Ezekiel 38
Lamentations « Ezekiel 37 ‹ Ezekiel 38 › Ezekiel 39 » Daniel
ԳՈԳԸ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԻՔ
1Դարձեալ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
2«Մարդո՛ւ որդի, 2ուղղէ՛ երեսդ Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի գլխաւոր իշխանին՝ Գոգի, մարգարէացի՛ր անոր դէմ,
3եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի գլխաւոր իշխան։
4Քեզ պիտի քաշեմ, քու ծնօտիդ կեռեր պիտի անցընեմ, ու դուրս պիտի հանեմ քեզ եւ ամբողջ զօրագունդդ.— ձիերն ու ձիաւորները, բոլորն ալ կատարելապէս 3զրահաւորուած, ասպարաւորներուն ու վահանաւորներուն մեծ համախմբումը՝ բոլորն ալ սուր բռնող,
5եւ անոնց հետ՝ Պարսիկները, Եթովպիացիներն ու 4Փութացիները, բոլորն ալ վահանաւոր եւ սաղաւարտաւոր,
6նաեւ Գոմեր՝ իր բոլոր գումարտակներով, Թորգոմայի տունը՝ հիւսիսի 5ծայրերէն, եւ անոր բոլոր գումարտակները. շատ ժողովուրդներ քեզի հետ պիտի ըլլան"”։
7«Պատրա՛ստ եղիր, քեզ ու քովդ հաւաքուած ամբողջ համախմբումը պատրաստէ՛, եւ դուն անոնց պահապա՛ն եղիր։
8Շատ օրերէն ետք քու զօրքերդ 6պիտի թուարկես՝՝, ու տարիներու վախճանին պիտի գաս այն երկիրը՝ որ սուրէն 7ազատուած է, այն ազգին՝ որ շատ ժողովուրդներէն հաւաքուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ — որոնք մշտատեւ աւերակ եղած էին. ան ժողովուրդներէն 8բերուած ըլլալով՝ բոլորն ալ ապահովութեամբ պիտի բնակին։
9Իսկ դուն պիտի բարձրանաս, մրրիկի պէս գաս, ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաս, դուն եւ բոլոր գումարտակներդ, ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ»։
10«Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Այդ օրը 9մտածումներ պիտի ունենաս՝՝, չար 10ծրագիր մը պիտի պատրաստես՝՝
11ու պիտի ըսես. "Անպարիսպ քաղաքներու երկիրը բարձրանամ, հանդարտութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ հասնիմ. անոնք բոլորը անպարիսպ տեղեր կը բնակին, ուր ո՛չ նիգեր կան, ո՛չ դռներ",
12որպէսզի աւար յափշտակես եւ կողոպուտ գրաւես, ու ձեռքդ 11դնես 12վերաբնակուած աւերակներուն վրայ, ազգերէն հաւաքուած ժողովուրդին վրայ, որ խաշինք եւ ինչք ստացած է ու երկրին 13բարձր տեղերը՝՝ կը բնակի։
13Սաբա ու Դեդան, եւ Թարսիսի վաճառականներն ու անոր բոլոր առիւծի կորիւնները քեզի պիտի ըսեն. "Միթէ աւար յափշտակելո՞ւ եկար. կողոպուտ գրաւելո՞ւ համար քու համախմբումդ հաւաքեցիր, որպէսզի արծաթ ու ոսկի փոխադրես, խաշինք եւ ինչք գրաւես, մեծ աւար տանիս"”։
14«Հետեւաբար մարգարէացի՛ր, մարդո՛ւ որդի, ու Գոգի ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Այն օրը, երբ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլ ապահովութեամբ բնակի, ահա՛ դուն պիտի գիտնաս,
15եւ քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ — բոլորը ձիեր հեծած, մեծ համախմբումով եւ շատ զօրագունդերով։
16Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի դէմ պիտի բարձրանաս, ամպի պէս երկիրը ծածկելու համար։ Ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ, ու քեզ իմ երկրիս դէմ պիտի բերեմ, որպէսզի 14հեթանոսները զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով 15փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ"”»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԳՈԳԻ
17«Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Դուն ա՛ն չե՞ս, որուն մասին վաղեմի ժամանակին խօսեցայ իմ ծառաներուս՝ Իսրայէլի մարգարէներուն 16միջոցով, որոնք այդ օրերը — տարիներու ընթացքին — մարգարէացան թէ քեզ անոնց դէմ պիտի բերեմ։
18Այդ օրը, Գոգի Իսրայէլի 17երկրին դէմ եկած օրը,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,— իմ ցասումս 18դէմքս պիտի բարձրանայ։
19Իմ նախանձախնդրութեամբս, իմ ցասումիս կրակով խօսեցայ թէ այդ օրը անշուշտ Իսրայէլի 19երկրին մէջ՝՝ մեծ շարժ պիտի ըլլայ.
20ծովուն ձուկերը, երկինքի թռչունները, դաշտի գազանները, գետինի վրայ սողացող բոլոր սողուններն ու երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ 20առջեւս պիտի 21դողան. լեռները պիտի փլչին, ցից ժայռերը պիտի տապալին, եւ բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։
21Անոր դէմ սուրը պիտի կանչեմ իմ բոլոր լեռներուս վրայ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։— Իւրաքանչիւրին սուրը իր եղբօր վրայ պիտի 22դառնայ։
22Զայն ժանտախտով եւ արիւնով պիտի դատեմ. անոր վրայ, անոր զօրքերուն գումարտակներուն վրայ եւ անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս տեղատարափ, կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղացնեմ։
23Եւ շատ ազգերու 23առջեւ պիտի մեծարուիմ, սուրբ ըլլամ ու ճանչցուիմ. անոնք պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։