Loading...

Ezekiel 40

Lamentations  «  Ezekiel 39  ‹  Ezekiel 40  ›  Ezekiel 41  »  Daniel


ԱՊԱԳԱՅ ՏԱՃԱՐԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ (40. 1-48. 35) ԵԶԵԿԻԷԼ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

1

Մեր տարագրութեան քսանհինգերորդ տարին, 1առաջին ամիսը՝՝, ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին 2գրաւուելուն տասնչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջ ձեռքը իմ վրաս եղաւ, ու զիս հոն տարաւ։

2

Աստուծոյ տեսիլքներով զիս Իսրայէլի երկիրը տարաւ, եւ շատ բարձր լերան մը վրայ դրաւ, որուն վրայ՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի պէս 3շինուածք մը կար։

3

Երբ զիս հոն տարաւ, ահա՛ մարդ մը կար, որուն տեսքը պղինձի տեսքի պէս էր. ան ձեռքը վուշէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը ունէր, եւ դուռը կայնած էր։

4

Այդ մարդը ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, աչքերովդ տե՛ս, ականջներովդ լսէ՛, ու քեզի բոլոր ցուցուցածներուս 4ուշադրութի՛ւն դարձուր՝՝, որովհետեւ դուն հոս բերուեցար որպէսզի ասոնք քեզի ցուցնեմ։ Պատմէ՛ Իսրայէլի տան ամէն ինչ որ տեսնես»։


ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ

5

5Տան դուրսը զայն շրջապատող պարիսպ մը կար։ Մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայնքով եղէգ մը կար (այս կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ ըլլալով), եւ չափեց 6պարիսպին հաստութիւնը՝՝.— մէկ եղէգ, ու բարձրութիւնը՝ մէկ եղէգ։

6

Ապա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ, եւ անոր աստիճաններէն բարձրանալով չափեց դրան սեմը՝ որ մէկ եղէգ լայն էր. միւս սեմն ալ մէկ եղէգ լայն էր։

7

Իւրաքանչիւր խուց մէկ եղէգ երկայն ու մէկ եղէգ լայն էր. խուցերուն միջեւ հինգ կանգուն կար։ Դրան ներքնագաւիթին քով եղող դրան սեմը ներսէն մէկ եղէգ էր։

8

Դրան ներքնագաւիթը ներսէն չափեց՝ մէկ եղէգ։

9

Ապա չափեց դրան ներքնագաւիթը՝ ութ կանգուն, եւ անոր դրանդիները՝ երկու կանգուն. դրան ներքնագաւիթը ներսի կողմէն էր։

10

Դէպի արեւելք նայող դրան խուցերը՝ մէկ կողմը երեք հատ էին, ու միւս կողմը՝ երեք հատ. անոնք՝ երեքը 7նոյն չափը՝՝ ունէին. դրանդիներն ալ նոյն չափը ունէին՝ մէկ կողմը եւ միւս կողմը։

11

Դրան մուտքին լայնքը չափեց՝ տասը կանգուն, նաեւ դրան երկայնքը՝ տասներեք կանգուն։

12

Խուցերուն առջեւ՝ մէկ կողմը մէկ կանգունի միջոց մը կար, միւս կողմն ալ՝ մէկ կանգունի միջոց մը. խուցերուն չափը՝ մէկ կողմը վեց կանգուն էր, եւ միւս կողմը՝ վեց կանգուն։

13

Յետոյ դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը. լայնքը քսանհինգ կանգուն էր, մուտք մուտքի դիմաց ըլլալով։

14

Դրանդիներն ալ 8չափեց՝ վաթսուն կանգուն, մինչեւ դուռը շրջապատող գաւիթին դրանդին։

15

Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին դրան ներքնագաւիթին ճակատը՝ յիսուն կանգուն էր։

16

Խուցերն ու անոնց դրանդիները 9վանդակապատ պատուհաններ ունէին դրան ներսի կողմէն՝ շուրջը։ Նոյնպէս ալ 10նախասրահը շուրջը պատուհաններ ունէր՝ ներսի կողմէն. դրանդիներուն վրայ արմաւենիներ կային։


