Ezekiel 39
Lamentations « Ezekiel 38 ‹ Ezekiel 39 › Ezekiel 40 » Daniel
ԳՈԳԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
1«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, մարգարէացի՛ր Գոգի դէմ եւ ըսէ՛. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի գլխաւոր իշխան։
2Ես քեզ պիտի քաշեմ, քեզ պիտի առաջնորդեմ, հիւսիսի 1ծայրերէն քեզ պիտի բարձրացնեմ եւ Իսրայէլի լեռներուն վրայ բերեմ։
3Քու աղեղդ ձախ ձեռքէդ պիտի 2խորտակեմ, ու նետերդ աջ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։
4Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս, դո՛ւն, բոլոր գումարտակներդ, եւ քեզի հետ եղող ժողովուրդները։ Քեզ իբր կեր պիտի տամ գիշատիչ թռչնազգիներուն, ամէն տեսակ թեւաւորի, ու դաշտի գազաններուն։
53Բաց դաշտի մէջ՝՝ պիտի իյնաս, որովհետեւ ե՛ս խօսեցայ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
6Մագոգի վրայ եւ կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։
7Իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ, եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չթողում որ իմ սուրբ անունս աղարտուի։ 4Հեթանոսները պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։
8Ահա՛ կու գայ ու պիտի 5իրագործուի,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— ա՛յս է այն օրը՝ որուն մասին խօսեցայ։
9Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները դուրս պիտի ելլեն, կրակ պիտի վառեն եւ զէնքերը այրեն. վահաններով, ասպարներով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։
10Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն, եւ զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն", կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան”»։
ԳՈԳԻ ԹԱՂՈՒՄԸ
11Այդ օրը հոն՝ Իսրայէլի մէջ գերեզմանի տեղ մը պիտի տամ Գոգի.— Անցորդներու ձորը, ծովուն արեւելեան կողմը. ան անցորդներուն ճամբան պիտի գոցէ, ու հոն պիտի թաղեն Գոգը եւ անոր ամբողջ բազմութիւնը, եւ զայն “Գոգի բազմութեան ձորը” պիտի կոչեն։
12Իսրայէլի 6որդիները եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն՝ երկիրը մաքրելու համար։
13Երկրին ամբողջ ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղէ. ասիկա անոնց համբաւ մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ երբ ես փառաւորուիմ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—
14Մարդիկ պիտի 7նշանակեն, որ շարունակ երկրին մէջ շրջագային ու երկրի մակերեսին վրայ մնացածները թաղեն անցորդներուն հետ, որպէսզի զայն մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետք տակաւին պիտի 8փնտռեն։
15Անցորդները երկրին մէջէն անցնելով երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշանասիւն մը պիտի 9կանգնեցնեն, մինչեւ որ թաղողները զայն Գոգի բազմութեան ձորը թաղեն։
16Քաղաքին անունն ալ 10Համոնա պիտի ըլլայ. այսպէս՝ երկիրը պիտի մաքրեն։
17«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի,— Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ,— ըսէ՛ թռչնազգիներուն, ամէն տեսակ թեւաւորի, եւ դաշտի բոլոր գազաններուն. “Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ամէն կողմէ 11մօտեցէ՛ք ձեզի համար 12մատուցանած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ ընծայուելիք մեծ զոհին, որպէսզի միս ուտէք եւ արիւն խմէք։
18Զօրաւորներուն միսը պիտի ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, պարարտ գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք բոլորը Բասանի պարարտ անասուններ են։
19Ձեզի համար մատուցանած զոհէս ճարպ պիտի ուտէք՝ մինչեւ որ կշտանաք, եւ արիւն պիտի խմէք՝ մինչեւ որ գինովնաք։
20Իմ սեղանիս վրայ պիտի կշտանաք ձիերէն ու 13կառք հեծնողներէն՝՝, զօրաւորներէն եւ բոլոր պատերազմիկներէն”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
21«14Ազգերուն մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ, ու բոլոր ազգերը պիտի տեսնեն իմ կիրարկած դատավճիռներս եւ անոնց վրայ դրած ձեռքս։
22Իսրայէլի տունը այդ օրէն ետք ա՛լ պիտի գիտնայ թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ իրենց Աստուածը։
23Ազգերն ալ պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը իր անօրէնութեան համար տարագրուեցաւ. արդարեւ ինծի հանդէպ ուխտազանց եղան, ես ալ իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի. զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցի, ու բոլորը սուրով ինկան։
24Իրենց անմաքրութեան եւ յանցանքներուն համեմատ վարուեցայ իրենց հետ, ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի”»։
25«Հետեւաբար Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Հիմա Յակոբի գերիները պիտի վերադարձնեմ, ամբողջ Իսրայէլի տան պիտի գթամ եւ իմ սուրբ անունիս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ,
26երբ անոնք կրեն իրենց նախատինքն ու ինծի դէմ իրենց ըրած բոլոր ուխտազանցութիւններուն պատիժը՝ մինչ իրենց 15երկրին մէջ՝՝ ապահովութեամբ կը բնակէին եւ ո՛չ մէկ դողացնող կար։
27Երբ զանոնք ժողովուրդներէն վերադարձնեմ ու իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, շատ ազգերու աչքերուն առջեւ անոնց մէջ 16պիտի փառաւորուիմ՝՝։
28Այն ատեն պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերուն մէջ տարագրեցի, ապա զանոնք դարձեալ իրենց երկիրը հաւաքեցի, եւ իրենցմէ ո՛չ մէկը թողուցի հոն։
29Անգա՛մ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանի որ իմ Հոգիս Իսրայէլի տան վրայ պիտի թափեմ”», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։