Loading...

Ezekiel 42

Lamentations  «  Ezekiel 41  ‹  Ezekiel 42  ›  Ezekiel 43  »  Daniel


ԵՐԿՈՒ ՇԷՆՔԵՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄՕՏ

1

Յետոյ զիս դէպի հիւսիս գացող ճամբայով դուրս հանեց՝ արտաքին գաւիթը, ու տարաւ զատուած տեղին դիմաց եղող եւ դէպի հիւսիս նայող 1շէնքին առջեւի սենեակները։

2

Ասոնց հիւսիսային մուտքին ճակատին երկայնքը հարիւր կանգուն էր, ու լայնքը՝ յիսուն կանգուն։

3

Ներքին գաւիթին քսան կանգունին դիմաց, եւ արտաքին գաւիթին սալայատակին դիմաց, երեք յարկանի սիւնազարդ սրահներ կային՝ իրարու դիմաց։

4

Սենեակներուն առջեւ տասը կանգուն լայն ճեմուղի մը կար, ու դէպի ներս ճամբայ մը՝ 2հարիւր կանգուն։ Անոնց մուտքերը հիւսիսային կողմն էին։

5

Վերի սենեակները աւելի 3նեղ էին շէնքին ստորին եւ միջին սենեակներէն, որովհետեւ սիւնազարդ սրահները իրենցմէ տեղ կ’առնէին։

6

Արդարեւ անոնք երեք յարկանի էին, սակայն սիւներ չունէին գաւիթներու սիւներուն պէս. հետեւաբար աւելի կը նեղնային՝ քան ստորին ու միջին սենեակները, գետինէն սկսելով։

7

Սենեակներուն դիմաց, արտաքին գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւ եղող դուրսի ցանկապատին երկայնքը յիսուն կանգուն էր։

8

Արդարեւ արտաքին գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնքը յիսուն կանգուն էր, 4իսկ տաճարին առջեւ՝ հարիւր կանգուն։

9

Այս սենեակներուն տակէն մուտք մը կար՝ արեւելեան կողմէն, արտաքին գաւիթէն անոնց երթալու համար։

10

Գաւիթին ցանկապատին լայնքին մէջ՝ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին դիմաց սենեակներ կային։

11

Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար՝ դէպի հիւսիս նայող սենեակներուն երեւոյթին պէս, անոնց երկայնքով եւ լայնքով, անոնց բոլոր ելքերուն, անոնց ձեւերուն ու մուտքերուն համեմատ։

12

Նոյնպէս էին դէպի հարաւ նայող սենեակներուն մուտքերը. ճամբային գլուխը մուտք մը կար, այսինքն ցանկապատին առջեւի շիտակ ճամբային՝ արեւելեան ճամբային մուտքը։

13

Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային սենեակներն ու հարաւային սենեակները սուրբ սենեակներ են ուր, Տէրոջ մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները, հացի ընծան, մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանի որ այդ տեղը սուրբ է։

14

Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն արտաքին գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօն կատարելու հագուստները հոն պիտի թողուն, որովհետեւ անոնք սուրբ են. ուրի՛շ հագուստներ հագնելով պիտի մօտենան ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն»։


ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԵՐԸ

15

Երբ ներքին տունը չափելը աւարտեց, զիս դուրս հանեց՝ դէպի արեւելք նայող դուռը, ու 5շրջափակը ամէն կողմէ չափեց։

16

Արեւելեան կողմը չափի եղէգով չափեց.— հինգ հարիւր եղէգ, չափի եղէգով՝ ամէն կողմէ։

17

Հիւսիսային կողմն ալ չափեց.— հինգ հարիւր եղէգ, չափի եղէգով՝ ամէն կողմէ։

18

Հարաւային կողմն ալ չափեց.— հինգ հարիւր եղէգ, չափի եղէգով։

19

Արեւմտեան կողմը դարձաւ, եւ չափի եղէգով հինգ հարիւր եղէգ չափեց։

20

Զայն չորս կողմերէն չափեց. ան շուրջը պարիսպ մը ունէր՝ հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն, սրբարանը զատելու համար անսուրբ տեղերէն։



1 Եբր.՝ կառոյցին
2 Եբր.՝ մէկ
3 Եբր.՝ կարճ
4 Եբր.՝ եւ ահա՛
5 Եբր.՝ զայն