Loading...

Ezekiel 47

Lamentations  «  Ezekiel 46  ‹  Ezekiel 47  ›  Ezekiel 48  »  Daniel


ՏԱՃԱՐԷՆ ՀՈՍՈՂ ՋՈՒՐԵՐԸ

1

Յետոյ զիս 1տաճարին մուտքը վերադարձուց, եւ ահա՛ տաճարին սեմին տակէն ջուրեր դուրս կ’ելլէին դէպի արեւելք, քանի որ տաճարին ճակատը դէպի արեւելք ուղղուած էր. ջուրերը տաճարին աջ 2թեւին տակէն՝ զոհասեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։

2

Զիս հիւսիսային դրան ճամբայէն դուրս հանեց, ու դուրսի ճամբայէն դառնալ տուաւ դէպի արտաքին դուռը՝ արեւելք նայող ճամբայէն. եւ ահա՛ ջուրեր կը հոսէին աջ թեւէն։

3

Այն մարդը՝ որ իր ձեռքը լար ունէր, դուրս ելաւ՝ դէպի արեւելք, ու հազար կանգուն չափեց, եւ զիս ջուրերէն անցուց. ջուրերը մինչեւ ոտքերուս կոճերը կը հասնէին։

4

Հազար կանգուն եւս չափեց, ու զիս ջուրերէն անցուց. ջուրերը մինչեւ ծունկերս կը հասնէին։ Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց. ջուրերը մինչեւ մէջքս կը հասնէին։

5

Դարձեալ հազար կանգուն չափեց, բայց այնպիսի 3գետ մը եղած էր՝ որ չէի կրնար անցնիլ, որովհետեւ ջուրերը յորդեր էին. պէտք էր որ լողայի ջուրերուն մէջ, անանցանելի գետ եղած էին։

6

Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, մարդո՛ւ որդի». ապա զիս տարաւ ու գետին եզերքը վերադարձուց։

7

Երբ վերադարձայ, ահա՛ գետին եզերքը յոյժ շատ ծառեր կային, մէկ կողմը եւ միւս կողմը։

8

Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը դուրս կ’ելլեն դէպի արեւելեան շրջանը, անապատը կ’իջնեն ու 4ծովը կը հասնին, եւ 5ծովուն ջուրերուն խառնուելով զանոնք՝՝ կը բուժեն։

9

6Գետը ուր որ հասնի՝ բոլոր շնչաւոր կենդանիներն ու զեռունները պիտի ապրին. ձուկերը չափազանց առատ պիտի ըլլան, որովհետեւ այս ջուրերը հոն պիտի հասնին, եւ 7ծովուն ջուրերը՝՝ պիտի բուժուին. ո՛ւր որ գետը հասնի՝ ամէն ինչ պիտի ապրի։

10

Անոր ափերուն վրայ ձկնորսներ պիտի կայնին՝ Ենգադդիէն մինչեւ Ենեգլայիմ. հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Անոնց ձուկերը 8բազմատեսակ պիտի ըլլան, 9մեծ ծովուն ձուկերուն պէս՝ չափազանց շատ։

11

Բայց անոր 10ճախճախուտներն ու ճահիճները պիտի չբուժուին. անոնք աղ ունենալու պիտի 11յատկացուին։

12

Գետին քով, անոր եզերքը, մէկ կողմը եւ միւս կողմը՝ ամէն տեսակ 12պտղատու ծառեր պիտի աճին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս 13նոր պտուղ՝՝ պիտի տան, որովհետեւ անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն. անոնց պտուղը ուտելիքի համար պիտի ըլլայ, ու տերեւը՝ դարմանումի»։


ԵՐԿՐԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

13

Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ւասիկ սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք՝ Իսրայէլի տասներկու տոհմերուն համեմատ։ (Յովսէփ երկու բաժին պիտի ունենայ։)

14

Զայն 14բոլորդ ալ՝՝ պիտի ժառանգէք. անոր համար 15իմ ձեռքս բարձրացուցի՝՝ որ զայն ձեր հայրերուն տամ. ա՛յս երկիրը ձեզի պիտի վիճակուի իբր ժառանգութիւն։

15

Ահա՛ւասիկ երկրին սահմանները.— հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան — որ Սեդադ կ’երթայ —, Եմաթ,

16

Բերոթա, Սեբրայիմ — որ Դամասկոսի հողամասին ու Եմաթի հողամասին միջեւ է —, մինչեւ Աւրանի հողամասին քով եղող Ասեր-Աթթիքոնը։

17

Այսպէս՝ երկրին սահմանը 16կ’երկարի ծովէն մինչեւ Ասար-Ենան, Դամասկոսի հողամասը, եւ հիւսիսային կողմը՝ դէպի հիւսիս՝ Եմաթի հողամասը. ասիկա հիւսիսային կողմն է։

18

Արեւելեան կողմը՝ Աւրանի, Դամասկոսի, Գաղաադի եւ Իսրայէլի երկրին միջեւ պիտի չափէք. Յորդանանը պիտի ըլլայ սահմանը՝ մինչեւ արեւելեան ծովը. ասիկա արեւելեան կողմն է։

19

Դէպի հարաւ՝ հարաւային կողմը կ’երկարի Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը՝ Կադէսի մէջ, ու կը հասնի մինչեւ մեծ ծովը թափուող վտակը. ասիկա հարաւային կողմն է՝ դէպի հարաւ։

20

Արեւմտեան կողմը մեծ ծովը պիտի ըլլայ, հարաւային սահմանէն մինչեւ Եմաթի մուտքին դիմաց. ասիկա արեւմտեան կողմն է։

21

«Այս երկիրը ձեր մէջ պիտի բաժնէք՝ Իսրայէլի տոհմերուն համեմատ։

22

Զայն վիճակով պիտի բաժնէք իբր ժառանգութիւն՝ թէ՛ ձեզի, թէ՛ ալ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականներուն համար, որոնք ձեր մէջ որդիներ պիտի ծնանին։ Անոնք ձեզի բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ. անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի տոհմերուն մէջ։

23

Այն տոհմին մէջ ուր գաղթականը պանդխտացած է, հոն անոր պիտի տաք իր ժառանգութիւնը», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։



1 Եբր.՝ տան
2 Եբր.՝ ուսին
3 Եբր.՝ վտակ
4 Այսինքն՝ Մեռեալ ծովը
5 Եբր.՝ ծովը դուրս ելլելով՝ անոր ջուրերը
6 Կամ՝ Երկու գետերը
7 Եբր.՝ անոնք
8 Եբր.՝ իրենց տեսակին համեմատ
9 Այսինքն՝ Միջերկրական
10 Եբր.՝ տիղմերն
11 Եբր.՝ տրուին
12 Եբր.՝ ուտելիքի
13 Եբր.՝ երախայրիք
14 Եբր.՝ մէկը իր եղբօր պէս
15 Այսինքն՝ երդում ըրի
16 Եբր.՝ պիտի ըլլայ