Loading...

Ezekiel 41

Lamentations  «  Ezekiel 40  ‹  Ezekiel 41  ›  Ezekiel 42  »  Daniel


1

Զիս տաճարը տարաւ, եւ անոր դրանդիները չափեց. մէկ կողմը վեց կանգուն լայն էր, ու միւս կողմը՝ վեց կանգուն լայն, վրանին լայնքին չափ։

2

Մուտքին լայնքը տասը կանգուն էր. մուտքին 1թեւերուն մէկ կողմը հինգ կանգուն էր, եւ միւս կողմը՝ հինգ կանգուն։ 2Տաճարին երկայնքը չափեց՝ քառասուն կանգուն, ու լայնքը՝ քսան կանգուն։

3

Ներսը մտաւ, եւ չափեց մուտքին դրանդիները՝ երկու կանգուն, մուտքը՝ վեց կանգուն, ու մուտքին 3լայնքը՝ եօթը կանգուն։

4

Անոր երկայնքը չափեց՝ քսան կանգուն, ու լայնքը՝ քսան կանգուն, տաճարին դիմաց, եւ ինծի ըսաւ. “Ա՛յս է Սրբութիւններու սրբութիւնը”։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՏԻՆ ԴԻՄԱՑ ՇԻՆՈՒԱԾ ԿՈՂՄՆԱԿԻ ՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ

5

Յետոյ չափեց տան պատը՝ վեց կանգուն, եւ ամէն կողմէ տունը շրջապատող կողմնակի սենեակներուն լայնքը՝ չորս կանգուն։

6

Կողմնակի սենեակները իրարու վրայ երեք յարկ ունէին, ու երեսուն 4հատ էին՝՝։ Անոնց գերանները կը մտնէին տան այն պատին մէջ՝ որ կողմնակի սենեակներուն համար շինուած էր տան շուրջը, որպէսզի գերանները անոր կռթնին՝ առանց տան պատին կռթնելու։

7

Կողմնակի սենեակները հետզհետէ կը լայննային բարձրանալու ատեն, եւ հոն կ’երթային դառնալով. արդարեւ տան շուրջը դառնալով կը բարձրանային՝ տան շուրջը դարձող սանդուխով մը։ Հետեւաբար տունը կը լայննար դէպի վեր. այսպէս՝ ստորին յարկէն վերի յարկը կը բարձրանային՝ միջին յարկէն անցնելով։

8

Նաեւ տունը շրջապատող բարձրութիւն մը տեսայ — կողմնակի սենեակներուն հիմերը՝ ամբողջ եղէգ մը, այսինքն՝ վեց 5մեծ կանգուն։

9

Կողմնակի սենեակներուն համար տան դուրսը շինուած պատին 6հաստութիւնը հինգ կանգուն էր. 7միջոց մը ձգուած էր ներքին կողմնակի սենեակներուն

10

եւ արտաքին սենեակներուն միջեւ՝ քսան կանգուն լայնքով, որ ամէն կողմէ տունը կը շրջապատէր։

11

Կողմնակի սենեակներուն մուտքերը դէպի ձգուած միջոցը կը նայէին, մէկ մուտքը դէպի հիւսիս, միւս մուտքը դէպի հարաւ։ Տան շուրջը ձգուած 8միջոցին լայնքը հինգ կանգուն էր։


ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇԷՆՔԸ

12

9Զատուած տեղին առջեւ՝ դէպի արեւմտեան ծայրը եղող 10շէնքին լայնքը եօթանասուն կանգուն էր. շէնքը շրջապատող պատին հաստութիւնը հինգ կանգուն էր, եւ անոր երկայնքը՝ իննսուն կանգուն։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՉԱՓԸ

13

Յետոյ չափեց տան երկայնքը՝ հարիւր կանգուն. զատուած տեղն ու 11շէնքը իր պատերով՝ հարիւր կանգուն երկայն էին։

14

Տան եւ զատուած տեղին ճակատը հարիւր կանգուն լայն էր՝ դէպի արեւելք։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԷՆՔԻՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

15

Տան ետեւի կողմէն չափեց զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնքը, եւ անոր սիւնազարդ սրահները՝ մէկ կողմն ու միւս կողմը — հարիւր կանգուն։ Ներքին տաճարը, գաւիթին ներքնագաւիթները,

16

դրան սեմերը, 12վանդակապատ պատուհանները, եւ շուրջը եղող երեք յարկանի սիւնազարդ սրահները՝ սեմերուն դիմաց, ամէն կողմէ փայտէ բարակ տախտակներով պատուած էին՝ գետինէն մինչեւ պատուհանները. պատուհաններն ալ ծածկուած էին։

17

Մինչեւ մուտքին վերեւը, տան ներսն ու դուրսը, ամբողջ շրջակայ պատը՝ ներսէն եւ դուրսէն, ամէն ինչ շինուած էր չափերով։

18

Քերովբէներ ու արմաւենիներ 13քանդակուած էին, երկու քերովբէի մէջտեղ արմաւենի մը։ Իւրաքանչիւր քերովբէ երկու երես ունէր.

19

մէկ կողմը մարդու երես՝ ուղղուած դէպի արմաւենին, իսկ միւս կողմը առիւծի կորիւնի երես՝ դէպի արմաւենին։ Ամբողջ տան շուրջը այսպէս քանդակուած էր։

20

Յատակէն մինչեւ մուտքին վերեւը՝ քերովբէներ եւ արմաւենիներ քանդակուած էին, նաեւ տաճարին պատին վրայ։

21

Տաճարին դրանդիները քառակուսի էին. սրբարանի ճակատին երեւոյթն ալ անոր երեւոյթին պէս էր։


ՓԱՅՏԷ ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԸ

22

Փայտէ զոհասեղանը երեք կանգուն բարձր էր. երկայնքը երկու կանգուն էր։ Անոր անկիւնները, 14խարիսխն ու կողմերը փայտէ էին։ Մարդը ինծի ըսաւ. “Ա՛յս է Տէրոջ առջեւ եղող սեղանը”։


ԴՌՆԵՐԸ

23

Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։

24

Դռներէն իւրաքանչիւրը երկու փեղկ ունէր, երկու 15ծալուող փեղկ. մէկ դուռը երկու փեղկ ունէր, միւս դուռն ալ երկու փեղկ ունէր։

25

Անոնց վրայ, տաճարին դռներուն վրայ, քերովբէներ եւ արմաւենիներ քանդակուած էին՝ պատերուն վրայի քանդակուածին պէս։ Դուրսը՝ ներքնագաւիթին ճակատը փայտէ 16ամպհովանի մը կար։

26

Իսկ ներքնագաւիթին թեւերուն վրայ, տան կողմնակի սենեակներուն մէջ եւ ամպհովանիներուն վրայ վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային՝ մէկ կողմը եւ միւս կողմը։



1 Եբր.՝ ուսերուն
2 Եբր.՝ Անոր
3 Այսինքն՝ թեւերը
4 Եբր.՝ անգամ
5 Եբր.՝ մինչեւ անութ գացող
6 Եբր.՝ լայնքը
7 Եբր.՝ տուն
8 Եբր.՝ տեղին
9 Եբր.՝ Կտրուած
10 Եբր.՝ կառոյցին
11 Եբր.՝ կառոյցը
12 Կամ՝ ներսէն լայն՝ դուրսէն նեղ
13 Եբր.՝ շինուած
14 Եբր.՝ երկայնքն
15 Եբր.՝ դարձող
16 Կամ՝ աստիճաններ