Loading...

Ezekiel 43

Lamentations  «  Ezekiel 42  ‹  Ezekiel 43  ›  Ezekiel 44  »  Daniel


ՏԷՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՏԱՃԱՐ

1

Յետոյ զիս դուռը տարաւ, դէպի արեւելք նայող դուռը,

2

եւ ահա՛ արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար. անոր ձայնը յորդառատ ջուրերու ձայնին պէս էր, ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։

3

Տեսած տեսիլքիս երեւոյթը նման էր այն տեսիլքին՝ որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին, ու երեսիս վրայ ինկայ։

4

Տէրոջ փառքը դէպի արեւելք նայող դրան ճամբայէն 1տաճարը մտաւ։

5

Հոգին զիս յափշտակեց ու ներքին գաւիթը տարաւ, եւ ահա՛ Տէրոջ փառքը տաճարը լեցուցած էր։

6

Ձայն մը լսեցի՝ որ տաճարէն ինծի կը խօսէր, (իմ քովս մարդ մը կայնած էր,)

7

ու ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, ահա՛ւասիկ գահիս տեղը եւ ոտքերուս ներբաններուն տեղը, ուր Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտենապէս պիտի բնակիմ։ Իսրայէլի տունը — իրենք ու իրենց թագաւորները — ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չաղարտեն իրենց պոռնկութիւններով եւ իրենց թագաւորներուն դիակներով՝ իրենց բարձր տեղերուն մէջ։

8

Արդարեւ իրենց սեմերը իմ սեմերուս մօտ դրին, ու իրենց դրանդին՝ իմ դրանդիներուս, այնպէս որ իմ եւ անոնց մէջտեղ միայն պատ մը կար։ Իրենց գործած գարշութիւններով իմ սուրբ անունս աղարտեցին. ես ալ իմ բարկութեամբս 2բնաջնջեցի զանոնք։

9

Հիմա ինձմէ թող հեռացնեն իրենց պոռնկութիւնը եւ իրենց թագաւորներուն դիակները, որ յաւիտենապէս անոնց մէջ բնակիմ։

10

«Դո՛ւն, մարդո՛ւ որդի, Իսրայէլի տան 3նկարագրէ՛ այս տաճարը. թող չափեն անոր 4յատակագիծը, որպէսզի խպնին իրենց անօրէնութիւններէն։

11

Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն խպնին, գիտցո՛ւր անոնց տաճարին կարգն ու սարքը, անոր ելքն ու մուտքը, ամբողջ կարգը, բոլոր կանոնները, (բոլոր կարգերը,) եւ բոլոր օրէնքները։ Գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէսզի անոր ամբողջ կարգն ու բոլոր կանոնները պահեն, եւ զանոնք գործադրեն։

12

Ա՛յս է տաճարին օրէնքը. անոր ամբողջ շրջակայ հողամասը ամենասուրբ պիտի ըլլայ լերան գագաթը. ահա՛ ա՛յս է տաճարին օրէնքը»։


ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԸ

13

«Ահա՛ւասիկ զոհասեղանին չափերը՝ կանգունով. (այս կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է.) խորքը՝ մէկ կանգուն պիտի ըլլայ, լայնքը՝ մէկ կանգուն, եւ անոր շրջագիծին եզերքը՝ ամէն կողմէ մէկ թիզ լայն. ասիկա պիտի ըլլայ զոհասեղանին 5հիմը։

14

Գետինին վրայ եղած խորքէն մինչեւ ստորին շրջանակը՝ երկու կանգուն պիտի ըլլայ, իսկ անոր լայնքը՝ մէկ կանգուն. պզտիկ շրջանակէն մինչեւ մեծ շրջանակը՝ չորս կանգուն պիտի ըլլայ, ու լայնքը՝ մէկ կանգուն։

15

6Զոհասեղանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ. 7զոհասեղանին կատարէն՝՝ վեր՝ չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։

16

Զոհասեղանին կատարը քառակուսի պիտի ըլլայ՝ տասներկու կանգուն երկայն, տասներկու կանգուն լայն. անոր չորս կողմերը հաւասար պիտի ըլլան։

17

Անոր չորս կողմերը եղող շրջանակը տասնչորս կանգուն երկայն ու տասնչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Անոր շուրջը եղող եզերքը կէս կանգուն պիտի ըլլայ, եւ անոր խորքին շրջագիծը՝ մէկ կանգուն։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի նային»։


ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԻՆ ՕԾՈՒՄԸ

18

Ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ւասիկ զոհասեղանին կանոնները, այն օրը՝ երբ զայն շինեն, անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու եւ արիւն սրսկելու համար։

19

Սադովկի զարմէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, (որոնք ինծի պաշտօն կատարելու համար ինծի պիտի մօտենան,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան,—) արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս՝ մեղքի պատարագի համար։

20

Անոր արիւնէն պիտի առնես, ու պիտի դնես զոհասեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ, շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ, եւ շուրջը եղող եզերքին վրայ. այսպէս զայն մեղքէ պիտի մաքրես եւ անոր համար քաւութիւն ընես։

21

Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես, ու սրբարանէն դուրս պիտի այրուի՝ տաճարին մէջ նշանակուած տեղը։

22

Երկրորդ օրը այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես՝ մեղքի պատարագի համար, ու զոհասեղանը մեղքէ պիտի մաքրեն՝ ինչպէս զուարակով մեղքէ մաքրեցին։

23

Երբ մեղքէ մաքրելը աւարտես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։

24

Զանոնք Տէրոջ առջեւ պիտի մօտեցնես, ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն, ու զանոնք Տէրոջ իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեն։

25

Եօթը օր մեղքի պատարագի համար նոխազ մը պիտի ընծայես՝ ամէն օր։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի ընծայեն, որոնք անարատ ըլլալու են։

26

Եօթը օր զոհասեղանին քաւութիւն պիտի ընեն, զայն պիտի մաքրեն ու նուիրեն։

27

Երբ այդ օրերը աւարտին, ութերորդ օրը եւ անկէ ետք քահանաները զոհասեղանին վրայ ձեր ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն, ես ալ ձեզի պիտի հաճիմ”, կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան»։



1 Եբր.՝ տունը
2 Եբր.՝ սպառեցի
3 Եբր.՝ ցուցո՛ւր
4 Եբր.՝ չափերը
5 Եբր.՝ կռնակը
6 Եբր.՝ Հարէլը, այսինքն՝ Աստուծոյ լեռը
7 Եբր.՝ արիէլէն, այսինքն՝ Աստուծոյ առիւծէն