ԱՐՏԱՔԻՆ ԳԱՒԻԹԸ

17

Զիս արտաքին գաւիթը մտցուց, եւ ահա՛ հոն սենեակներ կային, ու սալայատակ մը՝ գաւիթին համար բոլորաձեւ շինուած. սալայատակին վրայ երեսուն սենեակ կար։

18

Դռներուն քովի սալայատակը՝ դռներուն երկայնքին 11համապատասխանող ստորին սալայատակն էր։

19

Եւ լայնքը չափեց ստորին դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթին արտաքին ճակատը՝ հարիւր կանգուն, դէպի արեւելք ու հիւսիս։


ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

20

Նաեւ արտաքին գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրան երկայնքն ու լայնքը չափեց։

21

Անոր խուցերը — երեք հատ մէկ կողմը, երեք հատ միւս կողմը —, անոր դրանդիները եւ նախասրահը առաջին դրան չափովն էին. անոր երկայնքը յիսուն կանգուն էր, ու լայնքը՝ քսանհինգ կանգուն։

22

Պատուհանները, նախասրահը եւ արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրան չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կը բարձրանային այդ դուռը, որոնց առջեւ էր անոր նախասրահը։

23

Ներքին գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրան եւ արեւելեան դրան դիմաց. մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը չափեց՝ հարիւր կանգուն։


ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

24

Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ, եւ ահա՛ հարաւային կողմը դուռ մը կար։ Անոր դրանդիներն ու նախասրահը չափեց. անոնք այդ նոյն չափերը ունէին։

25

Ան եւ անոր նախասրահը պատուհաններ ունէին՝ շուրջը, այդ միւս պատուհաններուն պէս. անոր երկայնքը յիսուն կանգուն էր, ու լայնքը՝ քսանհինգ կանգուն։

26

Այդ դուռը բարձրանալու համար եօթը աստիճան կար, որոնց առջեւ էր անոր նախասրահը։ Անոր դրանդիներուն վրայ արմաւենիներ կային՝ մէկ կողմը եւ միւս կողմը։


ՆԵՐՔԻՆ ԳԱՒԻԹԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

27

Ներքին գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը չափեց դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն։

28

Զիս հարաւային դռնէն ներքին գաւիթը մտցուց, ու հարաւային դուռը չափեց, որ այդ նոյն չափերը ունէր։

29

Անոր խուցերը, դրանդիներն ու նախասրահը այդ նոյն չափերը ունէին։ Ան եւ անոր նախասրահը պատուհաններ ունէին՝ շուրջը. անոր երկայնքը յիսուն կանգուն էր, ու լայնքը՝ քսանհինգ կանգուն։

30

Շուրջը նախասրահներ կային՝ քսանհինգ կանգուն երկայն եւ հինգ կանգուն լայն։

31

Անոր նախասրահը արտաքին գաւիթը կը յանգէր. դրանդիներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Դրան ելնարանը ութ աստիճան ունէր։


ՆԵՐՔԻՆ ԳԱՒԻԹԻՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՈՒՌԸ

32

Զիս ներքին գաւիթը տարաւ՝ դէպի արեւելք, ու դուռը չափեց, որ այդ նոյն չափերը ունէր։

33

Անոր խուցերը, դրանդիներն ու նախասրահը այդ նոյն չափերը ունէին։ Ան եւ անոր նախասրահը պատուհաններ ունէին՝ շուրջը. անոր երկայնքը յիսուն կանգուն էր, ու լայնքը՝ քսանհինգ կանգուն։

34

Անոր նախասրահը արտաքին գաւիթը կը յանգէր. անոր դրանդիներուն վրայ արմաւենիներ կային՝ մէկ կողմը եւ միւս կողմը։ Դրան ելնարանը ութ աստիճան ունէր։


ՆԵՐՔԻՆ ԳԱՒԻԹԻՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ

35

Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ, եւ չափեց. այդ նոյն չափերը ունէր,

36

նոյնպէս անոր խուցերը, դրանդիներն ու նախասրահը. նաեւ պատուհաններ ունէր՝ շուրջը. անոր երկայնքը յիսուն կանգուն էր, եւ լայնքը՝ քսանհինգ կանգուն։

