Loading...

Ezekiel 45

Lamentations  «  Ezekiel 44  ‹  Ezekiel 45  ›  Ezekiel 46  »  Daniel


ԵՐԿՐԷՆ ՏԷՐՈՋ ԲԱԺԻՆԸ

1

«Երբ երկիրը իբր ժառանգութիւն վիճակով բաժնէք, երկրէն Տէրո՛ջ մատուցանեցէք — իբր բարձրացնելիք ընծայ — սրբացուած բաժին մը՝ քսանհինգ հազար եղէգ երկայնքով ու տասը հազար լայնքով. ասիկա իր 1ամբողջ հողամասին վրայ՝՝ սուրբ պիտի ըլլայ։

2

Ասկէ քառակուսի շրջագիծով մաս մը սրբարանին պիտի 2յատկացուի, հինգ հարիւր երկայնքով եւ հինգ հարիւր լայնքով. անոր շուրջը յիսուն կանգունի գօտի մը պիտի ըլլայ։

3

Այս 3չափով պիտի չափես երկայնքը՝ քսանհինգ հազար, ու լայնքը՝ տասը հազար. անոր մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ Սրբութիւններու սրբութիւնը։

4

Երկրին այս սրբացուած բաժինը Տէրոջ պաշտօն կատարելու համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն՝ քահանաներուն պիտի ըլլայ. ան տեղ մը պիտի ըլլայ անոնց տուներուն համար, եւ սուրբ տեղ մը՝ սրբարանին համար։

5

«4Տաճարին պաշտօնը կատարող Ղեւտացիները քսանհինգ հազար երկայնքով ու տասը հազար լայնքով կալուած մը պիտի ունենան, նաեւ՝ քսան մթերանոց։

6

«Նաեւ հինգ հազար լայնքով եւ քսանհինգ հազար երկայնքով քաղաքի կալուա՛ծ մը 5յատկացուցէք՝ սրբացուած բաժինին — բարձրացնելիք ընծային — 6քով. ասիկա ամբողջ Իսրայէլի տան համար պիտի ըլլայ»։


ԻՇԽԱՆԻՆ ԲԱԺԻՆԸ

7

«Իշխանի՛ն ալ բաժին մը յատկացուցէք՝ սրբացուած բաժինին — բարձրացնելիք ընծային — ու քաղաքի կալուածին մէկ կողմը եւ միւս կողմը, սրբացուած բաժինին — բարձրացնելիք ընծային — դիմաց ու քաղաքի կալուածին դիմաց, արեւմտեան կողմէն՝ դէպի արեւմուտք, եւ արեւելեան կողմէն՝ դէպի արեւելք. երկայնքը միւս բաժիններէն մէկուն հետ 7հաւասար պիտի ըլլայ՝ արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը։

8

Երկրէն ասիկա անոր կալուած պիտի ըլլայ Իսրայէլի մէջ. իմ իշխաններս անգա՛մ մըն ալ իմ ժողովուրդս պիտի չկեղեքեն, ու մնացած երկիրը Իսրայէլի տան պիտի տան՝ իրենց տոհմերուն համեմատ»։


ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԻՇԽԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

9

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ա՛լ բաւական է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Բռնութիւնն ու զրկանքը հեռացուցէ՛ք, եւ իրաւո՛ւնք ու արդարութի՛ւն կիրարկեցէք։ Իմ ժողովուրդէս վերցուցէ՛ք ձեր հարկադրանքները,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

10

Ձեր կշիռքները ճիշդ ըլլան, ձեր արդուն՝ ճիշդ, եւ ձեր մարը՝ ճիշդ։

11

Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէսզի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ, եւ արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը. քոռին համեմատ պիտի ըլլայ անոնց չափը։

12

Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ. ձեր մնասը քսան սիկղ, առաւել քսանհինգ սիկղ, առաւել տասնհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։

13

«Ահա՛ւասիկ ձեր մատուցանելիք բարձրացնելիք ընծան.— ցորենի քոռէն՝ արդուին մէկ վեցերորդը, ու գարիի քոռէն՝ արդուին մէկ վեցերորդը։

14

Ահա՛ւասիկ իւղին կանոնը.— իւղի մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն՝ ամէն խոմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, որովհետեւ տասը մարը մէկ խոմէր է։

15

Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբր հացի ընծայ, ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէսզի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ,— կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։—

16

Երկրին ամբողջ ժողովուրդը այս բարձրացնելիք ընծան Իսրայէլի մէջ իշխան եղողին տալու պարտաւոր պիտի ըլլայ։

17

Տօներուն, 8ամսագլուխներուն ու Շաբաթներուն մէջ, Իսրայէլի տան բոլոր հանդիսութիւններուն մէջ՝ իշխա՛նը պիտի հայթայթէ ողջակէզները, հացի ընծան եւ թափելիք նուէրները։ Ի՛նք պիտի ընծայէ մեղքի պատարագը, հացի ընծան, ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը Իսրայէլի տան քաւութիւն ընելու համար»։


ՏՕՆԵՐԸ (Ելք. 12. 1-20։ Ղեւ. 23. 33-43)

18

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը՝ արջառներէն անարա՛տ զուարակ մը առ եւ մեղքէ՛ մաքրէ սրբարանը։

19

Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ ու քսէ տան դրանդիներուն վրայ, զոհասեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ, եւ ներքին գաւիթին դրան դրանդիներուն վրայ։

20

Ամսուան եօթներորդ օրն ալ ա՛յդպէս ըրէ սխալած մարդուն կամ միամիտին համար, որպէսզի տան համար քաւութիւն ընէք»։

21

Առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը ձեզի Զատիկ պիտի ըլլայ. եօթը օր տօն պիտի կատարուի եւ բաղարջ ուտուի։

22

Այդ օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին ամբողջ ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի ընծայէ իբր մեղքի պատարագ։

23

Տօնին եօթը օրերը Տէրոջ ողջակէզ պիտի ընծայէ.— եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ ամէն օր, այդ եօթը օրերը. իսկ այծերէն մէկ նոխազ՝ ամէն օր, իբր մեղքի պատարագ։

24

Իւրաքանչիւր զուարակի համար մէկ արդու պիտի ընծայէ, իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ, եւ իւրաքանչիւր արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։

25

Եօթներորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը, տօնին ատենը՝ նոյնպէս պիտի ընծայէ եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին նման։



1 Եբր.՝ շրջակայ բոլոր սահմաններուն մէջ
2 Եբր.՝ ըլլայ
3 Կամ՝ չափին համեմատ
4 Եբր.՝ Տան
5 Եբր.՝ տուէք
6 Այսինքն՝ զուգահեռաբար
7 Եբր.՝ դիմաց
8 Եբր.՝ նոր լուսիններուն