Loading...

Ezekiel 46

Lamentations  «  Ezekiel 45  ‹  Ezekiel 46  ›  Ezekiel 47  »  Daniel


ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ՏՕՆԵՐԸ

1

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլայ. իսկ Շաբաթ օրը պիտի բացուի, նաեւ ամսագլուխին օրը պիտի բացուի։

2

Իշխանը արտաքին դրան ներքնագաւիթին ճամբայէն պիտի մտնէ, եւ դրան դրանդիներուն քով պիտի կայնի. քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի ընծայեն, եւ ան դրան սեմին վրայ պիտի երկրպագէ, ու դուրս ելլէ. այդ դուռը մինչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։

3

Երկրին ժողովուրդը Տէրոջ առջեւ այս դրան մուտքին մէջ պիտի երկրպագէ Շաբաթ օրերը եւ ամսագլուխները։

4

«Իշխանին Շաբաթ օրը Տէրոջ մատուցանելիք ողջակէզը՝ վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ պիտի ըլլայ։

5

Խոյին համար՝ հացի ընծան մէկ արդու պիտի ըլլայ. գառներուն համար՝ իր ձեռքին պարգեւին չափ պիտի տայ իբր հացի ընծայ, եւ մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։

6

Իսկ ամսագլուխին օրը՝ արջառներէն անարատ զուարակ մը, վեց գառ ու մէկ խոյ պիտի մատուցանէ. անոնք անարատ պիտի ըլլան։

7

Զուարակին համար մէկ արդու պիտի մատուցանէ իբր հացի ընծայ, խոյին համար՝ մէկ արդու, իսկ գառներուն համար՝ իր ձեռքին հասնելու կարողութեան համեմատ, եւ մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։

8

«Երբ իշխանը գայ՝ դրան ներքնագաւիթին ճամբայէն թող մտնէ, ու նոյն ճամբայէն ելլէ։

9

Իսկ երբ երկրին ժողովուրդը Տէրոջ առջեւ գայ՝ հանդիսաւոր տօներուն, երկրպագելու համար հիւսիսային դրան ճամբայէն մտնողը՝ հարաւային դրան ճամբայէն թող ելլէ, եւ հարաւային դրան ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրան ճամբայէն թող ելլէ. թող չվերադառնայ մտած դրան ճամբայէն, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլէ։

10

Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ, եւ անոնց ելած ատենը անոնց հետ ելլէ։

11

«Տօներուն եւ հանդիսութիւններուն մէջ՝ հացի ընծան զուարակին համար մէկ արդու պիտի ըլլայ, խոյին համար՝ մէկ արդու, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքին պարգեւին չափ. նաեւ մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ պիտի տայ։

12

Եթէ իշխանը յօժարակամ ողջակէզ մը կամ յօժարակամ խաղաղութեան զոհ մը ընծայէ Տէրոջ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան անոր. ան իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը թող ընծայէ՝ ինչպէս Շաբաթ օրը կ’ընէ, ապա դուրս ելլէ. անոր ելլելէն ետք դուռը թող գոցեն»։


ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՈՂՋԱԿԷԶԸ

13

«Ամէն օր մէ՛կ տարեկան անարատ գառ մը ընծայէ Տէրոջ՝ իբր ողջակէզ. զայն ամէ՛ն առտու ընծայէ։

14

Անոր հետ՝ ամէն առտու արդուին մէ՛կ վեցերորդը մատուցանէ իբր հացի ընծայ, եւ մէկ երրորդ հիմէն իւղ՝ նաշիհը 1շաղելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջ մշտատեւ հացի ընծայ պիտի ըլլայ։

15

Գառը, հացի ընծան ու իւղը ամէ՛ն առտու թող ընծայեն՝ իբր մշտատեւ ողջակէզ»։


ԻՇԽԱՆԸ ԵՒ ԿԱԼՈՒԱԾԸ

16

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, 2ատիկա իր որդիին ժառանգութիւնը՝՝ պիտի ըլլայ. ատիկա անոնց ժառանգական կալուածը պիտի ըլլայ։

17

Իսկ եթէ իր ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, ատիկա անոր պիտի պատկանի մինչեւ ազատագրութեան տարին. յետոյ իշխանին պիտի վերադառնայ, որովհետեւ 3իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։

18

Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն ոչինչ պիտի առնէ, զանոնք իրենց կալուածէն 4զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն ժառանգութիւն թող տայ իր որդիներուն, որպէսզի իմ ժողովուրդէս ո՛չ մէկը իր կալուածէն 5հեռանայ»։


ՏԱՃԱՐԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑՆԵՐԸ

19

Ապա զիս դրան քով եղող մուտքէն տարաւ քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները, եւ ահա՛ հոն տեղ մը կար, ետեւի կողմը՝ դէպի արեւմուտք։

20

Ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն եւ հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ արտաքին գաւիթը չհանեն ու ժողովուրդը չսրբացնեն»։

21

Յետոյ զիս դուրս հանեց՝ արտաքին գաւիթը, գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց, եւ ահա՛ գաւիթին իւրաքանչիւր անկիւնը բակ մը կար։

22

Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ՝ քառասուն կանգուն երկայնքով ու երեսուն լայնքով 6փակ բակեր կային. չորս անկիւններուն բակերը միեւնոյն չափը ունէին։

23

Անոնց չորսին շուրջը՝ զիրենք շրջապատող 7պատ մը կար, եւ այդ պատին տակ՝ բոլորաձեւ շարուած եփարաններ շինուած էին։

24

Ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնը կատարողները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։



1 Եբր.՝ թրջելու
2 Եբր.՝ ատոր ժառանգութիւնը իր որդիներուն
3 Այսինքն՝ իշխանին
4 Եբր.՝ կեղեքելով
5 Եբր.՝ ցրուի
6 Կամ՝ փոքր
7 Եբր.՝ քարերու կարգ