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան, եւ չափազանց մեծ զօրագունդ մը կազմոււեցաւ։
11Ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի այս ոսկորները ամբողջ Իսրայէլի տունն են։ Ահա՛ անոնք կ’ըսեն. “Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը 6կտրեցաւ. մենք 7կորսուած ենք՝՝”։
12Ուստի մարգարէացի՛ր՛ եւ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ պիտի բարձրացնեմ ձեր գերեզմաններէն, ո՛վ իմ ժողովուրդս, եւ ձեզ Իսրայէլի 8երկիրը պիտի բերեմ։
13Երբ ձեր գերեզմանները բանամ ու ձեզ բարձրացնեմ ձեր գերեզմաններէն, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը։
14Իմ Հոգիս ձեր ներսը պիտի դնեմ, եւ պիտի վերապրիք. ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի տեղաւորեմ, ու պիտի գիտնաք թէ 9ես՝ Տէրս խօսեցայ եւ իրագործեցի՝՝", կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։
ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ՄԷԿ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
1510Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
16«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, քեզի փա՛յտ մը առ ու գրէ՛ անոր վրայ. “Յուդայի համար, եւ անոր ընկերակիցներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն համար”։ Յետոյ ուրի՛շ փայտ մը առ, ու գրէ՛ անոր վրայ. “Յովսէփի համար, Եփրեմի եւ անոր ընկերակիցներուն՝ ամբողջ Իսրայէլի տան փայտը”։
17Զանոնք մօտեցո՛ւր իրարու, որպէսզի մէկ փայտ ըլլան ու ձեռքիդ մէջ միանան։
18Երբ ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին եւ ըսեն. “Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ ասոնք քեզի ի՞նչ կը նշանակեն”,
19անոնց պատասխանէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես պիտի առնեմ Յովսէփի փայտը՝ որ Եփրեմի ձեռքն է, նաեւ անոր ընկերակիցները՝ Իսրայէլի տոհմերը, ու զանոնք անոր հետ պիտի դնեմ, այսինքն՝ Յուդայի փայտին հետ. զանոնք մէկ փայտ պիտի ընեմ, եւ իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան"”։
20Այն փայտերը՝ որոնց վրայ պիտի գրես, քու ձեռքիդ մէջ թող ըլլան՝ անոնց աչքերուն առջեւ։
21Անոնց ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն 11ազգերուն մէջէն՝ ուր գացին, զանոնք ամէն կողմէ պիտի հաւաքեմ եւ իրենց 12երկիրը բերեմ։
22Զանոնք մէկ ազգ պիտի ընեմ երկրին մէջ՝ Իսրայէլի լեռներուն վրայ, եւ անոնց բոլորին վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ. անգա՛մ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան, անգա՛մ մըն ալ երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին։
23Անգա՛մ մըն ալ անմաքուր պիտի չըլլան իրենց չաստուածներով ու պղծութիւններով, ո՛չ ալ իրենց բոլոր յանցանքներով։ Ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր 13բնակութիւններէն՝ որոնց մէջ իրենք մեղանչեցին. զանոնք պիտի մաքրեմ, եւ անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ։
24Իմ ծառաս՝ Դաւիթ իրենց վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ, ու բոլորը մէ՛կ հովիւ պիտի ունենան. իրենք իմ կանոններուս համաձայն պիտի ընթանան, իմ հրամաններս պիտի պահեն ու զանոնք գործադրեն։
25Պիտի բնակին այն երկիրը՝ որ իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան. իրենք, իրենց որդիները եւ իրենց որդիներուն որդիները յաւիտեան հոն պիտի բնակին, ու իմ ծառաս՝ Դաւիթ յաւիտեան անոնց իշխանը պիտի ըլլայ։
26Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի կնքեմ, որ անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի 14հաստատեմ ու բազմացնեմ, եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։
27Իմ 15բնակարանս անոնց քով պիտի ըլլայ. ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, անոնք ալ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան։
28Երբ իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլայ, ազգերը պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ Իսրայէլը կը սրբացնէ"”»։