Loading...

Ezekiel 44

Lamentations  «  Ezekiel 43  ‹  Ezekiel 44  ›  Ezekiel 45  »  Daniel


ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԴՐԱՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

1

Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող արտաքին դրան ճամբան վերադարձուց. ան գոց էր։

2

Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի 1մնայ. պիտի չբացուի, եւ ո՛չ մէկը անկէ պիտի մտնէ. արդարեւ անկէ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը մտաւ, ուստի գոց պիտի մնայ։

3

Ինչ կը վերաբերի իշխանին, ինք՝ իշխանը հոն պիտի նստի, Տէրոջ առջեւ հաց ուտելու համար։ Ան այս դրան ներքնագաւիթին ճամբայէն պիտի մտնէ, ու 2նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։


ՏԱՃԱՐԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

4

Զիս հիւսիսային դրան ճամբայէն տան առջեւ տարաւ, ու տեսայ թէ ահա՛ Տէրոջ փառքը լեցուցած էր Տէրոջ տունը. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։

5

Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարդո՛ւ որդի, 3ուշադրութի՛ւն դարձուր՝՝ եւ տե՛ս աչքերովդ. լսէ՛ ականջներովդ ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ Տէրոջ տան բոլոր կանոններուն եւ անոր բոլոր օրէնքներուն մասին։ Ուշադրութի՛ւն դարձուր տան մուտքին ու սրբարանին բոլոր ելքերուն,

6

եւ ըսէ՛ ըմբոստներուն՝ Իսրայէլի տան. “Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "Ա՛լ ձեզի բաւական են ձեր բոլոր գարշութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տունը.

7

դուք սիրտով անթլփատ ու մարմինով անթլփատ օտարազգիներ բերիք, որ իմ 4սրբարանս մտնեն եւ՝՝ իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս — ճարպն ու արիւնը — կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր գարշութիւններէն զատ՝ անոնք իմ ուխտս խզեցին։

8

Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւնը չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ 5ձեր տեղը՝՝ օտար պահապաններ նշանակեցիք իմ պաշտօնիս վրայ"”»։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵՆԷ

9

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սիրտով անթլփատ ու մարմինով անթլփատ ո՛չ մէկ օտարազգի պիտի մտնէ իմ սրբարանս։

10

Իսկ այն Ղեւտացիները՝ որ ինձմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան — անոնք ինձմէ մոլորելով իրենց չաստուածներուն հետեւեցան —, իրենց անօրէնութեան պատիժը պիտի կրեն։

11

Սակայն իմ սրբարանիս մէջ պիտի սպասարկեն՝ տան դռներուն վրայ նշանակուելով, ու 6տաճարին պաշտօնը կատարելով. ժողովուրդին համար ողջակէզներն ու զոհերը պիտի մորթեն, եւ անոնց առջեւ պիտի կայնին՝ անոնց սպասարկելու համար։

12

Քանի անոնց չաստուածներուն առջեւ անոնց համար պաշտօն կատարեցին, ու գայթակղութեան եւ անօրէնութեան պատճառ եղան Իսրայէլի տան, իրենց վրայ իմ ձեռքս բարձրացուցի,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան.— իրենց անօրէնութեան պատիժը պիտի կրեն։

13

Ինծի պիտի չմօտենան՝ ինծի քահանայութիւն կատարելու համար, ո՛չ ալ պիտի մօտենան իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս, հապա պիտի կրեն իրենց նախատինքն ու իրենց գործած գարշութիւններուն պատիժը։

14

Սակայն զանոնք տան պաշտօնին վրայ պահապան պիտի կարգեմ՝ անոր ամբողջ ծառայութեան եւ անոր մէջ ըլլալիք բոլոր գործերուն համար»։


ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

15

«Բայց Ղեւտացի քահանաները՝ Սադովկի որդիները, որ իմ սրբարանիս պաշտօնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինձմէ մոլորեցան, անո՛նք ինծի պիտի մօտենան՝ ինծի պաշտօն կատարելու համար, եւ անո՛նք իմ առջեւս պիտի կայնին՝ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

16

Անո՛նք իմ սրբարանս պիտի մտնեն, անո՛նք ինծի սպասարկելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս, եւ իմ պաշտօնս պիտի կատարեն։

17

Երբ ներքին գաւիթին դռներէն մտնեն՝ վուշէ հագուստներ պիտի հագնին. իրենց վրայ բուրդ պիտի 7չկրեն երբ պաշտօն կատարեն ներքին գաւիթին դռներուն ու տաճարին մէջ։

18

Իրենց գլուխին վրայ վուշէ խոյրեր թող ունենան, եւ իրենց մէջքը՝ վուշէ անդրավարտիքներ. քրտնցնող հագուստով թող չգօտեւորուին։

19

Երբ դուրս ելլեն արտաքին գաւիթը՝ ժողովուրդին երթալու, 8իրենց պաշտօն կատարելու հագուստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն, եւ ուրիշ հագուստներ հագնին, որպէսզի իրենց հագուստներով ժողովուրդը չսրբացնեն։

20

Իրենց գլուխը թող չածիլեն, ո՛չ ալ գանգուրները երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճցնեն։

21

Ո՛չ մէկ քահանայ գինի պիտի խմէ՝ երբ ներքին գաւիթը մտնէ։

22

Այրին կամ վռնտուածը իրենց կին թող չառնեն. հապա Իսրայէլի տան զարմէն եղող կոյսը առնեն, կամ քահանայէ մը այրի մնացած կինը։

23

Իմ ժողովուրդիս պիտի սորվեցնեն սուրբը անսուրբէն զանազանել, եւ անոնց գիտցնեն անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը։

24

Դատավարութեան մէջ անո՛նք 9դատաւոր պիտի ըլլան՝՝, եւ իմ դատավճիռներուս համաձայն պիտի դատեն։ Իմ բոլոր հանդիսաւոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն, եւ Շաբաթներս սրբացնեն։

25

Մեռած մարդու քով պիտի չերթան՝ որ անմաքուր չըլլան. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ որդիի, կամ աղջիկի, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ համար կրնան անմաքուր ըլլալ։

26

Անոր մաքրուելէն ետք՝ եօթը օր պիտի հաշուեն իրեն համար։

27

Ան սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար սրբարանը — ներքին գաւիթը — մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը պիտի մատուցանէ», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։

28

Այս պաշտօնը անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. ե՛ս եմ անոնց ժառանգութիւնը։ Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք. ե՛ս եմ անոնց կալուածը։

29

Հացի ընծան, մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը անո՛նք պիտի ուտեն. Իսրայէլի մէջ ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։

30

Ամէն ինչի բոլոր երախայրիքներուն առաջինը քահանային պիտի ըլլայ, նաեւ ձեր բոլոր բարձրացնելիք ընծաներէն՝ ամէն տեսակ բարձրացնելիք ընծայ։ Ձեր խմորին երախայրիքը քահանային պիտի տաք, որպէսզի ձեր տան վրայ օրհնութիւն հանգչի։

31

Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազանէ բզքտուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ թէ անասուն»։



1 Եբր.՝ ըլլայ
2 Եբր.՝ անոր, այսինքն՝ ներքնագաւիթին
3 Եբր.՝ դի՛ր սիրտիդ մէջ
4 Եբր.՝ սրբարանիս մէջ ըլլան եւ զայն
5 Եբր.՝ ձեզի համար
6 Եբր.՝ տան
7 Եբր.՝ չելլէ
8 Եբր.՝ երթալու արտաքին գաւիթը
9 Եբր.՝ պիտի կենան դատելու