37

Անոր 12նախասրահը արտաքին գաւիթը կը յանգէր. անոր դրանդիները արմաւենիներ ունէին՝ մէկ կողմը ու միւս կողմը։ Դրան ելնարանը ութ աստիճան ունէր։


ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԴՐԱՆ ՄՕՏ

38

Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիներուն մօտ էր. ողջակէզը հոն կը լուային։

39

Դրան ներքնագաւիթին մէջ՝ մէկ կողմը երկու սեղան կար, եւ միւս կողմը՝ երկու սեղան, որպէսզի անոնց վրայ ողջակէզը, մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։

40

Դէպի հիւսիսային դրան մուտքը բարձրանալու ատեն՝ դուրսի կողմը երկու սեղան կար, նաեւ երկու սեղան՝ միւս կողմը, դրան ներքնագաւիթին մօտ։

41

Դրան քով՝ մէկ կողմը չորս սեղան կար, միւս կողմն ալ՝ չորս սեղան, բոլորը՝ ութ սեղան, որոնց վրայ կը մորթէին։

42

Ողջակէզի համար տաշուած քարէ չորս սեղան կար՝ մէկուկէս կանգուն երկայն, մէկուկէս կանգուն լայն, եւ մէկ կանգուն բարձր. ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։

43

Չորս մատնաչափ մեծութեամբ 13կրկնակ կեռեր՝՝ հաստատուած էին ներսը՝ բոլորաձեւ. մատաղին միսը սեղաններուն վրայ կը դրուէր։

44

Ներքին դրան դուրսի կողմը, հիւսիսային դրան քով եղող ներքին գաւիթին մէջ, երգողներուն սենեակները կային։ Անոնք դէպի հարաւ կը նայէին. մէկը արեւելեան դրան քով էր, ու դէպի հիւսիս կը նայէր։

45

Ինծի ըսաւ. «Այս սենեակը՝ որ դէպի հարաւ կը նայի, տան պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։

46

Իսկ այն սենեակը՝ որ դէպի հիւսիս կը նայի, զոհասեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որ Ղեւիի որդիներէն Տէրոջ կը մօտենան՝ անոր պաշտօն կատարելու համար»։


ՆԵՐՔԻՆ ԳԱՒԻԹԸ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ

47

Գաւիթը չափեց, որուն երկայնքը՝ հարիւր կանգուն էր, ու լայնքը՝ հարիւր կանգուն. ան քառակուսի էր։ Զոհասեղանը տան առջեւ էր։

48

Զիս տան ներքնագաւիթը տարաւ, եւ չափեց ներքնագաւիթին դրանդիները՝ հինգ կանգուն մէկ կողմը, ու հինգ կանգուն միւս կողմը։ Դրան լայնքը մէկ կողմը երեք կանգուն էր, եւ միւս կողմը՝ երեք կանգուն։

49

Ներքնագաւիթին երկայնքը քսան կանգուն էր, ու լայնքը՝ տասնմէկ 14կանգուն. հոն (տասը) աստիճաններով՝՝ կը բարձրանային։ Դրանդիներուն քով սիւներ կային, մէկը՝ մէկ կողմը, միւսն ալ՝ միւս կողմը։



1 Եբր.՝ տարուան սկիզբը
2 Եբր.՝ զարնուելուն
3 Եբր.՝ կառուցուածք
4 Եբր.՝ դի՛ր սիրտիդ մէջ
5 Եբր.՝ Եւ ահա՛ Աստուծոյ
6 Եբր.՝ կառոյցին լայնքը
7 Եբր.՝ մէկ չափ
8 Եբր.՝ ըրաւ
9 Կամ՝ ներսէն լայն՝ դուրսէն նեղ
10 Կամ՝ նախասրահները
11 Եբր.՝ դիմաց եղող
12 Եբր.՝ դրանդիները
13 Կամ՝ լայնքով եզերք մը
14 Կամ՝ կանգուն, այն աստիճաններով միասին՝ որոնցմով հոն